Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարքօ Ռուպիօ նշեց. «Սուրիոյ մէջ փոխանցման իշխանութիւնը կը կարծէ, որ «Էֆ.Պի.Այ.»-ի մօտ իր արձանագրութիւններու քննութեան մէջ չէ յաջողած: Անոնք դժուար պատմութիւն ունին, եւ մենք զայն կը հասկնանք: Սակայն միւս կողմէ, եթէ անոնց հետ կապ հաստատենք, կրնայ հարցը յաջողիլ կամ չյաջողիլ»:
Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտին մէջ լսումի նիստի ընթացքին աւելցուց. «Եթէ անոնց հետ չհաղորդակցինք, ապա հաստատօրէն հարցը պիտի չյաջողի»:
«Իրականութեան մէջ, անկեղծօրէն մեր գնահատանքը հետեւեալն է. (Սուրիոյ) փոխանցման իշխանութիւնը, նկատի ունենալով անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրները, կրնայ հաւանական քայքայումէն եւ մեծ տարողութեան համապարփակ քաղաքացիական պատերազմէն, այսինքն` երկրի մասնատումէն ոչ թէ ամիսներու, այլ շաբաթներու հեռաւորութեան վրայ ըլլալ», յայտարարեց Ռուպիօ: