Երէկ հրապարակուած է «Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մէջ յառաջացած ճգնաժամի եւ լուծման ուղիներուն մասին» զեկուցումը: Անիկա կազմուած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յանձնարարութեամբ, որ անցեալ տարուընէ կը փորձէ գահէն հեռացնել Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը` ներկայացնելով շարք մը լուրջ մեղադրանքներ:
Վարչապետի աշխատակազմին մաս կազմող Հանրային կապերու եւ տեղեկատուութեան կեդրոնին զեկուցումը կ՛առաջարկէ ճգնաժամի յաղթահարման հինգ քայլէ բաղկացած ճամբու քարտէս.
1.- Բարենորոգման օրակարգի վերայստակացում եւ հանրահռչակում,
2.- Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ փաստացի պետի հեռացումը (հանգստեան կոչուիլը),
3.- Կաթողիկոսական տեղապահի ընտրութիւն,
4.- Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ միասնական կանոնադրութեան ընդունումը,
5.- Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ընտրութիւն:
«Սոյն զեկուցումը չի վիճարկեր եկեղեցւոյ դաւանաբանական հիմքերը, սրբազան աւանդութիւնը եւ կանոնական կարգը: Հակառակը` ան կը փաստագրէ նոյնինքն այդ հիմքերու խախտումները` ի պաշտպանութիւն եկեղեցւոյ ինքնութեան եւ ինքնավարութեան», նշուած է յայտարարութեան մէջ:
Զեկուցումին մէջ փաստագրուած են 16 կէտեր, որոնցմով, ըստ գործադիր իշխանութեան, կ՛արտայայտուի ճգնաժամը:
Անոնց շարքին են.
- . կուսակրօնութեան ուխտի խախտումը եւ բարեվարքութեան խախտումներու անպատժելիութիւնը,
- հոգեւորականներու կամայական հետապնդումները եւ կարգալուծութիւնները,
- ֆինանսական անթափանցիկութիւնը եւ եկեղեցապատկան գոյքի ոչ նպատակային օգտագործումը,
- ազգակցական ձեռնադրութիւնները եւ խմբակային կառավարումը,
- Սուրբ խորանի քաղաքականացումը եւ արտաքին ազդեցութիւններու տարածումը,
- Ազգային-եկեղեցական ժողովի 27-ամեայ խափանումը եւ միասնական Սահմանադրութեան բացակայութիւնը,
- պառակտումները սփիւռքի թեմերուն մէջ:
Այս զեկուցումին մէջ կը ներկայացուին նաեւ պնդումներ, որոնց շարքին` հոգեւորականներու սեռային կեանքին վերաբերեալ մանրամասնութիւններ, որոնք հիմնականին մէջ հիմնուած են Գարեգին Բ. կաթողիկոսէն տարբեր պատճառներով դժգոհ տարբեր հոգեւորականներու հարցազրոյցներուն վրայ: Թէեւ Առաքելական եկեղեցին իր տնօրինած գոյքին բերումով Հայաստանի մեծ հարկատուներէն է, սակայն զեկուցումին մէջ նաեւ ծաւալուն անդրադարձ կայ ֆինանսական թափանցիկութեան խնդիրներուն:
Մայր Աթոռը Կը հակադարձէ
Մայր աթոռ Սուրբ Էջմիածինը յայտարարեց, որ «կառավարութեան կողմէ հրապարակուած Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ մասին այսպէս կոչուած զեկուցումը իր բովանդակութեան եւ ձեւին մէջ հակասահմանադրական է, հակականոնական եւ անօրինական»:
«Պետական միջոցներու մսխումով` ընկերային ցանցերու եւ լրատուամիջոցներու մէջ հրապարակուած մեղադրանքներու ու յերիւրանքներու հիման վրայ շարադրուած «զեկուցումը» դրսեւորումն է քաղաքական հաշուեյարդարի, քինախնդրութեան եւ եկեղեցւոյ ներքին կեանքին դատապարտելի միջամտութեան», կը պնդէ Մայր աթոռը:
«Եկեղեցւոյ տկարացման, եկեղեցականութեան հեղինակազրկման համար որդեգրուած սոյն դատապարտելի քաղաքականութիւնը երբեք չի կրնար ծառայել հայրենիքի եւ աշխարհասփիւռ մեր ժողովուրդի բարիքին, միասնականութեան ամրապնդման, առաւել եւս արտաքին անվտանգային սպառնալիքներու յանդիման` առկայ փորձութիւնների դիմագրաւմանը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:


