Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապպաս Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանեան Հողերը Իբրեւ Զինուորական Որեւէ Գործողութեան Մեկնակէտ Չօգտագործելու Նկատմամբ

Մայիս 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս, ընդառաջելով Լիբանանի Հանրապետութեան նախագահի հրաւէրին, երէկ ժամանեց Պէյրութ: Ան Պաապտայի պալատ այցելելով հանդիպում ունեցաւ նախագահ Ժոզեֆ Աունի հետ:

Նախագահական պալատը հանդիպումէն ետք լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ երկու նախագահները ընդգծած են անհրաժեշտութիւնը շրջանին մէջ արդար եւ հաստատ խաղաղութեան մը, որ պաղեստինցի ժողովուրդին կ՛արտօնէ իր անկախ պետութիւնը ստեղծել: Անոնք դատապարտած են Կազայի վրայ իսրայէլեան յարձակումի շարունակումն ու անոր պատճառած մարդկային հսկայական կորուստներն ու մարդասիրական աննախադէպ աղէտը, եւ միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղած` անմիջապէս գործելու զայն դադրեցնելու եւ պաղեստինցի քաղաքայիններուն ամբողջական պաշտպանութիւն ապահովելու:

Անոնք նաեւ դատապարտած են Լիբանանի վրայ իսրայէլեան իրերայաջորդ յարձակումները եւ միջազգային ընտանիքին, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներուն եւ Ֆրանսային կոչ ուղղած Իսրայէլի վրայ ճնշում բանեցնելու, որպէսզի գործադրէ նոյեմբեր 2024-ին նշեալ երկու պետութիւններուն հովանաւորութեամբ գոյացած զինադադարը, հեռանալու այն բլուրներէն, զորս գրաւած է եւ լիբանանցի գերիները վերադարձնելու, որպէսզի լիբանանեան բանակը կարենայ ամբողջացնել մինչեւ միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմաններ իր տեղակայումը` առ ի գործադրութիւն ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին, որուն բոլոր կէտերը Լիբանանը յարգած է:

Ինչ կը վերաբերի Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու կացութեան, երկու կողմերը իրենց կառչածութիւնը յայտնեցին պաղեստինցի գաղթականներուն համար արդար լուծումի մը, որ անոնց կ՛արտօնէ վերադառնալ իրենց բնակավայրերը, ուրկէ տեղահանուած են` հիմնուելով ՄԱԿ-ի թիւ 194 որոշումին վրայ: Անոնք նաեւ մերժեցին բնակեցման եւ տեղահանման բոլոր ծրագիրները:

Երկու կողմերը նաեւ համաձայնեցան ստեղծելու լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ յանձնախումբ մը` հետեւելու համար Լիբանանի մէջ պաղեստինեան գաղթակայաններու կացութեան եւ աշխատանք տանելու գաղթականներու կենցաղային պայմաններու բարելաւման համար` յարգելով Լիբանանի գերիշխանութիւնն ու լիբանանեան օրէնքները:

Ինչ կը վերաբերի անվտանգութեան եւ կայունութեան ոլորտին, երկու նախագահները իրենց յանձնառութիւնը յայտնեցին զէնքի լիբանանեան պետութեան մենաշնորհը ըլլալու սկզբունքին եւ լիբանանեան պետութեան ծիրէն դուրս որեւէ երեւոյթի վերջ տրուելուն, ինչպէս նաեւ ընդգծեցին Լիբանանի գերիշխանութիւնը, անկախութիւնն ու տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Անոնք յայտարարեցին, որ կը հաւատան, թէ «լիբանանեան պետութեան իշխանութենէն դուրս զէնքի ժամանակը վերջ գտած է, մանաւանդ որ լիբանանցի եւ պաղեստինցի ժողովուրդները երկար տարիներ սուղ գին վճարած են, մեծ կորուստներ կրած են եւ մեծ զոհողութիւններ կատարած»:

Անոնք շեշտեցին լիբանանեան եւ պաղեստինեան պետական իշխանութիւններուն միջեւ համակարգման ամրապնդումը` երաշխաւորելու համար պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ եւ անոնց շուրջ կայունութիւնը:

Պաղեստինեան կողմը յայտնեց, որ յանձնառու է լիբանանեան հողերը իբրեւ որեւէ զինուորական գործողութեան մեկնակէտ չօգտագործելու եւ յարգելու այլ պետութիւններու հարցերուն չմիջամտելու ու շրջանային տագնապներէն հեռու մնալու Լիբանանի յայտարարուած քաղաքականութիւնը:

Երկու կողմերը համաձայնեցան ամրապնդելու ահաբեկչութեան եւ ծայրայեղականութեան դէմ պայքարի ոլորտին մէջ գործակցութիւնը եւ երաշխաւորելու, որ պաղեստինեան գաղթակայանները ծայրայեղական խմբաւորումներու ապահով թաքստոցի չվերածուին:

Մահմուտ Ապպաս վերահաստատած է Պաղեստինի` Լիբանանի անվտանգութեան, գերիշխանութեան եւ իր ամբողջ տարածքին վրայ գերիշխանութեան նկատմամբ յարգանքը:

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահը նաեւ հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Եուսեֆ Ռաժժիի հետ:

 

Նախորդը

«Լիբանանցիները Պէտք Է Հըզպալլայէն Ձերբազատին. Նոր Ղեկավարները Առիթը Ունին Լիբանանի Գերիշխանութեան Վերատիրանալու» Կ՛ըսէ Ծերակուտական Ռիչ

Յաջորդը

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?