Մանկապատանեկան

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մանր կերպընկալները` մայքրօփլասթիքները, կը գտնուին ամէն տեղ. ովկիանոսներուն մէջ, հողին մէջ եւ նոյնիսկ մեր շնչած օդին մէջ: Եւ որովհետեւ անոնք շատ մանր են, անոնցմէ ձերբազատիլը շատ դժուար է: 18 տարեկան Արիա Սաթիշ խելացի ձեւ մը գտած է մօտենալու համար այս հարցին: Ան շինած է Էքօ Փըրճ` բոյսի հիմամբ շինուած կերպընկալ մը, որ բնականօրէն կը փճանայ` օգնելով...

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Բոյսերուն մեծամասնութիւնը արեւուն լոյսը կ՛օգտագործէ սնանելու համար` շնորհիւ իրենց քլորոֆիլին: Սակայն Թեսմիա Տեմոնա ծաղիկը մաս չի կազմեր այս մեծ խումբին: Այս սեւ բոյսը քլորոֆիլ չունի: Անոր բարձրութիւնը հազիւ 12.5 սմ է, մօտաւորապէս` բջիջային հեռաձայնի մը չափ: Ան կ՛ապրի անտառին մակերեսի խաւերուն մէջ` մեռած տերեւներով ծածկուած: Ան այդ թաքնուած վայրէն դուրս կ՛ելլէ, երբ կը ծաղկի: Հետեւաբար ան...

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Իբրեւ ցամաքի ամէնէն բարձր հասակ ունեցող անասունները` ընձուղտները ճանչցուած են ծառերուն գագաթներուն հասնելու իրենց կարողութեամբ: Իսկ հիմա մասնագէտները նշմարած են, թէ անոնց խելքը կրնայ հեռուն հասնիլ: Անոնք անդրադարձած են, որ այս խելացի անասունները կրնան պարզ հաշիւներ ընել: * * * Իրենց ուսումնասիրութիւններուն համար մասնագէտները աշխատած են Պարսելոնայի կենդանաբանական պարտէզէն 4 ընձուղտներու հետ: Այս ընձուղտները արդէն զարմանալի...

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Գրեթէ բոլորին ծանօթ Փոքեմոնը 2026-ին կը տօնէ իր 30-րդ տարեդարձը: Այս առիթով Ճափոնի մէջ շուկայ պիտի իջնեն կերպարներու քարտերու նոր հաւաքածոյ մը` մեծ ուրախութիւն պատճառելով այս խաղի սիրահարներուն: Սակայն ինչպէ՞ս ծնած են այս խաղին հերոսները` Փիքաչու, Չարմանտըր, Սքըրթըլ, Պալպասոր եւ ուրիշ կերպարներ: *** Փոքեմոնի պատմութիւնը կը սկսի 1996-ին: 27 փետրուարին նոր վիտէօ-խաղ մը կը յայտնուի Ճափոնի...

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

500 Տարուան Պահուած Գետնախնձորներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հարաւային Ամերիկայի մէջ պեղումներու ընթացքին հնագէտները գտած են զարմանալիօրէն անվնաս մնացած 500 տարուան գետնախնձորներ: Այս հազուագիւտ յայտնաբերումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս էնքաներու կայսրութիւնը կրցած է սնունդ հայթայթել նոյնիսկ այդ մշակուած դաշտերէն շատ հեռու գտնուող բնակչութիւններուն: *** 2024 թուականին, Հարաւային Փերուի էնքաներու ծանօթ Թամպօ Վիէխօ շրջանին մէջ պեղումներ կատարելու ընթացքին հնագէտները կը մաքրէին պահեստի փոքրիկ սենեակ...

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

Իւսէյն Պոլթէն Աւելի Արագ Մարդու Մեքենան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ «Ուըրլտ ռոպոթ կէյմզ-ը մրցաշարք մըն է, որուն ընթացքին մարդամեքենաներ իրարու դէմ կը մրցին տարբեր մարզաձեւերու մէջ: Այս մրցումներէն մէկուն ընթացքին է, որ մարդամեքենայ մը կրցած է ժամայիքացի վազորդ Իւսէյն Պոլթի 2009-ին արձանագրած 100 մեթր վազքի մրցանիշները կտրել, 0,19 երկվայրկեանով: * * * Չինաստանի մայրաքաղաք Փեքինի մէջ օգոստոս ամսուան կէսերուն մարդամեքենաներ մասնակցած են «Ուըրլտ ռոպոթ կէյմզ»-երուն: Այս...

Ի՞նչ Է Կրակը

Ի՞նչ Է Կրակը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ամառնային տաք եւ չոր օդին յաճախ կարգ մը շրջաններու անտառներու մէջ կամ լեռներուն վրայ հրդեհներ կը յառաջանան: Այս հրդեհներէն մաս մը պատահական են, մինչ կարգ մը հրդեհներ մարդ արարածը կը յառաջացնէ, կամայ թէ ակամայ ձեւով: Փորձենք հասկնալ, թէ ի՞նչ է կրակը եւ ան ինչպէ՞ս կը յառաջանայ: Կրակի Եռանկիւնը Այս եռանկիւնը կը ներկայացնէ երեք տարրերը, որոնց պատճառով...

50 Տարիներ Առաջ, Առաջին Անջրպետամեքենան` Հրատի Վրայ

50 Տարիներ Առաջ, Առաջին Անջրպետամեքենան` Հրատի Վրայ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Այս շաբաթ մենք պիտի ուղղուինք դէպի անջրպետ, ծանօթանալ Հրատ մոլորակին: * * * 1965 թուականին, ՆԱՍԱ-ն կը ղրկէր առանց աստղանաւորդի անջրպետամեքանայ մը` «Մարինըր-4» Հրատ մոլորակին վրայէն անցնելու: Տասը տարիներ ետք` օգոստոս 1975-ին ՆԱՍԱ-ն կը ղրկէ «Վայքինկ-1» անջրպետամեքենան: Այս անգամ անոր նպատակն է մոլորակին վրայ իջնել: Այս մարտահրաւէրը կը յաջողի 20 յուլիս 1976-ին: Անմիջապէս, անջրպետամեքենային քամերան նկար...

Մեր «Զարմիկները», Մարդակապիկները

Մեր «Զարմիկները», Մարդակապիկները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Մասնագէտներ իւրայատուկ ուսումնասիրութիւն մը կատարած են մարդակապիկներու վրայ: Անոնք արձանագրած են կենդանաբանական պարտէզի մէջ ապրող 13 մեծ մարդակապիկներու խնդուքը. 4 շեմփանզէ, 1 օրանկութան, 3 պոնոպոս եւ 2 կորիլլա: Այս անասունները, որոնք մարդու ներկայութեան վարժուած են, կը խաղային կամ խտղտացուէին: Ասոր կողքին, մասնագէտները նաեւ արձանագրած են 6 ամիսէն 7 տարեկան չորս փոքրիկներու խնդուքը: Վերջապէս, անոնք բաղդատած են...

200 Հսկայական Կերպարներու Արձաններ Աշխարհին Չորս Կողմերը

200 Հսկայական Կերպարներու Արձաններ Աշխարհին Չորս Կողմերը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ 46 տարեկան Թոմաս Տամպօ կ՛ապրի Դանիոյ մէջ: 12 տարիներէ ի վեր ան ճանչցուած է թրոլլներու իր արձաններուն համար: Թրոլլնները սկանտինաւեան աւանդութենէն եկած կերպարներ են: Անոնք մաս կը կազմեն Տամպոյի մանկութեան. անոնք հիւսիսային Եւրոպայի բազմաթիւ հեքիաթներու հերոսներն են: Այս հսկայական արձանները տուներու չափ մեծ են: Անոնք յաճախ տգեղ են, ունին մեծ քիթ, սուր ակռաներ եւ մազոտ ոտքեր:...

Ի՞նչ Է Սակրատա Ֆամիլիան

Ի՞նչ Է Սակրատա Ֆամիլիան

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Անկարելի է Սպանիոյ Պարսելոնա քաղաքէն անցնիլ` առանց այցելելու Սակրատա Ֆամիլիա: Ան սքանչելի եկեղեցի մըն է, որ կառուցուած է ճարտարապետ Անթոնի Կաուտիի կողմէ: Ճիշդ է, որ զայն յղացողը մահացած է 100 տարիներ առաջ, սակայն անոր կառուցումը տակաւին կը շարունակուի եւ վերջ պիտի գտնէ մօտ ատենէն` շինարարութեան աշխատանքներէն սկսելէն մօտաւորապէս մէկուկէս դար ետք: * * * Ան աշխարհի...

Շատ Տաք Ամառ

Շատ Տաք Ամառ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Հնդկաստանի Մումպայ քաղաքին մէջ ամառը անտանելի կը դառնայ. այս քաղաքը մեծ թիւով բնակիչներ ունի, մեծ թիւով շէնքեր եւ շատ քիչ բնակչութիւն: Այս բարձր ջերմաստիճանները յատկապէս դժուար են աղքատ թաղամասերու բնակիչներուն համար. տուները պզտիկ են` առանց էր քանտիշընի, եւ նոյնիսկ երբեմն` առանց ելեկտրականութեան... Այս կեանքի դժուար պայմանները ամառնային կարգ մը գիշերներ կը մղեն բնակիչները` լքելու իրենց տուները:...

Ուրկէ՞ Կու Գայ Երաժշտութիւնը

Ուրկէ՞ Կու Գայ Երաժշտութիւնը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Սովորութիւն է ամէն յունիս 21-ին` ամրան առաջին օրը, Երաժշտութեան տօնը նշել` աշխարհին չորս կողմերը տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպելով տեսակաւոր երգահանդէսներ,  երաժշտութեան ունկնդրութիւններ եւ երաժշտական զանազան ձեռնարկներ: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ այս երաժշտութիւնը: * * * Երաժշտութիւնը ծնած է մարդկութեան հետ: Մեզի ծանօթ ամէնէն հին երաժշտական գործիքը 40 հազար տարուան սրինգ մըն է, որ գտնուած է Գերմանիոյ...

Մոնտիալի Լուրերէն

Մոնտիալի Լուրերէն

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ահա մէկ շաբաթէն աւելի է, որ ֆութպոլի աշխարհի ախոյեանութիւնը արդէն սկսած է` միշտ նոյն խանդավառութիւնը եւ հետաքրքրութիւնը յառաջացնելով ֆութպոլի սիրահարներուն մօտ: Սակայն, ըստ տարիներուն, երբեմն նորութիւններ մուտք կը գործեն Մոնտիալին մէջ: Այս ձեւով, այս տարուան ախոյեանութեան գլխաւոր նորութիւններէն մէկն է իւրաքանչիւր խաղի պարտադիր «զովանալու» դադարները: Անոնք մարզիկներուն կարելիութիւնը պիտի տան զովանալու եւ ջուր խմելու սաստիկ տաք...

Սկսաւ 2026-ի Մոնտիալը

Սկսաւ 2026-ի Մոնտիալը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ ՖԻՖԱ-ի ֆութպոլի ախոյեանութիւնը դարձեալ Հիւսիսային Ամերիկա վերադարձաւ 1994-ի Մոնտիալէն ետք: Այս տարուան ախոյեանութեան մրցումները պիտի խաղցուին երեք երկիրներու մէջ` Միացեալ Նահանգներ, Մեքսիքա եւ Քանատա: Առաջին անգամ ըլլալով 48 երկիրներ պիտի մասնակցին մրցաշարքին` նախկին խաղերու 32 երկիրներուն փոխարէն: Այս խումբերը պիտի խաղան 104 խաղեր, 39 օրուան ընթացքին: Ախոյեանութիւնը սկսաւ յունիս 11-ին եւ վերջ պիտի գտնէ յուլիս 19-ին:...

Վերադարձ Դէպի Լուսին

Վերադարձ Դէպի Լուսին

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Ապրիլի սկիզբը «Արտէմիս 2» արշաւին մասնակցող չորս աստղանաւորդները, դէպի լուսին մարդկային վերջին արշաւէն 54 տարիներ ետք, դարձեալ մեծ յաջողութեամբ «ճամբորդութիւն» մը կատարեցին դէպի լուսին: Սակայն ինչո՞ւ այս վերադարձը կարեւոր է: * * * Լուսինը միշտ երազել տուած է մարդոց: Երկրագունդէն ետք, ան մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն շատ հետախուզուած վայրն է: Գիտնականները զայն կ՛ուսումնասիրեն աւելի լաւ հասկնալու...

Փոքրիկ Անջրպետաքար Մը Կը Զարմացնէ Գիտնականները

Փոքրիկ Անջրպետաքար Մը Կը Զարմացնէ Գիտնականները

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Աստղագէտները անակնկալի մը առջեւ գտնուեցան, երբ կ՛ուսումնասիրէին Պոսիտոն մոլորակէն անդին գտնուող ոչ շատ հաստատուն Քիփերի գօտիի շրջանին մէջ: Հոն անոնք գտած են 2002 XV93 անունով փոքրիկ սառած անջրպետաքար մը, որ ունի իրեն յատուկ մթնոլորտը: Այս երեւոյթը անսպասելի է, որովհետեւ անջրպետաքարը հազիւ 500 քմ լայնք ունի, ասինքն` մեր լուսինէն մօտաւորապէս 7 անգամ աւելի փոքր: Ընդհանրապէս այդքան փոքր...

«Քիթ Քաթ»-ի Մեծ Գողութիւնը»

«Քիթ Քաթ»-ի Մեծ Գողութիւնը»

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երբ մենք կը կարդանք պատահած գողութիւններու մասին, ընդհանրապէս անոնք կը պատահին մեծ դրամատուներու, թանգարաններու, կամ շքեղ տուներու մէջ: Իսկ գողցուած ապրանքները ընդհանրապէս արժէքաւոր առարկաներ են, կամ` դրամ... Սակայն այս պարագային գողցուած ապրանքը.... «Քիթ Քաթ» տուրմի տուփեր են: Մարտ ամսու վերջաւորութեան Իտալիոյ կեդրոնը գտնուող Նեսլէի գործարանէն ճամբայ ելած եւ 413 հազար «Քիթ Քաթ» տուրմերով բեռցուած փոխադրակառքը կ՛անհետանայ...

Ի՞նչ Կայ Մեր Մոլորակին Մէջ

Ի՞նչ Կայ Մեր Մոլորակին Մէջ

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երկիրը կազմուած է մեր մոլորակին վրայ բնականօրէն գոյութիւն ունեցող 4 տարրերէ` օդ, հող, ջուր եւ կրակ: - Մեր երկրագունդին մթնոլորտը կազմուած է կազի 4 խաւերէ: Մարդ արարածը կ՛ապրի թրոփոսֆեր խաւին մէջ: Այս մթնոլորտին ամէնէն ցած խաւն է: Ան կը գտնուի 0 - 10 քմ բարձրութեան վրայ: Այս խաւին մէջն են, որ կը գտնուին ամպերը, հոն, ուր...

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Արուեստը

Ինչի՞ Կը Ծառայէ Արուեստը

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Երաժշտութիւն, գեղանկարչութիւն, շարժապատկեր, վէպ, պար... արուեստը ամէն տեղ է մեր կեանքին մէջ: Եւ ասիկա լաւ բան մըն է, որովհետեւ ան էական է: Անոր ներկայութիւնը այնքան կարեւոր է, որ նոյնիսկ հռչակուած է Արուեստի միջազգային օր, որ կը նշուի ամէն տարի ապրիլ 15-ին: Հակառակ անոր` ան միշտ լուրջի չ՛առնուիր: Կարգ մը անձերու համար ան սովորական ժամանց մըն է,...

Page 1 of 25 1 2 … 25

Արխիւներ