Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուիթքոֆ. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Վերջնական Կարգաւորման Շատ Մօտ Են. Կը Կարծեմ` Երկուքն Ալ Կրնան Աբրահամեան Խաղաղութեան Համաձայնագիրներուն Միանալ»

May 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի աւագ խորհրդական եւ օգնական Սթիւ Ուիթքոֆ «Պրէյպարթ Նիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին ըսած է` Սպիտակ տունը կ՛ակնկալէ, որ յառաջիկայ ամիսներուն տեղի պիտի ունենայ Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրներու հաւանական ընդլայնում. անոր նախատեսութեամբ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը եւս համաձայնագիրներուն կրնան միանալ:

Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրները ստեղծուած են Թրամփի նախագահական առաջին նստաշրջանի ընթացքին: Անոնց նպատակն է տասնամեակներու ընթացքին առաջին անգամ համոզել արաբական շարք մը երկիրներ պաշտօնապէս կարգաւորելու Իսրայէլի հետ իրենց յարաբերութիւնները: Համաձայնագիրներուն առայժմ միացած են Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Պահրէյնը եւ Մարոքը:

Աբրահամեան համաձայնագիրներու յառաջընթացը փակուղիի առջեւ յայտնուած էր այն բանէն ետք, երբ Թրամփ հեռացած էր Սպիտակ տունէն` տեղը զիջելով դեմոկրատական Ճօ Պայտընին. վերջինիս նախագահութեան ժամանակ նոր երկիրներ չեն միացած Աբրահամեան համաձայնագիրներուն:

Ուիթքոֆ նաեւ նախատեսած է, որ Լիբանանն ու Սուրիան եւս կրնան միանալ Իսրայէլի հետ Աբրահամեան համաձայնագիրներուն: Իբրեւ հաւանական գործընկեր ան նշած է նաեւ Լիպիան, Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը:

«Իմ նախատեսութիւնս այն է, որ համեմատաբար շուտով մենք պիտի տեսնենք Լիբանանի եւ նոյնիսկ Սուրիոյ պարագային կարգաւորման ներուժը: Անոնց կողմէ ուժեղ դրական արձագանգներ եղած են: Նոյնը կրնայ տեղի ունենալ Լիպիոյ հետ: Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրներուն միանալը կրնայ տեղի ունենալ Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի հետ:

«Մենք կը կարծենք, որ շատ, շատ մօտ ենք այդ երկիրներուն միջեւ տագնապի լուծման վերջնական լուծման: Երկուքն ալ, կը կարծեմ, կրնան պատրաստ ըլլալ միանալու Աբրահամեան խաղաղութեան համաձայնագիրներուն, եւ ատիկա մեծ ազդանշան պիտի ըլլայ աշխարհին նախագահ Թրամփի արտաքին քաղաքական նախաձեռնութիւններու մասին` աշխարհի վրայ խաղաղութիւն եւ կայունութիւն խթանելու համար», եզրափակած է Ուիթքոֆ:

Նախորդը

Ռիատի Մէջ Միացեալ Նահանգներ-Ծոցի Երկիրներ Վեհաժողովը Կազայի Պատերազմին Վերջ Տալու Անհրաժեշտութիւնը Ընդգծեց

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.