Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Հարաւային Ամերիկայի մէջ պեղումներու ընթացքին հնագէտները գտած են զարմանալիօրէն անվնաս մնացած 500 տարուան գետնախնձորներ: Այս հազուագիւտ յայտնաբերումը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէ՛ս էնքաներու կայսրութիւնը կրցած է սնունդ հայթայթել նոյնիսկ այդ մշակուած դաշտերէն շատ հեռու գտնուող բնակչութիւններուն:
***
2024 թուականին, Հարաւային Փերուի էնքաներու ծանօթ Թամպօ Վիէխօ շրջանին մէջ պեղումներ կատարելու ընթացքին հնագէտները կը մաքրէին պահեստի փոքրիկ սենեակ մը, երբ գետնին մէջէն կը յայտաբերուի կոտրուած կաւէ անօթ մը: Անոր մէջ կը գտնուէին 15-րդ կամ 16-րդ դարէն մնացած երկու սառեցուած-չորցուած երկու գետնախնձորներ:
Գետնախնձորը հազարաւոր տարիներ շարունակ Անտեան լեռներուն շրջաններուն մէջ ապրող համայնքներուն գլխաւոր սնունդն էր: Սակայն ան 80 առ հարիւր ջուր կը պարունակէ, ինչ որ կը դժուարացնէր զայն փոխադրելը եւ պատճառ կը դառնար, որ ան շատ շուտ փտտի, յատկապէս տաք շրջաններուն մէջ: Այս խնդիրը լուծելու համար, երկրագործները կ՛օգտագործեն Անտեան լեռներու շատ ցուրտ կլիման: Ձմրան գիշերները, անոնք հաւաքուած գետնախնձորները կը ձգէին դուրսը` գետինը, որպէսզի անոնք սառին: Օրուան ընթացքին, արեւուն տաքութիւնը զանոնք կը հալեցնէր: Ապա, երկրագործները ոտնակոխ կ՛ընէին կակղցած գետնախնձորները, անոնց մէջէն ջուրը հանելու համար: Այս գործողութիւնը կը կրկնուէր բազմաթիւ օրեր, մինչեւ գրեթէ ամբողջ ջուրը քամուէր: Այս ձեւով աւելի թեթեւ դարձած գետնախնձորները աւելի դիւրութեամբ կը փոխադրուէին եւ կը պահուէին ու կը դիմանային երկար ժամանակ առանց փտտելու:
***
Այս գետնախնձորները ճանչցուած էին չունիօ անունով: Անոնք շատ կարեւոր սնունդի աղբիւր կը դառնան էնքա կայսրութեան համար: Այս կայսրութիւնը կ՛երկարէր պաղ Անտեան լեռներէն մինչեւ Խաղաղական ովկիանոսի երկայնքին տաք անապատները: Այս թեթեւ կշռող ուտելիքը կը ծառայէր կերակրելու զինուորները, բանուորները եւ տարբեր համայնքներ` չորութեան եւ ուտելիքի պակասի ժամանակներուն:
Իրենց ուսումնասիրութեան մէջ, հնագէտները նշեցին, թէ չունիօն կարելի էր պատրաստել միայն լեռնային բարձր շրջաններուն վրայ: Նկատի ունենալով, որ Թամպօ Վիէ խօն կը գտնուի ծովեզերեայ շրջանի մը մէջ, անոնք կը հաւատան, թէ գետնախնձորները հոն բերուած են Անտեան լեռներէն, հաւանաբար լամաներու կարաւաններու միջոցով:
Ըստ մասնագէտներուն, այս գետնախնձորները պարզ երեւոյթ մը չեն պատմութեան մէջ: Անոնք կը փոխանցեն դաս մը ուտելիքի ապահովութեան եւ վատնումը նուազեցնելու ծիրին մէջ: Մարդ-արարածը տակաւին շատ բաներ ունի սորվելու անցեալի ժողովուրդներէն: Ուտելիք ապահովելը գլխաւոր մտահոգութիւն մըն է նոյնիսկ ներկայիս. հակառակ ասոր, մարդիկ տակաւին կը շարունակեն ուտելիքի վատնումը…
Նիւ Եորքի Ազատութեան Արձանը
Սկիզբը Ծառայած Է Իբրեւ Փարոս
Գիտէի՞ր, թէ 1886-ին, բացումէն մէկ ամիս ետք, ան ծառայած է իբրեւ փարոս` 16 տարիներու ընթացքին, եւ անոր ջահը տեսանելի էր 38 քմ հեռաւորութենէն:
***
Սակայն այս պաշտօնական բացումէն շատ առաջ, այս արձանին գաղափարը արդէն յղացուած էր 1865-ին: Եւ անոր շինութիւնը վերջ պիտի գտնէր 1876-ին, Միացեալ Նահանգներու անկախութեան հարիւրամեակին առիթով: Սակայն տնտեսական ծանր հարցերու պատճառով այս բացումը վերջապէս տեղի պիտի ունենար ծրագիրին առաջին մանրակերտներէն 20 տարիներ ետք: Մինչ այդ, սպասելով, որ անհրաժեշտ գումարները հաւաքուին, արձանէն տարբեր բաժիններ ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ. օրինակի համար, անոր գլուխը ցուցադրուեցաւ Փարիզի միջազգային ցուցադրութեան ընթացքին, 1878-ին, իսկ անոր ջահը զետեղուած մնաց Մատիսըն Սքուէրի մէջ երկար տարիներ: Վերջապէս, զայն կազմող բոլոր 350 մասերը Նիւ Եորք հասան 1885-ին, եւ անոր բացումը կատարուեցաւ նախագահ Քլիվլընտի կողմէ, 28 հոկտեմբեր 1886-ին:
Գիտէ՞իր, Թէ
Մեր Ուղեղը Կը Բանի
Նաեւ Քունի Ընթացքին
Երբ մենք կը քնանաք, մեր ուղեղը կը շարունակէ աշխատիլ: Ան կը ձերբազատի օրուան ընթացքին կուտակուած բոլոր «թունաւոր» նիւթերէն եւ կը վերահաստատէ կապերը ջղային բջիջներուն միջեւ: Քանի ժամանակը մեծ աշխատանքի շրջան մըն է ուղեղի համար, այդ ժամանակին ընթացքին բազմաթիւ բնաքիմիական եւ մարմնին գործունէութեան հետ կապ ունեցող գործընթացներ տեղի կ՛ունենան: Ուղեղը կը մասնակցի մեր աճի աշխատանքներուն, ոսկորներուն նորոգումին, մարմնի պաշտպանողական դրութեան եւ նոյնիսկ մեր մորթի վերանորոգման: Դանդաղ քունի շրջանը կը մասնակցի նաեւ մեր շնչառական, սրտի եւ գեղձերու դրութիւններուն մէջէն «թունաւոր» նիւթերէ ձերբազատելու:
Ահա թէ ինչո՛ւ կարեւոր է, որ մենք գիշերը բաւարարաչափ եւ հանգիստ քուն մը անցընենք:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ
գոյութիւն ունեցող 7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:




