Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Մասնագէտներ իւրայատուկ ուսումնասիրութիւն մը կատարած են մարդակապիկներու վրայ: Անոնք արձանագրած են կենդանաբանական պարտէզի մէջ ապրող 13 մեծ մարդակապիկներու խնդուքը. 4 շեմփանզէ, 1 օրանկութան, 3 պոնոպոս եւ 2 կորիլլա: Այս անասունները, որոնք մարդու ներկայութեան վարժուած են, կը խաղային կամ խտղտացուէին:
Ասոր կողքին, մասնագէտները նաեւ արձանագրած են 6 ամիսէն 7 տարեկան չորս փոքրիկներու խնդուքը: Վերջապէս, անոնք բաղդատած են այս բոլոր խնդուքները:
Իբրեւ եզրակացութիւն` անոնք նշմարած են, որ մարդիկ եւ մարդակապիկները կը խնդան նոյն կշռոյթով, երկու խնդուքներու միջեւ նոյնանման ժամանակամիջոցներով: Ասիկա ժառանգութիւնն է մարդոց եւ մարդակապիկներու ունեցած նոյն նախահօր, որ կ՛ապրէր 15 միլիոն տարիներ առաջ:
Մարդակապիկներու Ընտանիքը
– Կորիլլան
Ան մարդակապիկներուն ամէնէն մեծ եւ ամէնէն գիրուկն է: Ան կրնայ մինչեւ 2 մեթր հասակ ունենալ եւ կշռել մինչեւ 210 քիլօ: Գոյութիւն ունին կորիլլաներու 4 տեսակներ: Անոնք բոլորը կ՛ապրին կեդրոնական Ափրիկէի մէջ:
– Օրանկութանը
Մալեզիոյ լեզուով` «օրանկութեան» կը նշանակէ «անտառներու մարդ»: Այս մարդակապիկներուն հասակը կը հասնի մինչեւ 1,5 մեթր, իսկ ծանրութիւնը` մինչեւ 100 քիլոյի: Գոյութիւն ունին օրանկութանի 3 տարբեր տեսակներ: Անոնք բոլորը կ՛ապրին հարաւարեւելեան Ասիոյ կղզիներուն մէջ:
– Պոնոպոն
Ան շեմփանզէի մօտիկ «զարմիկներէն» մէկն է, բայց անկէ` քիչ մը աւելի փոքր: Պոնոպոններու խմբակներուն մէջ էգ պոնոպոն է, որ կ՛իշխէ: Այս մարդակապիկները կ՛ապրին Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան անտառներուն մէջ:
– Շեմփանզէն

Ան գիտէ գործիքներ գործածել. ան ընկոյզներ կը կտրէ` քար մը իբրեւ մուրճ գործածելով, միջատներ կը բռնէ բարակ ճիւղեր գործածելով… Անոր հասակը կրնայ հասնիլ մինչեւ 1,70 մեթրի, իսկ ծանրութիւնը` 40 քիլոյի: Ան կ՛ապրի Ափրիկէի արեւմուտքը եւ կեդրոնը:
– Կիպոնը
Գոյութիւն ունին կիպոնի մօտաւորապէս քսան տեսակներ, որոնք բոլորը կ՛ապրին Ասիոյ մէջ: Այս մարդակապիկները միւս մեծ մարդակապիկներէն աւելի փոքր են: Անոնք կ՛ապրին ծառերուն մէջ, եւ անոնց թեւերը շատ երկար են` համեմատած անոնց մարմնին:
* * *
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Մեծ մարդակապիկները մարդոց ամէնէն մօտիկ «զարմիկներն» են: Անոնք քիչ մը կը նմանին անոնց, եւ անոնց կեանքը կազմակերպուած է խմբային կերպով:
– Անոնք կրնան «երկոտանի» ըլլալ, այսինքն` ոտքի կանգնիլ եւ ետեւի երկու ոտքերուն վրայ քալել:
– Այս բոլոր մեծ մարդակապիկներու տեսակները կորսուելու վտանգի տակ կը գտնուին: Անոնցմէ ամէնէն վտանգուածները կորիլլաններն ու օրանկութաններն են:
Ճի՞շդ, Թէ՞ Սխալ… Բրինձը Աւելի Լաւ
Կ՛աճի, Երբ Անձրեւին Ձայնը Կը Լսէ
Միացեալ Նահանգներուն մէջ գիտնականներ իւրայատուկ փորձ մը կատարած են տարրալուծարանի մը մէջ:
Անոնք բրինձ ցանած են բազմաթիւ թաղարներու մէջ: Կարգ մը թաղարներու մօտ անոնք ջուրի կաթիլներ կաթեցուցած են հատիկներուն մօտ: Մինչ միւս թաղարները լռութեան մէջ ձգուած է: Ասիկա փորձին մէջ միակ տարբերութիւնն էր: Այլապէս, բոլոր թաղարներու նոյն խնամքը կը տրուէր:
Որոշ ժամանակ ետք գիտնականները նշմարած են, որ ջուրի կաթիլներուն ձայնը զգացած բրինձի հատիկները միւս հատիկներէն աւելի շատ աճած են:
Այս փորձառութիւնը կը փաստէ, որ բոյսերն ալ երբեմն հակազդեցութիւն կրնան ունենալ բնութեան ձայներու հանդէպ, ինչպէս` անձրեւի ձայնը:
Սակայն բրինձի հատիկը «ականջներ» չունի. հետեւաբար ան ինչպէ՞ս կրնայ «լսել» անձրեւի ձայնը: Ճիշդ է, որ ան «չի լսեր», սակայն ան կը զգայ ձայն կազմող բաղադրութիւնը, այսինքն` ձայնային ալիքը:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:


