Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պէյրութը Բոլոր Համայնքներուն Մայրաքաղաքն Է

May 14, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեռնալիբանանի մէջ կայացած քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն ձեռք բերուած արդիւնքներէն ետք, Պեքայի ընտրութիւններուն ընդառաջ Այնճարի հայութիւնը հերթական անգամ իր բացարձակ վստահութիւնը վերահաստատեց Դաշնակցութեան կողմէ առաջադրուած թեկնածուներուն նկատմամբ, որոնք ընտրուած նկատուեցան առ ի չգոյէ մրցակից ցանկերու կամ թեկնածուներու: Եւ ասիկա` առայժմ քաղաքապետական մակարդակով:

Հանգուցաւոր դրուածքի մէջ է Պէյրութը: Պէյրութի առաջնային ընտրազանգուածը սիւննի համայնքն է, որ համայնքային-քաղաքական մէկ կեդրոնի նախկին դրութիւնը չունի: Խմբաւորումներ, հատուածներ, հոսանքներ առանձնաբար ցանկեր կը կազմեն:

Քրիստոնէական ուժերու դաշտը, յատկապէս Դաշնակցութեան նախաձեռնութիւններով միաւորուած է մէկ ցանկի շուրջ: Նոյնը նաեւ հայկական գետնի վրայ, ուր քաղաքապետական խորհուրդի թէ թաղապետներու թեկնածուներու միացեալ ցանկ կազմուած է :

Քրիստոնայ ուժերու այս համախմբումը սակայն բաւարար չէ վճռելու ընտրական արդիւնքները: Կայ հաւանականութիւն Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի թէ թաղապետներու ընդհանուր դիմագիծի կամ միջհամայնքային իւրայատկութիւնները կորսնցնելու եւ կրօնական առումով միագոյն տիրապետում ստանալու:

Այս հաւանականութիւնը շատ սուր կերպով քաղաքական մեկնաբանութիւններու դուռ կը բանայ` երկրի մայրաքաղաքի ժողովրդագրական փոփոխութեան հետեւանքով, թուային մեծամասնութիւն պարտադրելու եւ կարեւորագոյն խորհուրդի կամ թաղապետներու պատկերի համագոյակցութիւնը խախտելու:

Գիտակից վերաբերում եւ դիրքորոշում, բայց մանաւանդ քուէարկութիւն կ՛ակնկալուի  տարբեր խմբաւորումներէ` այս հաւասարակշռութիւնը պահպանելու առումով: Պէյրութը բոլոր համայնքներուն մայրաքաղաքն է, հետեւաբար համայնքները պէտք է ներկայացուած ըլլան նաեւ անոր ղեկավարման խորհուրդներուն մէջ, մանաւանդ եթէ երկիրը փուլ առ փուլ պիտի առաջնորդուի տեղական ապակեդրոնացման դրութեան որդեգրումին:

Նկատելի է նաեւ այն, որ ընտրացանկերուն կուսակցական պատկանելիութիւնները չեն շեշտուած, այլ համախոհութիւնը ներկայացուած է քաղաքական որոշումով, սակայն համայնքային ներկայացուածութիւնը պահպանելու նախանձախնդրութեամբ:

Շատ նուրբ ընտրական մարտավարութիւններ պիտի կիրարկուին Պէյրութի տիրական համայնքի զանազան շրջանակներուն հետ բանակցելու, գործակցելու կամ դաշնակցելու ուղղութիւններով` նպատակ ունենալով միջհամայնքային համակեցութեան սկզբունքի իրականացումը այս բոլորին մէջ:

Երկրին մէջ արձանագրուող իւրաքանչիւր իրադարձութեան հետ կը յիշուին նոր վարչակարգը եւ անոր բերելիք արմատական բարենորոգումները:

Ժողովրդավարութիւնը միայն թիւի գերակայութիւն չէ: Ժողովուրդի բոլոր հատուածներու ներկայացուածութիւնը նախապայման է արդար հասարակարգ ունենալու: Ատոր համար ալ անհրաժեշտ է զայն ղեկավարող քաղաքային թէ թաղապետական մակարդակներով այդ ներկայացուածութիւնը իրաւականացնելը:

Պէյրութը բոլոր համայնքներուն մայրաքաղաքն է: Մանրապատկերն է Լիբանանին  եւ համապետական բոլոր հաստատութիւններուն, յատկապէս համայնքներու իրողական ներկայացուցիչներու  անդամակցութեամբ:

Այս հաւասարակշռութեան խախտումը քաղաքական հետեւանքներ կ՛ունենայ եւ ըստ էութեան կրնայ խոչընդոտել նոր փուլ թեւակոխող երկրին բարենորոգումներու երթը:

Ահա թէ ինչո՛ւ անհրաժեշտ է համայնքային տեսակէտէ բազմագոյն Պէյրութը:

«Ա.»

Նախորդը

ՀՅԴ-ի Այնճարի Քաղաքապետական Խորհուրդի Առաջադրած Ցանկը Ընտրուած Է` Մրցակիցի Չգոյութեան Բերումով

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (14 Մայիս 2025)

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Թրիփոլի Այցելելով.  Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով,  Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի,  Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի  Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրիփոլի Այցելելով. Աուն. «Լիբանանը Ո՛չ Մէկ Խումբով, Ո՛չ Մէկ Շրջանով, Ո՛չ Ալ Միայն Մէկ Համայնքով Ոտքի Կը Կանգնի, Այլ Միայն Երբ Անոր Ժողովուրդը Միաւորուի Պետութեան Ծրագիրին Շուրջ»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.