Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Գրեթէ բոլորին ծանօթ Փոքեմոնը 2026-ին կը տօնէ իր 30-րդ տարեդարձը: Այս առիթով Ճափոնի մէջ շուկայ պիտի իջնեն կերպարներու քարտերու նոր հաւաքածոյ մը` մեծ ուրախութիւն պատճառելով այս խաղի սիրահարներուն: Սակայն ինչպէ՞ս ծնած են այս խաղին հերոսները` Փիքաչու, Չարմանտըր, Սքըրթըլ, Պալպասոր եւ ուրիշ կերպարներ:
***
Փոքեմոնի պատմութիւնը կը սկսի 1996-ին: 27 փետրուարին նոր վիտէօ-խաղ մը կը յայտնուի Ճափոնի մէջ` «Նինթենտօ կէյմ պոյ»-ի գործիքին յատուկ: Անոր անունը «Փոքեմոն» է. «փոքեթ մոնսթըր» («գրպանի հրէշ») կրճատումը: Սկզբնական շրջանին գոյութիւն ունէին 151 կերպարներ:
Խաղին նպատակն էր ամէնէն մեծ թիւով փոքեմոններ բռնել եւ դառնալ ամէնէն լաւ մարզիչը: Ասոր համար պէտք էր խաղերու մասնակցիլ եւ յաղթել: Յաղթանակները կարելիութիւնը կու տային փոքեմոններուն` յառաջդիմելու եւ միշտ աւելի հզօր դառնալու:
Շատ շուտ վիտէօ-խաղը պատկերասփիւռի յատուկ անիմէյթըտ յայտագիրի մը կը վերածուի: Ան մեծ յաջողութիւն կը գտնէ:
Ժամանակի ընթացքին Փոքեմոնի աշխարհը կը մեծնայ: Վիտէօ-խաղերուն եւ պատկերասփիւռի յայտագիրներուն կողքին կը յայտնուին քարտերու խաղեր, սմարթֆոնի վրայ ափլիքէյշըններ, «Փոքեմոն կօ» խաղը, եւ նոյնիսկ` շարժապատկերներ: Ասոր կողքին, փոքեմոններու թիւն ալ կը բարձրանայ: Այժմ կարելի է հաշուել աւելի քան 1000 կերպար:
***
Իր յայտնաբերումէն 30 տարիներ ետք Փոքեմոնը կը մնայ ամէնէն շատ ժողովրդականութիւն ունեցող եւ ամէնէն շատ ծախուած խաղերէն մէկը: Վիտէօ-խաղերէն ծախուած էր աւելի քան 489 միլիոն օրինակներ, եւ արտադրուած` աւելի քան 75 միլիառ քարտեր: Անշուշտ պատմութիւնը հոս չի վերջանար: Այս ձեւով, այս գրպանի հրէշներուն 30-րդ տարեդարձը նշելու համար Ճափոնի մէջ շուկայ իջաւ Փոքեմոնի քարտերու նոր տրցակ մը:
Գիտէի՞ր, Թէ…
Փոքեմոնի աշխարհը յղացողը Սաթոշի Թաժիրին է: Փոքրիկ տարիքին ան 2 նախասիրած ժամանց ունէր. միջատներու հաւաքածոները եւ արքետ վիտէօ-խաղերը: Այս մթնոլորտին մէջ է, որ ան յղացած է տարբեր տեսակի միջատներու հաւաքածոյի մը վրայ հիմնուած վիտէօ-խաղ մը:
Եւ այս ձեւով կը ծնի Փոքեմոնը:
Արտասովոր
Լիճի Մը Մէջ Գտնուող
Կղզին Կը Տեղափոխուի
Քանատայի արեւմուտքը Ուիլիսթըր ջրամբարը կը կազմէ գեղարուեստական լիճ մը: Յուլիս ամսուն շրջանի բնակիչներէն մէկը հոն կը նշմարէ կղզիի մը գոյութիւնը: Շնորհիւ արբանեակներու նկարներուն` անոր գոյութիւնը լիճին կեդրոնը կը փաստուի: Օգոստոսի սկիզբը ան կ՛անհետանայ… Ապա, 15 օգոստոսին ան դարձեալ կը յայտնուի ափի մը մօտը, 30 քմ աւելի հեռու: Ան այլեւս չի շարժիր:
***
Սակայն ինչպէ՞ս կարելի է, որ կղզի մը կարենայ տեղափոխուիլ: Պարզապէս որովհետեւ ան իսկական ժայռային կղզի մը չէ: Ան ափերէն լիճին մէջ ինկած ճիւղերու, հողի եւ բուսականութեան կոյտ մըն է: Նման բնական կազմաւորումներ ծանօթ են, սակայն անոնց թիւը շատ քիչ է: Մասնագէտները տակաւին չեն գիտեր, թէ այս կոյտը ինչպէ՛ս կազմուած է: Հետեւաբար անոնք զայն մօտ օրէն պիտի ուսումնասիրեն:
Աշխարհի Քարտէսը
Փոփոխութիւններու Կ՛ենթարկուի
Գիտէի՞ր, թէ 4 սեպտեմբերին 164 երկիրներու պետերը «Այո» ըսին` փոխելու աշխարհի քարտէսը իրենց վաւերաթուղթերուն մէջ: Սակայն ի՞նչ կը նշանակէ այս փոփոխութիւնը:
Մեր բոլորին ծանօթ աշխարհի քարտէսը գծուած է 450 տարիներ առաջ գիտնական Մերգաթորին կողմէ: Այդ ժամանակ այս քարտէսին գործածութիւնը դիւրին էր նաւարկութեան համար: Սակայն ան ճշգրիտ չէ. ան չի յարգեր ցամաքամասերուն համեմատութիւնները: Կարծէք Եւրոպան աշխարհի կեդրոնն է: Հիւսիսային Ամերիկան շատ աւելի մեծ է, քան` Հարաւային Ամերիկան: Կրինլանտը Ափրիկէին մեծութիւնը ունի, մինչ ան Ափրիկէէն 14 անգամ աւելի փոքր է…
Աշխարհի նոր քարտէսը աւելի արդար եւ ճշգրիտ է, որովհետեւ ցամաքամասերուն չափերը իրարու համեմատած` իրականութեան աւելի մօտ են: Սակայն հակառակ ասոր ալ պէտք է մեր միտքերուն մէջ պահենք, որ բոլոր քարտէսները ամբողջովին ճշգրիտ չեն կրնար ըլլալ, որովհետեւ տափակ մակերեսի մը վրայ դժուար է ամբողջովին ճիշդ գծել երկրագունդը, որ կլոր է:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
14 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:


