Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Սովորութիւն է ամէն յունիս 21-ին` ամրան առաջին օրը, Երաժշտութեան տօնը նշել` աշխարհին չորս կողմերը տարբեր քաղաքներու մէջ կազմակերպելով տեսակաւոր երգահանդէսներ, երաժշտութեան ունկնդրութիւններ եւ երաժշտական զանազան ձեռնարկներ: Սակայն ուրկէ՞ կու գայ այս երաժշտութիւնը:
* * *
Երաժշտութիւնը ծնած է մարդկութեան հետ: Մեզի ծանօթ ամէնէն հին երաժշտական գործիքը 40 հազար տարուան սրինգ մըն է, որ գտնուած է Գերմանիոյ քարայրներէն մէկուն մէջ: Շնորհիւ ուրիշ հնագիտական պեղումներու` գտնուած են երաժշտական գործիքներ փալէոլիթիք շրջանէն, այսինքն երբ մարդ արարածը յայտնուած է:
Այդ ժամանակաշրջանին նախապատմական մարդիկ երաժշտական գործիքներ կը շինէին իրենց շուրջը գտնուած նիւթերով` ոսկորներ, քարեր, անասուններու մորթ… Անոնք կը ներշնչուէին բնութեան մէջ իրենց լսած ձայներէն: Մասնագէտները կ՛ենթադրեն, թէ անոնց համար երաժշտութիւնը ծիսակատարութիւն մըն էր եւ կը գործածուէր ոգիներուն հետ հաղորդակցելու համար:
* * *
Մինչեւ միջին դարեր
Հին ժամանակներուն` նախապատմական շրջանին, երաժշտութիւն բանաւոր կը փոխանցուի: Յունաստանի մէջ կը գործածուէին` սրինգներ, տաւիղներ, սիթարներ…
Հռոմի մէջ զինուորները կը փչէին պրոնզէ երկար շեփորի ձեւով գործիքներու մէջ` հրահանգներ փոխանցելու համար:
Միջին դարերուն է, որ կը ծնին խազերը: Երաժշտութիւնը կը գրուի մագաղաթներու վրայ` զայն յիշելու համար: 9-րդ դարուն կը ծնին խազերուն նախահայրերը: Այս նշանները կը դրուին երգերուն բառերուն վրայ:
Այդ ժամանակաշրջանին մէկ կողմէն գոյութիւն ունի կրօնական երաժշտութիւնը` վանականներուն կողմէ յօրինուած, իսկ միւս կողմէ` աշխարհիկ երաժշտութիւնը, որ կը նուագուի հրապարակներուն վրայ` բնակիչները զուարճացնելու համար:
– Վերածնունդ, Պարոք եւ Դասական
Վերածնունդի շրջանին, այսինքն` 14-րդ դարէն սկսեալ, երաժշտութիւնը ինքնին կը դառնայ զուարճութեան առարկայ. շնորհիւ տպագրութեան գիւտին` կը սփռուին երաժշտական կտորները:
Ապա կու գայ պարոք շրջանը` իր յօրինողներով, ինչպէս` Մոնթէվէրտի, Վիվալտի կամ Պախ. երաժշտութիւնը պարզապէս երգերու ընկերանալու համար չի յօրինուիր: Երաժիշտները կը նուագեն զոյգ-զոյգ երեք անձերով, չորս անձերով, հինգ անձերով… Այս ժամանակաշրջանին է նաեւ, որ կը ծնի օփերան: Ան մուտք կը գործէ միայն երաժշտախումբի մը կողմէ կատարուած կտորով մը: Վերջն է, որ կը սկսի ամբողջական ներկայացումը:
1750 թուականին ծնունդ կ՛առնէ դասական երաժշտութիւնը` վայելուչ եւ թեթեւ: Դաշնակը կը փոխարինէ քլավսենը, յարադաշնակը, եւ նշոյլները կը յստականան փիանիսիմայէն մինչեւ ֆորթիսիմօ: Նուագախումբերը կազմուած կ՛ըլլան 30-40 նուագողներէ: Ասիկա Մոցարթի ժամանակաշրջանն է:
– Ռոմանթիզմ եւ 20-րդ դար
