Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Վարդավառը նաեւ ծանօթ է Այլակերպութեան կամ Պայծառակերպութեան տօն անունով. անիկա Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն մէկն է: Շարժական այս տօնը կը կոչուի Զատիկին յաջորդող 14-րդ կիրակին, իսկ այս տարի կը զուգադիպի յառաջիկայ կիրակի, 16 յուլիսին:
* * *
Վարդավառ բառը տարբեր ստուգաբանութիւններ ունի. բոլորն ալ կը բնութագրեն տօնին հազարամեայ խորհուրդները:
Տարբերակի մը համաձայն, Վարդավառ բառը կազմուած է վարդ-ջուր եւ վառ-սրսկել, լուալ արմատներէն եւ կը նշանակէ ջրցանութիւն, որ տօնին հիմնական սովորութիւնն է:
Կան կարծիքներ, որ տօնին հիմքը «վառ» բառն է, եւ տօնը նուիրուած էր Աստղիկին (ջուրի, սիրոյ, պտղաբերութեան ու գեղեցկութեան աստուածուհի) սիրելի հրավառ Վահագնին:
* * *
Ըստ աւանդազրոյցի մը, ջրցօղումը կապուած էր ջրհեղեղին հետ, իսկ Աստղիկը Նոյ նահապետի ջրհեղեղէն ետք ծնած դուստրն էր: Նոյ նահապետը իջնելով տապանէն` ամէն տարի այդ օրը կը պատուիրէր իր զաւակներուն, որ իրարու վրայ ջուր թափեն, որպէսզի յառաջիկայ սերունդները չմոռնան ջրհեղեղի պատմութիւնը:
* * *
Վարդավառ տօնի արարողական մասին հիմնական խորհրդանիշը սրբագործումն է: Մաքրագործումը դրսեւորուեր է ջրցանութեամբ: Ջուրն է այդ օրուան տէրը, ուրախութեան առիթը, տօնը բնութագրողը:
Ինչպէս շատ մը ազգերու, այնպէս ալ հայերուս մէջ ջուրն է կեանք տուողը, պտղաբերողը, մաքրողն ու բժշկողը:
Վարդավառի կիրակին առտու կանուխ իրարու վրայ ջուր կը թափէին, ջրացօղումը կը տեւէր ամբողջ օրը: Հաշուի չէր առնուեր տարիքը, սեռը, հասարակական դիրքը… Ոչ ոք կը դժգոհէր, ոչ ոք կը վիրաւորուէր. ատիկա նաեւ ապացոյց էր այն խոնարհութեան, որ հայ մարդը պատրաստ է ընդունելու սեփական սխալներէ մաքրագործումը, որու ձեռամբ ալ ըլլայ…
* * *
Անցեալին Վարդավառը եղած է ուխտագնացութիւններու ամէնէն յայտնի եւ ուրախ տօնը: Մեր նախնիները հաւաքուած են ջուրի ակունքներուն մօտ, մատաղ կատարած, կերուխում ըրած, երգած ու պարած են: Մշոյ Սուրբ Կարապետ վանքը այդ օրերուն ուխտաւորներ կ՛ընդունէր Արեւմտեան Հայաստանի գիւղերէն ու քաղաքներէն: Մարդիկ ժամանակ առաջ կը պատրաստուէին այդ ուխտագնացութեան, նոյնիսկ պահք եւ ծոմ կը պահէին:
* * *
Վարդավառի տօնը կը զուգադիպէր ցորենի բերքահաւաքին. հետեւաբար մարդիկ իրենց առաջին փունջը խաչփունջ հիւսելով, կը տանէին եկեղեցի` Աստուածամօր սեղանին եւ կը խնդրէին, որ իրենց արտերն ու բերքը պահպանէ:
* * *
Երիտասարդ աղջիկները շաբաթ օրը դաշտերէն «վրդիվերի» կոչուող դեղնագոյն ծաղիկներ կը հաւաքէին, գեղեցիկ պսակներ կը հիւսէին, որպէսզի գիշերը գաղտագողի նետէին իրենց սիրեցեալին բակը: Իսկ սիրահարած երիտասարդները աղաւնիներ կը թռցնէին, եթէ աղաւնին երեք անգամ դառնար սիրած աղջկան տան կտուրին, նոյն աշնանը ամուսնութեան առաջարկ կ՛ընէին աղջկան:
* * *
