Հետաքրքրական. Հայկական Ծիրանին Պատմութիւնը
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ծիրանը կը համարուի Հայաստանի ամենավառ խորհրդանիշներէն մէկը` զիջելով միայն Արարատին եւ նուռին: Մինչեւ իսկ ծիրանին լատինական անուանումը` Prunus Armeniaca, կը յուշէ, թէ որքա՛ն հայկական է այս պտուղը: Ծիրանը Հայաստանի մէջ յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն: Պեղումներու ընթացքին Գառնիի մէջ յայտնաբերուած են ծիրանի կորիզներ: Շատ մը գիտնականներ նաեւ կը պնդեն, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացին ծիրանը Հայաստանէն տարեր է Յունաստան` զայն ներկայացնելով...




