19-րդ դարը ռոմանթիզմի դարն է: Երաժշտութիւնը կարելիութիւն կու տայ զգացումները արտայայտելու: Այս ժամանակաշրջանի ամէնէն ծանօթ յօրինողներէն մէկն է Շոփենը, որ մեծ դաշնակահար էր: Նուագախումբերը կրնան մինչեւ 100 նուագողներէ կազմուած ըլլալ:
19-րդ դարու վերջաւորութեան, ելեկտրականութեան շնորհիւ, երաժշտութիւնը ամբողջովին կը փոխուի. կարելի կ՛ըլլայ զայն արձանագրել, տան մէջ մտիկ ընել ուզած ժամանակ, զայն ուրիշներու փոխանցել:
20-րդ դարուն, երաժշտական նոր տեսակներ կը ծնին. ռոք, ռեկկէ, ռափ… Նաեւ կը զարգանայ մեքենաներով եւ համակարգիչներով ստեղծուած ելեկտրոնային երաժշտութիւնը:
Այժմ երաժշտութիւնը ամէն տեղ է` ժապաւէններու մէջ, պատկերասփիւռին վրայ, փողոցին մէջ… Կարելի է զայն ձայնասփիւռէն ունկնդրել, կամ պարզապէս` անձնական սմարթֆոնին վրայ: Երաժշտութիւններ գոյութիւն ունին ըստ իւրաքանչիւրի ճաշակին:
Գիտէի՞ր, Թէ…
– Միացեալ Նահանգներու Արիզոնա նահանգին մէջ Եումայի շրջանը տարեկան 4000 ժամ արեւ կ՛ունենայ` դառնալով աշխարհի ամէնէն արեւոտ շրջանը: Մինչ ամէնէն նուազ արեւոտ շրջանը հարաւային բեւեռն է, ուր արեւը կը փայլի տարեկան 182 օր միայն:
– Դլփինին ուղեղին մէկը միայն կը քնանայ, մինչ միւս կէսը միշտ արթուն կը մնայ:
– Կատուին ոսկորներուն 10 առ հարիւրը կը գտնուի անոր պոչին մէջ:
– Մինչ մեր ոսկորներուն մէկ քառորդը կը գտնուի մեր ոտքերուն մէջ:
– Լուսինը շատ տաք է, մօտաւորապէս 106 աստիճան տաքութիւն` օրուան ընթացքին, իսկ գիշերը` – 117 աստիճան:
– Լուսնթագը մեր արեգակնային դրութեան ամէնէն արագ դարձող մոլորակն է. ան իր առանցքին վրայ լման շրջան մը կ՛ընէ միայն 10 ժամէն:
– Անջրպետ ղրկուած առաջին անասունները… պտուղի մանր ճանճերն էին: Անոնք անջրպետ ղրկուեցան 1947 թուականին եւ կենդանի վերադարձան երկիր:
– Հարաւային Ատլանտեանի մէջ Թրիսթան տա Քունհա կղզիին վրայ հին ժամանակներուն գետնախնձորը իբրեւ դրամ գործածուած է:
– Կովերը կրնան աստիճաններէն բարձրանալ, սակայն չեն կրնար իջնել առանց օգնութեան:
– Ըստ ԵՈՒՆԵՍՔՕ -ին, տարեկան մօտաւորապէս 2,2 միլիոն գիրքեր կը տպուին:
– Մայա ժողովուրդը հնդկահաւերը իբրեւ չաստուած կը պաշտէին:
– Գիտէի՞ր, թէ թատրոնը հնարուած է հին յոյներուն կողմէ:
– Հին եգիպտացիները աւելի քան 2000 չաստուածներ կը պաշտէին:
– Սպանիա, Շուէտ եւ Զուիցերիա Բ. Համաշխարհային պատերազմին չէզոք մնացին եւ չմիացան որեւէ կողմի:
– Հնդկաստանի մէջ Մեկալայիայի Մաուսիրնամ շրջանը աշխարհի ամէնէն շատ անձրեւոտ շրջանն է: Հոն տարեկան անձրեւի քանակը մօտաւորապէս կը հասնի 11.871 մմ-ի:
Ժամանց
Կրնա՞ս գտնել ելքի ճամբան:
Կրնա՞ս գտնել 2 պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող
7 տարբերութիւնները:
Կրնա՞ս գտնել պատկերին մէջ պահուած առարկաները:
Կրնա՞ս գտնել տախտակին մէջ պահուած թիւերը:





