Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Մեր մշակոյթի ամենագեղեցիկ եւ խորհրդաւոր արժէքներէն են հայկական ծիսական տիկնիկները: Անոնց մէջ ամփոփուած է մեր ժողովուրդին մտածողութիւնը: Անցեալին ժողովուրդը զանոնք օժտեր է մոգական ուժով, չարը խափանող, վտանգներէն զերծ պահող եւ յաջողութիւն ապահովող յատկութիւններով: Տիկնիկներուն միջոցով անոնք ձգտած են ապահովել բերք ու բարիքի առատութիւնը, պտղաբերութիւնը, արգասաբերութիւնը, ինչպէս նաեւ` ընտանեկան ու անձնական յաջողութիւնները: Սովորաբար հայկական ծիսական տիկնիկներ պատրաստած են կիները օգտագործելով տարբեր նիւթեր` փայտ, թելեր, կաւ, մետաղ, կաշի, մուշտակ, մազ, խմոր…
Վիճակի Արուս
Վիճակի Արուսը համարուած էր Համբարձման տօնի խորհրդանիշ տիկնիկը: Բացի վիճակի փարչէն գիւղի աղջիկները կը պատրաստէին նաեւ վիճակի տիկնիկը` Արուսը եւ զայն կ՛ամրացնէին փարչի գլխուն:
«Վիճակի Արուս»-ը պատրաստելու համար երիտասարդուհիները կը վերցնէին ճիպոտ մը, վերի մասին կը հաստատէին փայտ մը` ստանալու համար խաչաձեւ յարմարանք մը, որուն կը հագցնէին կանացի հագուստը: Տիկնիկը կ՛ունենար ճակատնոց, ոսկեշար մանեակ, կուրծքին` ճոխ զարդեր:
Առողջապահական
Ձեր Անձնական Իրերը
Ուրիշին Հետ Մի՛ Կիսուիք
Տան մէջ կամ ճամբորդութեան ընթացքին ձեր անձնական իրերը ուրիշին հետ մի՛ կիսուիք եւ` հակառակը: Անձնական իրերը կարելի չէ փոխ տալ (կամ փոխ առնել) ո՛չ ընտանիքի անդամներուն, ո՛չ ալ ամենամօտիկ ընկերուհիին: Բժիշկները եւ մասնաւորաբար մաշկաբանները կը զգուշացնեն հետեւեալ 6 իրերը կիսուելէ ուրիշի հետ:
ՄԱԶԻ ԽՈԶԱՆԱԿի միջոցով կը փոխանցուին մաշկային հիւանդութիւններ: Այս պատճառով ալ պէտք է հրաժարիք ուրիշին մազի խոզանակը գործածելէ եւ կամ ձերը ուրիշին փոխ տալէ:
ԿՕՇԻԿԻ ԿԱՄ ՄՈՒՃԱԿի միջոցով կը փոխանցուին սնկային հիւանդութիւններ: Հետեւաբար այս անձնական իրերը ուրիշէն փոխ մի՛ առնէք, բայց նաեւ երբ խանութ կ՛երթաք կօշիկ կամ մուճակ գնելու, ձեզի հետ վերցուցէք զոյգ մը գուլպայ եւ զանոնք կրեցէք նախքան փորձելը: Լաւ իմացէք, որ ձեր փորձած կօշիկները տասնեակ անգամներ փորձած են ուրիշներ:
ԵՐԵՍԻՆ ԵՒ ԼՈԳԱՆՔԻ ՍՐԲԻՉՆԵՐԸ եւս պէտք է ըլլան անհատական: Ընտանիքի անդամներէն իւրաքանչիւրը պէտք է ունենայ ի՛ր սրբիչը: Սրբիչները պէտք է լուացուին մէկ-երկու գործածութենէ ետք եւ պէտք չէ զանոնք խոնաւ ու գոց տեղ պահել:
ՇՐԹՆԵՐԿՆ ՈՒ ԱՉՔԵՐՈՒ ՍՏՈՒԵՐԱՆԵՐԿԸ յարմար միջոցներ են հերփես կոչուած հիւանդութեան փոխանցման: Երբ շրթներկ պիտի ընտրէք, երբե՛ք չգործածէք որպէս էշանթիոն դրուած նմուշը, զոր գործածած ու փորձած են հարիւրաւոր յաճախորդներ: Ստուերաներկը նոյնպէս շատ արագ կը փոխանցէ գերզգայնական հիւանդութիւններ: Աչքի բորբոքումները կանխելու համար թելադրելի է, որ զայն վերապահէք միայն ձեզի:
ԱԾԵԼԻՆ պէտք է գործածուի մէկ անձի կողմէ: Քերթուածքի պարագային, արիւնի միջոցով ամէնէն աննշան հիւանդութիւնն իսկ կը փոխանցուի: Ածելին ուրիշին փոխ տալը խիստ բացառուած է:
ԱԿՌԱՅԻ ԽՈԶԱՆԱԿԸ բերնին հետ կապուած վարակներ փոխանցելու արագ միջոց է: Նոյնիսկ եթէ միայն դուք էք գործածողը, զայն պէտք է առնուազն 6 ամիսը անգամ մը փոխարինէք նորով մը:
Գեղեցկագիտական
5 Ուտելիքներ, Որոնցմէ Կարելի Է
Գեղեցկագիտական Արտադրանքներ Պատրաստել
Ինչո՞ւ աւելորդ դրամ մսխել եւ գեղեցկագիտական սերեր ու օծանելիքներ գնել, երբ խոհանոցը` մեր ձեռքին տակ ունինք ուտելիքներ, որոնք թէ՛ նոյն դերը կը կատարեն: Եւ այսպէս`
1
ԳԵՏՆԱԽՆՁՈՐԸ` աչքի տակի մութ բիծերը ջնջելու համար: Հում գետնախնձորի երկու բարակ շերտեր կտրեցէք եւ զանոնք զետեղեցէք ձեր փակ աչքերուն վրայ, սպասեցէք քառորդ ժամ: Կրկնեցէք շաբաթը քանի մը անգամ:
2
ՆԱՐԻՆՋԸ ԵՒ ԿԻՏՐՈՆԸ` դէմքին փայլք եւ առողջ տեսք տալու համար: Կէս կիտրոնի եւ կէս նարինջի մաքուր կեղեւները կտրատեցէք, վրան աւելցուցէք շուրջ 25 մլ մաքուր ջուր: Ամբողջ գիշեր մը թող թրմի, ապա քամոցէ անցուցէք եւ ստացուած հեղուկը լեցուցէք ցօղացիրի մէջ: Օգտագործեցէք ամէն առտու:
3
ՁԻԹԱՊՏՈՒՂԻ ՁԷԹԸ` եղունգներուն համար: Կիրոտ ջուրը, մաքրութեան քիմիական դեղերը, ոչ հաւասարակշռուած սնունդը պատճառ կը դառնան, որ ձեր եղունգները վնասուին, տկարանան ու կոտրտին:
10 սլ ձիթապտուղի ձէթը քիչ մը տաքցուցէք, կէս կիտրոնի հիւթ աւելցուցէք եւ այդ խառնուրդով օրական 10 վայրկեան մարձեցէք ձեր եղունգները:
4
ԱՒՈՔԱՏՈՆ` չոր մազերը դարմանելու համար: Կէս աւոքատոյի միջուկը ճզմեցէք, աւելցուցէք մէկ թէյի դգալ ձիթապտուղի ձէթ եւ ստացուած միատարր թանձրուկը տարածեցէք ձեր խոնաւ մազերուն վրայ: Սպասեցէք կէս ժամ, ապա առատօրէն ցօղուեցէք: Ծեփուկը աւելի արդիւնաւէտ կ՛ըլլայ, եթէ ձեր գլխուն կերպընկալ գլխարկ մը դնէք:
5
ՏՈՒՐՄԸ` առողջ տեսք տալու համար: Անթիօքսիտան յատկութիւններով օժտուած տուրմը նաեւ կը փափկեցնէ եւ կը խոնաւցնէ ձեր դէմքին մորթը եւ առողջ տեսք կու տայ անոր: Մանրալիքին մէջ 6 քառակուսի սեւ տուրմ հալեցուցէք եւ զայն տարածեցէք ձեր դէմքին վրայ: Սպասեցէք քառորդ ժամ: Քաքաոյին ճարպաթթուները կը թարմացնեն մորթը, իսկ անթիօքսիտանները զայն կը պաշտպանեն կանխահաս ծերացումէ:
Ոճաբանին Կարծիքով
Զգուշացէք Այս 6 Գոյներէն
Շատ բնական է, որ հագուստ կամ լողազգեստ ընտրելու ատեն հաշուի առնէք ձեր կազմուածքը: Եթէ դուք արդէն գիտէք, որ շատ նեղ կամ շատ լայն հագուստները յանձնարարելի չեն լեցուն կազմուածքով անձերուն, արդեօք գաղափար ունի՞ք, թէ ո՛ր գոյները նոյնպէս թոյլատրելի չեն, եթէ կ՛ուզէք աւելի սլացիք կամ նիհար երեւիլ:
Ոճաբանները կը զգուշացնեն հետեւեալ 6 գոյներէն յատկապէս լողազգեստ ընտրելու պարագային: Ոճաբաններուն խորհուրդները վերջնական ճշմարտութիւններ չեն, բայց եւ այնպէս ձեզի կ՛օգնեն գնումի ժամանակ ճիշդ ընտրութիւններ կատարելու:
– ԿԱՐՄԻՐԸ եւ յատկապէս վառ կարմիրը աչքի կը զարնեն ու կը շեշտեն կազմուածքի որոշ թերութիւններ:
– ՆԱՐՆՋԱԳՈՅՆԸ, որ այս տարի գարուն-ամառ նորաձեւութեան փառատօներուն տիրական էր, նոյնպէս «գիրցնելու» յատկութիւն ունի:
– ԴԵՂԻՆԸ ամէնէն հալածուած գոյնն է. վերջերս շատ կը խօսուի անոր բացասական ազդեցութեան մասին: Արեւի, լոյսի խորհրդանիշ դեղինը թէեւ բարձր տրամադրութիւն եւ լաւատեսութիւն կը հաղորդէ, սակայն յանձնարարելի չէ «կլոր» կազմուածքով կիներուն:
– ՃԵՐՄԱԿԸ նոյնպէս «սեւ ցանկ»-ի վրայ է: Ոճաբաններուն կարծիքով, պէտք է առհասարակ հրաժարիլ շատ բաց գոյնի հագուստներէն եւ մասնաւորաբար ճերմակէն, որ թերութիւնները շեշտելու անպատեհութիւնը ունի:
– ՓԱՅԼՈՒՆ գոյները` ոսկեգոյնը, արծաթագոյնը, ուշադրութիւն կը գրաւեն: Անոնք աւելի եւս կը շեշտեն մեծ կուրծքերը, լայն կոնքերը, փորը եւ այլն…
* * *
Այս առիթով եկէք անգամ մը եւս յիշենք այն 5 գոյները, որոնք կ՛օգնեն մեր կազմուածքին աւելի նիհար ու սլացիք տեսք տալու: Այդ հրաշալի գոյներն են` սեւը, լազուարթը, մոխրագոյնը, շագանակագոյնն ու գինեգոյնը:
Խոհագիր
Կաթնապուր (Կաթնով)
Այսօր Համբարձում է. անցեալին Համբարձման առտուն բոլոր ընտանիքները կաթնապուր պատրաստելու գործին կը լծուէին: Որոշ շրջաններու մէջ կաթնովը կ՛եփէին խմբովի, թաղերով, կամ դրացիներով եւ քանի մը շերեփ կը թափէին արտերուն շուրջը` հունձքին առատութիւնը ապահովելու եւ արտը մարախներէն եւ կարկուտէն պաշտպանելու նպատակով:
Ամէնուրեք այդ օրուան կաթնապուրը` որպէս մատաղ, կը բաժնուէր առնուազն եօթը տեղ: Շատ մը շրջաններու մէջ Զատիկէն մինչեւ Համբարձում կաթնապուր չէին ուտեր, եւ Համբարձման առաջին անգամ եփուող կաթնապուրը կ՛ուտուէր յատուկ հանդիսութեամբ:
Բաղադրիչներ
– 1 լիթր կաթ
– 120 կ կլոր հատիկով բրինձ
– 70 կ շաքար
– Պտղունց մը վանիլլա կամ ծաղիկի ջուր
Պատրաստութիւն
Թեթեւ կրակի վրայ տաքցնել կաթը, երբ եռալու սկսի, աւելցնել բրինձը եւ եփել շուրջ 45 վայրկեան շատ տկար կրակի վրայ` մերթ ընդ մերթ խառնելով: Երբ խառնուրդը թանձրանալու սկսի, աւելի յաճախակի խառնել, եւ երբ բրինձը եփի, կաթսան կրակին վրայէն հանել, շաքարը եւ ծաղիկի ջուրը կամ վանիլլան աւելցնել ու դարձեալ խառնել, մինչեւ որ շաքարը լուծուի:
Կաթնապուրը լեցնել ներկայանալի փոս ամաններու մէջ եւ սառնարան փոխադրել: Մատուցման ժամանակ երեսը զարդարել փոշի կասիայով կամ ընկուզեղէնով կամ չոր միրգերով:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Համբարձում է, գարուն է,
Ջա՜ն, ծաղիկ, ջա՜ն, ջա՜ն,
Մեր վիճակը սիրուն է,
Ջա՜ն, վիճակ, ջա՜ն, ջա՜ն:
Էս գիշեր լուսը տեսայ
Ջա՜ն, ծաղիկ, ջա՜ն, ջա՜ն,
Իմ եարը դուսը տեսայ:
Ջա՜ն, վիճակ, ջա՜ն, ջա՜ն:
Կայնել ես վարդի հովին,
Ջա՜ն, ծաղիկ, ջա՜ն, ջա՜ն,
Քամին տայ ծոցիդ մովին:
Ջա՜ն, վիճակ, ջա՜ն, ջա՜ն:
Ամէն քեզի տեսնելիս,
Ջա՜ն, ծաղիկ, ջա՜ն, ջա՜ն,
Համ` Համբարձում, համ` Զատիկ:
Ջա՜ն, վիճակ, ջա՜ն, ջա՜ն:
Մանի ասեմ ու շարեմ,
Ջա՜ն, ծաղիկ, ջա՜ն, ջա՜ն,
Լցնեմ տոպրակն ու կարեմ:
Ջա՜ն, վիճակ, ջա՜ն, ջա՜ն: