Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Հայերուս համար Զատիկը բնութեան զարթօնքը խորհրդանշող ամենամեծ եւ ամենասպասուած տօնն է: Շարժական այս տօնը (մարտ 22-էն մինչեւ ապրիլ 25) կը նշուէր ճոխ հանդիսութեամբ եւ մեծ կազմակերպուածութեամբ: Ի տարբերութիւն այլ տօներու` Զատիկը նոյն ձեւով կը նշուէր Հայաստանի գրեթէ բոլոր շրջաններուն մէջ եւ ամէնուր ծանօթ էր միեւնոյն անուանումով` «Զատիկ», «Մեծ Զատիկ», «Ջոջ Զատիկ»:
Ազգագրագէտները Կը Պատմեն…
Հայաստանի շատ մը շրջաններու մէջ Զատկուան նախօրեակին մեծ մաքրութիւն կը կատարուէր: Տանտիկինները կը մաքրէին տան բոլոր սենեակները, խոհանոցը, մառանը… կը փայլեցնէին ամանեղէնն ու սպասքը, կը լուային անկողինները, հագուստները: Երեխաներուն համար կարմիր հագուստներ կը կարէին, բաղնիք կ՛երթային Զատիկը մաքուր դիմաւորելու համար:
* * *
Զատկուան տօնակատարութիւնները կը սկսէին Աւագ հինգշաբթի: Երեկոյեան կը սկսէր ժամերգութիւնը, որ կը տեւէր մինչեւ լոյս եւ կը կոչուէր խաւարում: Այդ օրը գլուխ չէին լուար, որպէսզի չխելագարին, օճառ չէին օգտագործեր, որպէսզի կսկիծ չտեսնեն:
Եկեղեցիէն բերուած օրհնուած իւղը կը քսէին աչքերուն եւ ճակատին, ինչպէս նաեւ` անասուններու հիւանդ մասերուն, որպէսզի բուժուին: Իւղէն փոքր չափաբաժին մըն ալ կը դնէին իւղի կարասներուն մէջ` ամբողջ տարին առատ իւղ ունենալու համար:
* * *
Զատկուան սեղանի անբաժան մասը կը կազմէին` բրինձով եւ չամիչով եղինձը, կարմիր ներկուած հաւկիթը, բաղարջ անթթխմոր հացը, ձուկը, կարմիր գինին, ինչպէս նաեւ` գարնան խորհրդանիշը հանդիսացող զանազան կանաչեղէնները:
Զատկուան սեղանին սովորութիւն էր ածիկ ունենալ (ծլած գարի կամ ցորեն): Ածիկը համարուած է որպէս գարնան զարթօնքի խորհրդանիշ, նաեւ ունեցած է յարութեան գաղափարը, այսինքն սերմը մինչեւ որ հողին մէջ չիյնայ եւ չյառնի, կեանք չ՛ունենար:
* * *
Զատկուան տօնին սովորութիւն էր եօթը օրհնուած բաղարջ թխել` որպէս ճոխութեան, հարստութեան նշան: Երբեմն բաղարջին մէջ նաեւ մետաղադրամ կը դնէին: Այդ եօթը բաղարջները կը խորհրդանշէին Զատիկէն եօթը շաբաթ առաջ սկսած պահքը: Բաղարջը անթթխմոր հացն էր: Յիսուս Խորհրդաւոր ընթրիքի ժամանակ հացը բաժնելով ըսաւ` «Այս է մարմինն իմ»:
* * *
Վարկածի մը համաձայն, բրինձով եւ չամիչով եղինձը շատ խորիմաստ է: Բրինձի հատիկները կը ներկայացնեն ամբողջ մարդկութիւնը, իսկ չամիչները` ընտրեալները: Աւետարանին համաձայն, կանչուածները շատ պիտի ըլլան, իսկ ընտրեալները` քիչ: Այսինքն չամիչները կը խորհրդանշեն ընտրեալները, որոնք կ՛ապրին ճշմարիտ կեանքով:
* * *
Զատկուան տօնին խորհրդանիշը կարմիր հաւկիթն էր: Հաւկիթը կը խորհրդանշէր աշխարհը, կեղեւը երկինքն է, թաղանթը` օդը, ճերմկուցը` ջուրը, իսկ դեղնուցը` երկիրը:
Հեթանոսական տօնակատարութեան ժամանակ սովորութիւն էր հաւկիթներ գունաւոր ներկել, գունաւոր սոխակի կամ սիրամարգի գոյներով: Համոզում կար, որ այդ օրերուն սիրամարգը կը բանար իր պոչը` իր պոչին պէս գունեղ դարձնելով շրջապատը:
Մինչդեռ քրիստոնեայ Զատկուան առիթով հաւկիթները կարմիր կը ներկուէին: Կարմիր գոյնը կը խորհրդանշէր Յիսուսի արիւնը` թափուած մարդկութեան փրկութեան համար: Քրիստոնեաներուն մօտ հաւկիթը ունէր երկրի եւ նոր կեանքի խորհուրդը: Ներկուած հաւկիթները սովորութիւն էր դնել նախօրօք աճեցուած ածիկի մէջ: Ածիկը ծլած ցորենն է, որ կը համարուէր մեռնող ու յառնող կեանքի խորհրդանիշ: Այսինքն ցորենը կը ցանես` կը մեռնի, յետոյ կը ծլի եւ միջուկէն դուրս կու գայ կանաչը` խորհրդանշելով նոր կեանքի սկիզբը:
* * *
Զատկուան տօնին անբաժան մասն էր նախնիներու պաշտամունքը, որ կը դրսեւորուէր մեռած հարազատներու գերեզմանները այցելութեամբ: Գերեզման կը տարուէր տօնական ուտելիքներուն մէկ մասը եւ խնճոյքներ կը կազմակերպուէին: Իսկ Զատկուան ամբողջ օրը եւ գիշերը տօնական սեղանը բաց կը մնար, նոյնպէս ալ` տան դռներն ու պատուհանները, որպէսզի մահացած հարազատները կարենան օգտուիլ տօնական հիւրասիրութենէն:
Զատկուան Յարդարանքներ
Բնութեան զարթօնքը աւետող Զատիկը լիարժէք նշելու համար պէտք է նաեւ մտածել տօնը ոգեկոչող յարդարանքներու մասին:
Ստորեւ կը ներկայացնենք Զատկուան յարդարանքի քանի մը հետաքրքրական տարբերակներ, որոնց իրագործումը արագ եւ դիւրին է, իսկ դուք ձեր երեւակայութեան զարկ տալով` կրնանք առաջարկուած նմուշներու պզտիկ փոփոխութիւններով ստեղծել ձեր տարբերակը:
Գինիի շրջուած բաժակներ, անձեռոցիկներ, ճիւղեր, ածիկներ եւ ճնշումով շիշեր… սովորական իրեր, զորս բոլորս ալ ունինք մեր տուներուն մէջ:
Առողջապահական
Ծանօ՞թ Էք Ցերեկային Մրափին
Անհամար Բարիքներուն
Ցերեկային մրափը` սիեսթը, անհաւատալի օգուտներ ունի մեր մտաւոր եւ ֆիզիքական առողջութեան վրայ: Այս օգուտները ենթադրութիւններ չեն, այլ` գիտականօրէն հաստատուած ճշմարտութիւններ: Եւ այսպէս`
– Ցերեկային մրափը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը: 2017-ին անգլիացի հետազօտողներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութեան մը համաձայն, ցերեկային մրափը կը բարելաւէ տրամադրութիւնը այն պարզ պատճառով, որ ուղեղը առատօրէն կը մատակարարուի լաւ տրամադրութեան հորմոնով` սերոթոնինով:
– Ցերեկային մրափը կը խթանէ սորվելու կարողութիւնը եւ յիշողութիւնը: Այո՛, այս կարճ հանգիստը առիթ կու տայ ուղեղին կանգ առնել` դիւրացնելու համար նոր տեղեկութիւններու մշակումն ու ընկալումը: Ամփոփելով` մրափը առիթ կու տայ յիշողութեան մէջ գրել նախորդ ժամերուն սորված բաները:
– Ցերեկային մրափը կը նուազեցնէ ընկճախտը: Յոգնածութիւնը կը յանգեցնէ քորթիզոլի` ընկճախտի հորմոնի մակարդակի բարձրացման: 2015-ին կատարուած հետազօտութիւն մը, որ հրատարակուած է «Ճըռնըլ աֆ քլինիքըլ էնտոքրինոլօճի էնտ մեթապոլիզմ»-ի մէջ, կը հաստատէ, որ մրափը կը նուազեցնէ ընկճախտի պատճառով յառաջացած ճնշումը:
