Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ապպաս-Սալամ Հանդիպումին Համաձայնութիւն` Շարք Մը Սկզբունքներու Շուրջ

May 23, 2025
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպաս երէկ այցելեց վարչապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ վարչապետ Նաուաֆ Սալամի հետ: Երկկողմանի հանդիպումին յաջորդեց ապահովական ընդլայնուած ժողով մը, որուն մասնակցեցան շարք մը լիբանանցի եւ պաղեստինցի բարձրաստիճան պաշտօնատարներ:

Ժողովը կեդրոնացաւ Լիբանանի մէջ անվտանգութեան ու կայունութեան ամրապնդման կարելիութիւններուն վրայ, պաղեստինեան գաղթակայաններուն մէջ` պաղեստինեան կարգ մը գաղթակայաններու մէջ իրերայաջորդ ապահովական մարտահրաւէրներու լոյսին տակ:

Համաձայնութիւն գոյացաւ շարք մը սկզբունքներու շուրջ, առաջին` պաղեստինցիները Լիբանանի մէջ հիւրեր են, կը յարգեն երկրի օրէնքները, կը մերժեն բնակեցումը եւ կառչած կը մնան տունդարձի իրաւունքին: Երկրորդ` լիբանանեան պետութիւնը կառչած կը մնայ իր բոլոր հողերուն, ներառեալ պաղեստինեան գաղթակայաններուն վրայ իր ամբողջական գերիշխանութեան, եւ աշխատանք կը տանի պետութեան իշխանութենէն դուրս եղող երեւոյթներուն վերջ տալու համար: Երրորդ` վերջնականապէս փակել գաղթակայաններէն ներս թէ դուրս պաղեստինեան զէնքի թղթածրարը եւ զէնքը լիբանանեան օրինականութեան մենաշնորհը դարձնել: Չորրորդ` կազմել լիբանանեան-պաղեստինեան միացեալ գործադիր յանձնախումբ մը` հետեւելու համար գոյացած փոխհասկացողութիւններու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ հետեւելու գաղթակայաններուն մէջ ապահովական ու ընկերային զարգացումներուն: Հինգերորդ` համատեղ աշխատանք տանիլ լուծելու Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներու իրաւունքներու եւ ընկերային հարցերը, ինչ որ անոնց կ՛երաշխաւորէ արժանապատիւ կեանք մը, առանց որ ատիկա հակասէ պետութեան գերիշխանութեան կամ օրէնքներուն:

Նախքան այդ, Ապպաս երէկ այցելեց Այն Թինէ, ուր հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ: Անոնք քննարկեցին Լիբանանի եւ շրջանին մէջ ընդհանուր զարգացումները:

Նախորդը

Բագրատունի Կը Հանդիպի Լիբանանի Պաշտպանութեան Նախարարին

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (22 Մայիս 2025)

RelatedPosts

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը  (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Որպէսզի Վերապետականանան Հայ Դատի Օրակարգերը (Հայ Դատի խորհրդաժողովին առիթով)

September 26, 2026
Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի  Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու  Համահայկական Խորհրդաժողովին
Գլխաւոր լուրեր

Բացումը Կատարուեցաւ ՀՅԴ Հայ Դատի Յանձնախումբերու Եւ Գրասենեակներու Համահայկական Խորհրդաժողովին

September 26, 2026
Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.