Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Բոյսերուն մեծամասնութիւնը արեւուն լոյսը կ՛օգտագործէ սնանելու համար` շնորհիւ իրենց քլորոֆիլին:
Սակայն Թեսմիա Տեմոնա ծաղիկը մաս չի կազմեր այս մեծ խումբին: Այս սեւ բոյսը քլորոֆիլ չունի:
Անոր բարձրութիւնը հազիւ 12.5 սմ է, մօտաւորապէս` բջիջային հեռաձայնի մը չափ:
Ան կ՛ապրի անտառին մակերեսի խաւերուն մէջ` մեռած տերեւներով ծածկուած: Ան այդ թաքնուած վայրէն դուրս կ՛ելլէ, երբ կը ծաղկի: Հետեւաբար ան գրեթէ ո՛չ մէկ լոյս կը ստանայ:
Սնանելու համար ան իր արմատներուն միջոցով կը կառչի գետնին տակ գտնուող սունկերուն: Անոնք բոյսին կու տան քարպոն եւ հանքային աղեր:
Անցեալ տարի մասնագէտները գտած են Թիսմիա Տեմոնա ծաղիկէն միայն 50 հատ, շատ փոքր պահպանուած շրջանի մը մէջ: Ան մաս կը կազմէ կորսուելու վտանգի տակ գտնուող բոյսերու խումբին:
Ինչպէ՞ս կ՛ապրի բոյս մը
Ընդհանրապէս բոյս մը իր սնունդը կը պատրաստէ իր շուրջը գտնուած տարրերէ: Ասիկա կը կոչուի ֆոթոսենթեզ:
1.- Տերեւները արեւուն լոյսը կը կլանեն: Օրուան ընթացքին, տերեւներուն քլորոֆիլը կը ստանայ արեւուն ճառագայթները: Ան կրնայ կլանել այս լոյսը:
2.- Տերեւները կը բռնեն նաեւ բնածխական կազը: Ան օդին մէջ գոյութիւն ունեցող կազերէն մէկն է: Մարդ արարածը զայն դուրս կ՛արձակէ շնչելու ժամանակ: Սակայն այս բնածխական կազը կ՛արտադրուի նաեւ մարդկային տարբեր գործունէութիւններու ընթացքին (ինքնաշարժներ, գործարաններ, ջեռուցիչ…):
3.- Արմատները կը ծծեն ջուրը եւ հանքային աղերը: Գետին մէջի ջուրը կու գայ անձրեւներէն, որոնք հողին մէջ կը թափանցեն: Հանքային աղերը տարբեր տարրեր են, ինչպէս` ֆոսֆաթ, նիթրաթ… Ջուրը եւ հանքային աղերը միասին կը կազմեն բոյսին աւիշը, որ բոյսին մէջ կը բարձրանայ ցօղունին ընդմէջէն:
4.- Բոյսը շաքար կը շինէ: Այս պատրաստութիւնը տեղի կ՛ունենայ 4 տարրերու ներկայութեամբ. լոյս, քարպոն, ջուր եւ հանքային աղեր: Այս շաքարը կը փոխադրուի ամբողջ բոյսին մէջ` անոր կարելիութիւն տալով սնանելու եւ հետեւաբար` ապրելու եւ աճելու:
5.- Բոյսը կ՛արտանետէ թթուածին: Թթուածինը այն կազն է, զոր մարդ արարածը կը կլանէ շնչելու ժամանակ: Անշուշտ բոյսն ալ քիչ մը թթուածին կը կլանէ, որովհետեւ ան ալ կը շնչէ:
Ինչո՞ւ Տերեւները Աշնան Դեղին
Կը Դառնան Եւ Կը Թափին
Մենք գիտենք, թէ քլորոֆիլն է, որ բոյսին կու տայ անոր կանաչ գոյնը: Ան կը գտնուի բոյսին բջիջներուն մէջ եւ ծառերուն կարելիութիւնը կու տայ կլանելու արեւուն լոյսի ուժը:
Գարնան եւ ամրան տերեւները քլորոֆիլով լեցուն են եւ հետեւաբար` շատ կանաչ: Այս ամբողջ շրջանին բոյսը կը հաւաքէ լոյսին ուժը:
Ի՞նչ կը պատահի աշնան
Սեպտեմբեր ամիսէն սկսեալ ցերեկային ժամերը կը կարճնան, եւ ծառերը նուազ լոյս կը ստանան: Հետեւաբար անոնց գործունէութիւնը (քլորոֆիլին աշխատանքը) կը դանդաղի:
Կամաց-կամաց տերեւներուն կանաչ գոյն տուող քլորոֆիլը կը փճանայ, եւ կը սկսին երեւնալ նարնջագոյն քորոթենները եւ դեղին զանթոֆիլները: Այս տարրերն են, որոնք ծառին կու տան այդ տաք գոյները:
Ինչո՞ւ ծառերուն տերեւները կը թափին
Ձմրան ծանր օրերուն տոկալու համար ծառերը կը ձերբազատին իրենց տերեւներէն: Ցուրտը եւ ցած ջերմաստիճանները ֆոթոսենթեզի աշխատանքը կը դանդաղեցնեն եւ կը սահմանափակեն:
Սակայն ո՛չ բոլոր ծառերը կը կորսնցնեն իրենց տերեւները: Փշատերեւներու ընտանիքին պատկանող ծառերը կը պահեն իրենց «տերեւները», որոնք ասեղներու կերպարանքը ունին: Այս տոկուն տերեւները ծածկուած են յատուկ նիւթով մը, որ անոնց կարելիութիւնը կու տայ ցուրտին աւելի լաւ տոկալու: Մենք այս ծառերուն կը հանդիպինք ընդհանրապէս կարճ ամառ մը ունեցող վայրերուն մէջ (լեռներուն վրայ, հիւսիսային շրջաններուն մէջ…): Սակայն նոյնիսկ եթէ գարնան ձմրան վնասները պէտք է շտկել, անոնք աւելի շուտ կը սկսին իրենց ֆոթոսենթեզի աշխատանքները, երբ պայծառ օդը կը վերադառնայ, որովհետեւ անոնք պէտք չունին նոր տերեւներ աճեցնելու:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Շուէտը ամէնէն մեծ թիւով կղզիներ ունեցող երկիրն է: Անոնց թիւը կը հասնի 221.800 կղզիի:
– Աշխարհի ամէնէն խորունկ վայրը Չալնճըր Տիփն է: Ան կը գտնուի Խաղաղական ովկիանոսի մէջ գտնուող Մարիանա փոսին մէջ: Ան կը գտնուի մօտաւորապէս 10.935 մեթր խորութեան վրայ:
– Մեր արեգակնային դրութեան մէջ ամէնէն շատ լուսիններ ունեցող մոլորակը Երեւակն է: Ան ունի 83 լուսին:
– Աշխարհի վրայ ամէնէն մեծ անապատը Անթարքթիքան է: Ան իբրեւ անապատ կը նշուի, որովհետեւ հոն շատ քիչ անձրեւ կու գայ:
– Մեր արեգակնային ամէնէն բարձր գագաթը Օլիմփուս Մոնզն է` մօտաւորապէս 21,9 քմ բարձրութեամբ: Այս հրաբուխը կը գտնուի Հրատ մոլորակին վրայ:
– Աշխարհի ամէնէն շատ սուրճ արտադրող երկիրը Պրազիլն է, որ կը հայթայթէ աշխարհի արտադրութեան մօտաւորապէս մէկ երրորդը:
– Մինչ աշխարհի ամէնէն շատ թէյ արտադրող երկիրը Չինաստանն է` իր աշխարհի արտադրութեան 40 առ հարիւր թէյի արտադրութեամբ:
– Գիտէի՞ր, թէ աշխարհի ամէնէն շատ գողցուած գիրքը մրցանիշներու «Կինես»-ի գիրքն է:
– Ճափոնի մէջ ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ աւանդական աշնանային տերեւները դիտելու փառատօնը` Քոյօ: Ան ամէն տարի տեղի կ՛ունենայ հոկտեմբերի վերջերէն մինչեւ նոյեմբերի կէսը:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
15 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:


