Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Ձեւ Մը` Կերպընկալներուն Դէմ Պայքարելու Համար

October 24, 2026
| Մանկապատանեկան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Մանր կերպընկալները` մայքրօփլասթիքները, կը գտնուին ամէն տեղ. ովկիանոսներուն մէջ, հողին մէջ եւ նոյնիսկ մեր շնչած օդին մէջ: Եւ որովհետեւ անոնք շատ մանր են, անոնցմէ ձերբազատիլը շատ դժուար է: 18 տարեկան Արիա Սաթիշ խելացի ձեւ մը գտած է մօտենալու համար այս հարցին: Ան շինած է Էքօ Փըրճ` բոյսի հիմամբ շինուած կերպընկալ մը, որ բնականօրէն կը փճանայ` օգնելով նաեւ միջավայրին մէջ գտնուած մայքրօփլասթիքներն ալ փճացնելու:

Իրլանտայի մէջ բնակող այս պարմանուհին սկսաւ մայքրօփլասթիքներով հետաքրքրուիլ 2024-ին: Ազգային գիտութեան մրցումի մը համար ան շինեց ջուրին որակը չափող մեքենայ մը: Անոր մեքենան կրնար գտնել ջուրին մէջի մայքրօփլասթիքները: Սակայն այս մեքենան չէր կրնար մայքրօփլասթիքները հաւաքել:

Արիա մտադիր էր այս հարցը լուծելու: Ան սկսաւ աշխատիլ Էքօ Փըրճի գաղափարին վրայ: Սակայն այս պայօփլասթիք կերպընկալը շինելու համար ան պէտք ունէր երկու բնական էնզայմզ նիւթերու: Արիա դիմեց բազմաթիւ մասնագիտական ընկերութիւններու` անոնցմէ օրինակներ ձեռք ձգելու համար: Սակայն անոնց պահանջած գինը շատ սուղ էր աշակերտուհիին համար: Վերջապէս, Արիա դիմեց մասնագէտ Քեւըն Օ՛քանըրի, որ մասնագէտ մըն էր «ՊայօՕրպիք» հաստատութեան մէջ: Օ՛քանըր կրցաւ էնզայմզները ձեռք բերել Արիայի համար, եւ ան նոյնիսկ անոր տրամադրութեան տակ դրաւ քաղաքի համալսարանին տարրալուծարաններէն մէկը, ուր Արիա կրնար աշխատիլ իր մեքենային վրայ:

***

2026-ի սկիզբը Էքօ Փըրճի առաջին օրինակը պատրաստ էր: Զայն փորձելու համար Արիա մայքրօփլասթիք դրաւ Էքօ Փըրճի հետ հողին մէջ, աղի ջուրին եւ անուշ ջուրի մէջ: Ան այս տարբեր նիւթերը ուսումնասիրեց վեց շաբաթներու ընթացքին: Այս փորձառական շրջանէն ետք ան ուրախութեամբ նշմարեց, թէ մայքրօփլասթիքները, ինչպէս` Էքօ Փըրճը, փճացած են բոլոր նիւթերուն մէջ:

Այս իր գիւտին շնորհիւ` Արիա արժանացաւ Եւրոպայի «Ըրթ փրայզ»-ին, մայիս 2026-ին: Ան ստացաւ նաեւ 12.500 տոլար` իբրեւ վարձատրութիւն եւ կարելիութիւնը` աշխատելու մասնագէտներու հետ եւ զարգացնելու իր գիւտը:

***

Արիա տակաւին բազմաթիւ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուի, մինչեւ Էքօ Փըրճը աշխարհին մէջ սփռուի: Գործածուած էնզայմզները կը բանին միայն կարգ մը կերպընկալի տեսակներու վրայ, եւ շատ բարձր ջերմաստիճաններ կրնան զանոնք փճացնել: Ասոր կողքին, մեծ քանակով էնզայմզներ արտադրելը շատ սուղ կրնայ ըլլալ: Սակայն Արիա մտադրած է բոլոր այս հարցերը լուծելու եւ շարունակել բարելաւելու իր Էքօ Փըրճը:

Ձեռային Աշխատանք

 Հալոուինի Անօթներ

Եթէ կ՛ուզես տան մէջ քիչ մը աշնանային մթնոլորտ ստեղծել, կրնաս շինել Հալոուինի այս փոքրիկ անօթները, որոնց մէջ կրնաս դնել պոնպոններ, մատիտներ, կեղծ մոմեր…

Պէտք ունիս

Ապակիէ անօթ մը, աքրիլիք ներկ եւ վրձին, ապակիի վրայ գրելու յատուկ սեւ մելանով մատիտ` պզտիկ կեղծ աջուկներ փակցնելու:

Պատրաստութիւն

1 – Անօթին վրայ մելան մատիտով գծէ հրէշին բաց բերանը:
2 – Անօթդ ներկէ քու նախընտրած գոյնովդ` առանց ներկելու բաց բերանին բաժինը: Ձգէ, որ չորնայ:
3 – Երբ ներկը չորնայ, մելան մատիտով գծէ հրէշին ակռաները, որոնք ետքը կրնաս ճերմակ ներկով ներկել:
4 – Երբ բոլոր ներկերը չորնան, կրնաս դարձեալ բոլոր գիծերուն վրայէն սեւ մատիտով անցնիլ:
5 – Վերջապէս, փակցուր հրէշին աչքերը:
6 – Անօթդ պատրաստ է: Կրնաս զայն պոնպոններով լեցնել, կամ կեղծ մոմով մը լուսաւորել:

Ժամանց

Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
10 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:

 

Նախորդը

Իրմայի Յիշատակին. Պատիւ ու յարգանք արուեստին եւ հայեցի արժէքներուն

Յաջորդը

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

RelatedPosts

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ  Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…
Մանկապատանեկան

Սեւ Ծաղիկ Մը, Որ Առանց Լոյսի Կ՛ապրի…

October 17, 2026
Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն
Մանկապատանեկան

Ընձուղտներն Ալ Թուաբանութիւն Ընել Գիտեն

October 10, 2026
Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է
Մանկապատանեկան

Փոքեմոնը 30 Տարեկան Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.