Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեւոն ԺԴ. Պապը Կը Դատապարտէ Լիբանանի Ու Կովկասի Մէջ Տագնապները Եւ Արեւելքի Քրիստոնեաներուն Կոչ Կ՛ուղղէ Կառչած Մնալու Իրենց Հողին

May 15, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լեւոն ԺԴ. պապը Արեւելքի 23 կաթողիկէ եկեղեցիներու ներկայացուցիչները Վատիկանի մէջ ընդունելուն ընթացքին աշխարհի տարածքին հակամարտող կողմերուն իր միջնորդութիւնը առաջարկեց:

«Կարելի ամէն ջանք պիտի թափեմ: Սուրբ Աթոռը տրամադրութեան տակ է, որպէսզի թշնամիները հանդիպին եւ իրարու աչքերուն մէջ նային, եւ որպէսզի ժողովուրդները վերատիրանան արժանապատուութեան, որուն արժանի են, եւ ատիկա խաղաղութեան արժանապատուութիւնն է», ըսաւ պապը:

Լեւոն ԺԴ. պապը դատապարտեց «տագնապները, որոնք աշխարհը կը փոթորկեն, Սուրբ հողերէն Ուքրանիա, Լիբանանէն Սուրիա, Միջին Արեւելքէն Թիկրէյ եւ Կովկաս»:

Ան խոստացաւ անձնապէս աշխատիլ խաղաղութեան համար` ըսելով. «Որպէսզի խաղաղութիւնը տարածուի, իմ կողմէս ամէն կարելի ջանք պիտի թափեմ»:

«Ժողովուրդները խաղաղութիւն կ՛ուզեն, եւ ես, ամբողջ սրտով, ժողովուրդներուն պատասխանատուներուն կ՛ըսեմ. «Հանդիպինք, երկխօսութիւն կատարենք եւ բանակցինք: Պատերազմը երբեք անխուսափելի չէ, եւ զէնքերը կրնան եւ պէտք է լռեն, որովհետեւ անոնք խնդիրները չեն լուծեր, այլ` կը բարդացնեն», աւելցուց ան:

Լեւոն ԺԴ. Արեւելքի քրիստոնեաներուն կոչ ուղղեց կառչելու իրենց հողերուն` ընդգծելով. «Քրիստոնեաներուն պէտք է կարելիութիւն տրուի անվտանգ կերպով իրենց շրջաններուն մէջ մնալու»:

«Շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քրիստոնեաներուն, արեւելքցիներուն եւ լատիններուն, մասնաւորաբար Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն, որոնք կը գոյատեւեն եւ կը տոկան իրենց հողին վրայ, անոնք զայն լքելու փորձութենէն աւելի ուժեղ են», նշեց պապը:

 

Նախորդը

Ֆատլալլա. «Դիմադրող Հըզպալլան Լիբանանեան Ժողովուրդի Մէկ Հիմնական Մասն Է, Եւ Որեւէ Ուժ Չի Կրնար Ազդել Անոր Ներկայութեան Վրայ»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Հաւանութիւն Տուաւ ՖԻՆԻՒԼ-ի Աշխատանքի Ժամկէտի Երկարաձգման

RelatedPosts

Ակնարկ.  Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային,  Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Առաջարկուածը Ոչ Թէ Ճանապարհային, Այլ Լաբիւրինթոսային Քարտէս Է

October 27, 2026
Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.