Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Մի՛ Ուրանար» Կարգախօսով Ջահերով Երթ` Դէպի Ծիծեռնակաբերդ

Ապրիլ 26, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23 ապրիլին` Հայոց ցեղասպանութեան 110-ամեակի նախօրէին, Երեւանի Հանրապետութեան հրապարակէն սկսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւններուն նախաձեռնած աւանդական ջահերով երթը, որ այս տարի «Մի՛ ուրացիր. զա՛րկ, երբ հալածում են քեզ» կարգախօսը ունէր:

Նախքան երթին մեկնարկը, ՀՅԴ-ի անդամ Սեւակ Նազարեան յայտարարեց հետեւեալը. «110 տարի շարունակ աշխարհին կ՛ըսենք ճշմարտութիւնը, որ ոճիրը եղած է, ու անիկա երբեք պիտի չմոռցուի: Մենք կանգնած ենք այս հրապարակին մէջ ոչ թէ իբրեւ զոհ, այլ ապացոյց այն բանի, որ Թուրքիան ձախողած է: 110 տարի առաջ անոնք կը մտածէին, թէ կը վերացնեն մեզ, կը ջնջեն մեր հետքը պատմութենէն, բայց  հիմա այս հրապարակին մէջ կանգնած հայ երիտասարդը ամէնէն զօրեղ վկայութիւնն է այդ ձախողութեան: Ջահերով այս երթը արդարութեան համար շարունակուող պայքարի խորհրդանիշն է»:

Ելոյթներ ունեցան ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի անդամ Գեղամ Մանուկեան եւ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան վարչութեան ներկայացուցիչ Ժորա Աւդալեան:

«Այսօր մենք կանգնած ենք այս հրապարակին մէջ իբրեւ մէկ ազգ, մէկ ձայն, մէկ անկոտրում կամք. մեր ջահերուն վառ կրակներով, մեր անկոտրում կամքով: Սա յիշողութեան մոմավառութեան վայր չէ, այլ պահանջի կրակահերթ: Այս ջահերը, որ մեր ձեռքերուն մէջ են, լոյս չեն միայն: Անոնք կրակներ են` մեր նախնիներու յիշողութիւնը յաւերժացնող: Անոնք 1,5 միլիոն սպաննուած հայերու ոգիի կրակն են` Մեծ եղեռնի դժոխքէն: Մենք այստեղ ենք` իբրեւ անոնց ժառանգորդները, որոնք չեն մոռնար, չեն լռեր», իր խօսքին մէջ ըսաւ Մանուկեան:

Ժորա Աւդալեան իր կարգին շեշտեց, որ հրապարակին վրայ համախմբուած երիտասարդները ոչ թէ զոհ են, այլ սերունդ մը, որ կ՛ապացուցէ, թէ Թուրքիան ձախողած է:

«Մենք յստակ ուղերձ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ իշխանութիւններուն, որ մեր պայքարը պիտի չմարի, մենք պիտի հասնինք մեր նպատակի վերջնակէտին, որովհետեւ ատիկա մեր կեանքի իմաստն է: Մենք կոչ կ՛ուղղենք Թուրքիոյ երիտասարդութեան` եթէ դուք չստիպէք ձեր իշխանութիւններուն ընդունիլ Ցեղասպանութիւնը, ատոր պատասխանատուութիւնը պիտի կրէք նաեւ դուք: Համոզուած եղէք, հայ երիտասարդութեան մէջ կրկին պիտի ըլլան Սողոմոն Թեհլիրեաններ եւ Արշաւիր Շիրակեաններ», յայտնեց ան:

Երթին մասնակցողները Հանրապետութեան հրապարակին վրայ այրեցին Թուրքիոյ եւ Ազրպէյճանի դրօշները, ապա «Պայքար, պայքար» վանկարկումներով ու պահանջատիրական կոչերով ուղղուեցան դէպի Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիր: Անոնք բարձրացուցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութեան, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչցած երկիրներու դրօշները: Անոնց ձեռքին կային նաեւ Արեւմտեան Հայաստանի եւ Արցախի բնակավայրերու անուններով ցուցանակներ:

Երթին մասնակցողները Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգեցին Ցեղասպանութեան առաւել քան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը եւ ծաղիկներ զետեղեցին անմար կրակին շուրջ:

Նախորդը

Թրամփ Չօգտագործեց «Ցեղասպանութիւն» Եզրը

Յաջորդը

ԼԵՄ-ականներու, ԶՈՄ-ականներու Եւ Պատանիներու Բողոքի Ցոյց` «Ո՛Չ Շարունակուող Ցեղասպանութեան. Մասնակցէ՛ Արդարութեան Համար» Կարգախօսով

RelatedPosts

‎ԿՈՉ
Գաղութային

ԿՈՉ

Մայիս 17, 2025
Լիբանանի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական  Ընտրութիւններ-2025
Գաղութային

Վաղը` Պէյրութի Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւնները

Մայիս 17, 2025
Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր  Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է,  Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»
Գաղութային

Բագրատունի. «Շրջանին Մէջ Ընդհանուր Հանդարտութիւնը Նաեւ Հայերուն Համար Անհրաժեշտ Է, Որպէսզի Մենք Ալ Կարենանք Վերագտնել Մեր Ուժերը»

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?