Սովորութիւն էր մինչեւ Վարդավառ խնձոր չուտել: Շաբաթ օր երիտասարդները յարդի դէզեր կը շինէին եւ երեկոյեան կը սկսէին հերթով վառել զանոնք` իւրաքանչիւրին մէջ խնձոր խորովելով: Այս արարողութիւնը կը տեւէր մինչեւ լուսաբաց, երբ կը վառուէր ամենամեծ դէզը, որուն շուրջ երիտասարդները շուրջպար կը բռնէին: Երգասացութիւն կ՛ըլլար, ինչ որ յարմար առիթ էր իրարու հանդէպ ունեցած զգացումները խորհրդաւոր քառեակներով արտայայտելու:
* * *
Վարդավառը ընտանիքին անդամները միաւորելու, մինչեւ իսկ ամբողջ ազգատոհմը հաւաքելու խորհուրդը ունի. այդ օրը սովորաբար հայրենի գիւղ, ծնողներու տուն կ՛այցելեն հեռաւոր քաղաքներու մէջ ապրող զաւակներն ու հարազատները` հայրական-պապական յարկի տակ նշելու տօնը:
* * *
Իւրաքանչիւր ծէս ունէր իր ծիսական խոհանոցը, Վարդավառի տօնը բացառութիւն չէր: Տօնին նախօրէին շնորհալի հայ կիները պատրաստեր են տօնական, ծիսական ուտեստներ, թխեր են կրկենի, բաղարջ, կաթնահունց, նազուկ, եփեր են կոլոլակ, հոնասպաս, կորկոտ, ջամբ, դդմաքաշովի եւ այլ աւանդական կերակրատեսակներ:
Եղանակի Պտուղներէն
Սալորը
Սալորը ընդունուած է որպէս բնական միւլթիվիթամին, սակայն քիչեր զայն կանոնաւորաբար օգտագործելու սովորութիւն ունին:
Ա., Սէ., Էօ. կենսանիւթերով, հանքայիններով, մանրաթելերով հարուստ սալորը մեծապէս կը նպաստէ մեր առողջութեան: Ահա թէ ի՛նչ կը կատարուի մեր մարմնին մէջ, եթէ օրական 5 սալոր ուտենք:
1) Կը նուազի արեան մէջ շաքարի մակարդակը:
2) Կը բարելաւուի յիշողութիւնը:
3) Կը կարգաւորուի արեան ճնշումը, կը նուազի սրտի կաթուածի վտանգը:
4) Կը բարելաւուի մարսողական համակարգը:
5) Կ՛ամրանան ոսկորները:
6) Կը բարելաւուի տեսողութիւնը եւ կը նուազի տարիքի հետ կապուած աչքի հիւանդութիւններու վտանգը:
7) Կը կարգաւորուի աղիքներու աշխատանքը:
Կ՛արժէ մտածել…
Ինչպէ՞ս Չէզոքացնել
Կերակուրներուն Հոտը
Իւրաքանչիւր կերակուր ունի իր իւրայատուկ եւ հաճելի համն ու բոյրը. բայց երբեմն որոշ հոտեր կը մերժեն հեռանալ ոչ միայն մեր խոհանոցէն, այլեւ` մեր հագուստներուն, ձեռքերուն եւ մինչեւ իսկ մազերուն վրայէն: Խօսքը կը վերաբերի յատկապէս տապկոցի, ծանր համեմներու, ձուկի, սոխի, սխտորի եւ հաւի հոտերուն:
Մեծ հարց մը չէ, եթէ ընտանիքի անդամներու հետ ենք, երբ հիւրեր չենք սպասեր, բայց հակառակ պարագային` կացութիւնը կը փոխուի…
Ստորեւ կը ներկայացնենք գործնական թելադրանքներ` խոհանոցի եւ կերակուրներու հոտերը չէզոքացնելու համար:
Խոհանոցի Գոգնոց Կրել
Այո՛, յատկապէս տապկոցի ժամանակ խոհանոցի գոգնոցը մեր հագուստները կը պաշտպանէ թէ՛ իւղէն եւ թէ՛ տապկոցի անախորժ հոտէն:
Գլխանոց Կրել
Գլխանոց կրելով` թէ՛ առաջքը կ՛առնենք, որ կերակուրին մէջ սխալմամբ մազ չիյնայ եւ թէ՛ մեր մազերը կը պաշտպանենք տապկոցի անախորժ հոտէն:
Կերպընկալ Ձեռնոց Կրել
Երբ սոխ կամ սխտոր կը կեղուենք, երբ ձուկ կը մաքրենք, մեր ձեռքերէն երկար ժամեր չեն հեռանար անոնց անախորժ հոտերը, հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ կերպընկալէ ձեռնոցներ կրենք եւ մէկ անգամ ընդ միշտ լուծենք այս հարցը:
Հոտ Կլանող Գործիք Օգտագործենք
Ներկայիս խոհանոցները օժտուած են հոտ կլանող սարքերով, հետեւաբար, նախքան կերակուրի պատրաստութեան ձեռնարկելը, նախ աշխատցնենք հոտ կլանող գործիքը եւ ապա անցնինք գործի:
Օգտագործենք Ճերմակ Քացախը
Եթէ խոհանոցը հոտ կլանող գործիք չունինք, դիմենք հետեւեալ հնարքին: Փոքրիկ կաթսայի մը մէջ ջուր եռացնենք, ջուրին աւելցնենք սուրճի գաւաթ մը ճերմակ քացախ եւ ձգենք, որ կրակին վրայ ջուրը եռայ: Կաթսային կիսաբաց կափարիչէն ելլող ջրաշոգին կը չէզոքացնէ անախորժ հոտերը:
* * *
Խոհանոցին անախորժ հոտերը չէզոքացնելու համար երբեք չդիմենք խանութները վաճառուող հոտաւէտ սփրէյներուն, որոնք օդը աւելի եւս անշնչելի ու ծանր կը դարձնեն կերակուրի եւ ծաղիկներու հոտի աններդաշնակ միախառնումով:
Խոհագիր
Շոմինով Աղցան
– 450 կ թարմ շոմին (նախընտրաբար` փոքր տերեւներով)
– 2 խնձոր
– 4-6 շերտ պէյքըն
– 1 միջակ սոխ
– 3 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
– 3 ապուրի դգալ խնձորի քացախ
– 1 սուրճի դգալ շաքար
– 1 սուրճի դգալ մանանեխ
– Աղ, սեւ պղպեղ
– Ընկոյզ` զարդարանքի համար
Պատրաստութիւն
Աղցանի խորունկ ամանի մը մէջ դնել լուացուած եւ ցամքեցուած շոմինի թարմ տերեւները:
Փոս ամանի մը մէջ պատրաստել թացանը` յաջորդաբար խառնելով քացախը, շաքարը, մանանեխը, աղը, պղպեղն ու ձէթը:
Շերտել խնձորները եւ աւելցնել շոմինին վրայ, աւելցնել նաեւ շերտուած սոխը:
Տապակին մէջ խորովել պէյքընի կտորները եւ աւելցնել շոմինին, սոխին եւ խնձորին վրայ:
Թացանը թափել խառնուրդին վրայ, աւելցնել կտրատուած ընկոյզը, խառնել ու մատուցել:
***
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Տաղ Վարդավառի
Գոհար Վարդը շղարշուած
Արփիական վեհ վարսերէն
Հուսկ վերեւը կը ծաւալէր, վարսերէն վեր
Ծաղկածիծաղ ծովն երկնային
Եւ այդ ծովէն համատարած
Կը պղպջար գոյնն երփնափողփող ծաղիկին
Իսկ ճիւղերուն հուրհրատին հասած էին
Պտուղները քրքումնաթիւր:
Հուրհրատող սիրասնունդ
Հովանիին խառն ու առատ տերեւներուն
Սօսափող, հրաշալի
Աստուածատուր տաւիղին պէս Դաւիթի:
Վարդաստանը շող կ՛արձակէր հազարերան.
Ծիծաղածուփ ծաղիկներու երփնախաղով.
Սօսն ու տոսախն սփռեր էին այնտեղ բոսոր
Դալարագեղ ոստերն իրենց:
Նոճիներն ու արոսենին նորաբողբոջ
Կը շրջէին հեւքով յուշիկ
Գգուելով վարդ ու շուշան.
Կը շողշողար շուշանն մէջ հովիտին
Կը շողշողար դէմն արեգակին:
Հիւսիսային հովն հեզասահ
Կը հովահարէր գիր շուշանը.
Հարաւային զով լեռներու
Օդը կը շողար ջինջ շուշանին:
Շուշանը կը լեցուէր շաղով
Շող շաղով շաղ մարգարիտով.
Արեգնափայլ ոսկի ամպէն
Շաղ կը ջրէր ծաղկունքն ամբողջ:
Երեւեցան հետզհետէ
Աստղերն առկայծ դարձդարձիկ
Լուսինն առին իրենց մէջ
Ու երկինքի բիլ կամարին համատարած
Հոծ խումբերով շուրջանակին ճառագեցին:
Փառք հօր, որդիին եւ սուրբ հոգիին
Այժմ եւ միշտ յաւիտեանս յաւիտենից:
ԳՐԻԳՈՐ ՆԱՐԵԿԱՑԻ