Ինչպէ՞ս Հագուիլ Աշխատանքային Հարցազրոյցի Ժամանակ
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ասիկա ճշմարտութիւն է. անկախ ձեր ձեռքբերումներէն` ձեր հագուելու ոճը կ՛ազդէ ձեր հարցազրոյցին վրայ: Եթէ ձեր երազային աշխատանքին համար դուք հարցազրոյցի ժամադրութիւն ունիք, պարտաւոր էք խնամուած տեսք ունենալ: Հարցազրոյցը վարողը պէտք է դրական տպաւորութեամբ անցնի իր գործին: Առաջին տպաւորութիւնը ամէնէն կարեւորն է, եւ ատիկա կու գայ հագուածքէն եւ ոչ թէ` խօսքային հաղորդակցութենէն: «Պատշաճ հագուստը» կը բարձրացնէ ձեր ինքնագնահատականն ու...




