– Ցերեկային մրափը կը խթանէ ստեղծագործութիւնը եւ կը պարզաբանէ գաղափարները: Լաւ հանգստացած մարդոց մօտ ստեղծագործական ունակութիւնները կը տասնապատկուին: Պատահական չէ, որ ճափոնական մեծ ընկերութիւններ, ինչպէս նաեւ` Կուկըլը, Ափըլը կամ Մայքրոսոֆթը, իրենց աշխատակիցներուն քնանալու սրահներ տրամադրած են. անոնք շատ աւելի լաւ գիտեն, որ քունը շատ աւելի արդիւնաւէտ կը դարձնէ պաշտօնեաները:
– Ցերեկային մրափը կ՛օգնէ աւելի լաւ ծերանալու: Քունը կը խթանէ բջիջներու վերականգնումը: Քունի ժամանակ կ՛արտադրուին աճի հորմոններ, որոնք կը նուազեցնեն ճարպը, ասիկա կ՛ապահովէ ջղային համակարգի հասունացումը եւ մաշած բջիջներու վերականգնումը:
– Ցերեկային մրափը կը զօրացնէ դիմադրական համակարգը: Գիտականօրէն փաստուած է, որ քունի շնորհիւ` մարդ նուազ խոցելի կը դառնայ գերզգայնութիւններու եւ վարակային հիւանդութեանց նկատմամբ:
– Ցերեկային մրափը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու հաւանականութիւնը: 2019-ին հրապարակուած զուիցերիական հետազօտութեան մը համաձայն, օրուան ընթացքին կարճատեւ քունը կը նուազեցնէ սրտանօթային հիւանդութիւններու եւ սիրտի կաթուածի վտանգը:
– Ցերեկային քունը կը բարձրացնէ զգօնութիւնն ու կեդրոնացումը: ՆԱՍԱ-ի ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, որ կարճատեւ մրափը կ՛օգնէ օդաչուներուն զգօն մնալ երկու ժամ աւելի երկար, քան եթէ անոնք քնացած չըլլան:
Խոհագիր
Զատկուան Չամիչով Եղինձ
Հայկական Զատիկի աւանդական ուտեստներէն մէկն է չամիչով եղինձը: Ազգագրագէտներու կարծիքով, բրինձը կը խորհրդանշէ հայ ժողովուրդը, իսկ չամիչը` այն առաքեալները, որոնք տարածեր են քրիստոնէութիւնը:
Բաղադրիչներ
– 1,5 գաւաթ բրինձ (նախընտրաբար` երկար հատիկներով)
– 1 գաւաթ չամիչ
– 0,5 գաւաթ չիրեր (ծիրան, սալոր…)
– 0,5 գաւաթ մանրուած ընկոյզ
– Լաւաշ հաց (կարելի է փոխարինել լիբանանեան «մարքուք»-ով)
– 50 կ բուսական ձէթ կամ 70 կ կարագ
– Կասիայի փայտիկ մը
Պատրաստութիւն
Բրինձը հոսող ջուրի տակ երկար լուալ եւ ապա եփել` 1 գաւաթին 2 գաւաթ ջուր համեմատութեամբ:
Տապակին մէջ տաքցնել ձէթը կամ կարագը, աւելցնել կասիայի փայտիկը, չամիչը եւ մնացեալ չիրերն ու մանրուած ընկոյզը: Տեւաբար խառնելով` եփել, մինչեւ որ չամիչները ուռին:
Կաթսային յատակը քիչ մը բուսական ձէթ դնել կամ կտոր մը կարագ հալեցնել, ապա կտրատուած հացի կտորներով ծածկել ու թեթեւակի տապկել: Բրինձն ու տապկուած չիրերը խառնել եւ աւելցնել հացին վրայ: Դգալով քիչ մը տափակցնել բրինձը, կաթսային կափարիչը փակել, կրակը անջատել եւ ձգել, որ բրինձը 5-10 վայրկեան հանգչի:
Մատուցման պահուն կաթսան շրջել ներկայանալի բաց ամանի մը վրայ այնպէս մը, որ կարմրած հացերը երեսը յայտնուին:
*
* * *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Եթէ Կամենաս
Եթէ կամենաս, եթէ հաւատաս`
Գալիքը լոյս է.
Եւ մինչեւ անգամ մահը վաղահաս
Յարութեան յոյս է…
Ես գուցէ իյնամ երազի ճամբան,
Ինձ համար ուշ է.
Բայց դուն կը տեսնես պայծառ ապագան,
Որ այսօր յուշ է…
Եթէ ականջ տաս հայոց լեռներուն`
Սիրտը ժիր զանգ է.
Եւ մինչեւ անգամ օտար տեղ ու տուն
Հայրենի վանք է…
Մ. ԻՇԽԱՆ