Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Պետութիւններու Շահերը Եւ Տրամադրուող Պատրուակները

May 22, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դաշնութեան արտաքին գործոց նախարարի Երեւան այցելութեան առիթով տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարի յայտարարութիւնը, թէ Մոսկուան բարձրագոյն մակարդակով ընդգծած է Լեռնային Ղարաբաղի պատկանելիութիւնը Ազրպէյճանին, ունի յստակ ենթաուղերձ:

Նախ արձանագրենք, որ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարին յայտարարութիւնը կը համապատասխանէ  իրականութեան: Սակայն յենուիլ այս իրականութեան վրայ` արդարացնելու համար Փրակայի մէջ Երեւանի կողմէ Արցախը Ազրպէյճանի տարածք նկատելու յայտարարութիւնը, քաղաքական տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ չի տեղաւորուիր:

Ճիշդ է, որ Փրակայի մէջ շեշտուեցաւ Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ  միմեանց տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը: Սակայն Փրական ունէր այլ հիմնական երկու բաժին, որոնք ըստ էութեան հարուածեցին հայկական դիւանագիտութեան դիրքերը. աւելի ճիշդ ինքնահարուած հասցուցին:

Վաւերացուած փաստաթուղթի 10-րդ կէտին մէջ նշուած է.

«Համաձայնագիրի 13 յօդուածի երկրորդ պարբերութիւնը «բաց է Խորհրդային Միութեան անդամ բոլոր պետութիւններուն առջեւ» բառերէն ետք լրացնել «այդ կարգին Խորհրդային Միութեան նախկին ինքնավար կազմաւորումներուն համար, որոնք Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի «Խորհրդային Միութեան գոյութեան դադրեցման մասին» հռչակագիրի ընդունումէն առաջ կայացուցած են անկախութիւն հռչակելու վերաբերեալ համաժողովրդական հանրաքուէ, եւ անոր հիման վրայ ինքնավար կազմաւորման իշխանութեան բարձրագոյն գործադիր մարմինը դիմած է Անկախ Պետութիւններու Համագործակցութիւն` անոր կազմին մէջ ընդունուելու խնդրանքով» բառերով»: Ի դէպ, 10 դեկտեմբեր 1991-ին կայացած համահանրապետական հանրաքուէով հռչակուած էր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Այս կարեւոր կէտը շրջանցելով եւ յստակ թուանշաններով տարածքային ամբողջականութիւնը սահմանելով, առաւել  ընդունելով Արցախը մաս Ազրպէյճանին, Երեւանը բոլորովին նոր իրավիճակ ստեղծեց հակամարտութեան բանակցային գործընթացին մէջ: Աւելի ճիշդը Արցախի հակամարտութիւնը ընդհանրապէս դուրս բերաւ միջազգային օրակարգէն:

Տեղին էր Երեւանը ներկայացնող դիւանագէտին յիշեցումը, որ ռուսական միջնորդութիւնը Պաքուն էր, որ մերժեց, մինչ հայկական կողմը արագօրէն ընդառաջեց: Սակայն, Փրակայի յայտարարութենէն ետք ըստ էութեան Ռուսիոյ միջնորդելու հարցը ընդհանրապէս դուրս կու գար օրակարգէն:

Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Ռուսիոյ թիւ մէկ դիւանագէտը յիշեցուց, որ Արցախի առաջին պատերազմի ընթացքին, երբ հայկական կողմը իր վերահսկողութեան տակ կ՛առնէր եօթը շրջանները, կ՛օգտագործէր ռուսական զէնք: Այս յիշեցումը պատասխան էր այն առարկութեան, որ Ազրպէյճանը ռուսական զէնքի գործադրումով հայաթափեց Արցախը:

Դիւանագիտական միջնորդութիւնը ձախողած էր. գործի դրուած էր ռազմական միջնորդութիւնը, այս պարագային կողմերը զինելու տեսքով: Ինչ որ իրադարձութիւններուն այս կամ այն կողմին ներգրաւուածութեան, միջնորդութեան կամ կողմնորոշման մասին քաղաքականօրէն տրամաբանական բացատրութիւն ունի: Առնչակից պետութիւնները կ՛առաջնորդուին իրենց շահերով:

Խնդիրը այս պարագային բանակցող կողմին կատարած յայտարարութիւններուն կամ առած քայլերուն պատրուակումն է եւ առիթաւորումը` սեփական շահերը առաջ քշելու: Ինչ որ տեղի ունեցաւ Փրակայի մէջ, երբ Երեւանը ճանչցաւ Արցախը Ազրպէյճանի տարածքային մաս:

Ռուսական կողմը այս յիշեցումները կատարեց դիւանագիտական լեզուով:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Աունի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ապպաս Յանձնառութիւն Կը Յայտնէ Լիբանանեան Հողերը Իբրեւ Զինուորական Որեւէ Գործողութեան Մեկնակէտ Չօգտագործելու Նկատմամբ

Յաջորդը

Շուէտի Վեսթերոս Քաղաքին Մէջ Տեղի Ունեցաւ «ՀՄԸՄ» Ակումբի Բացման Պաշտօնական Հանդիսութիւնը

RelatedPosts

Գաղութային

January 31, 2026
39 Տարի Առաջ, Այսօր.  Դաշնակցութեան Նուիրեալներ Զոհ Կ՛երթան Անարգ Ոճիրի Մը
Գաղութային

31 Յունուար 1986-ի Նահատակները, Ու Պայքարը Կը Շարունակուի

January 31, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.