Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Ծիրանը կը համարուի Հայաստանի ամենավառ խորհրդանիշներէն մէկը` զիջելով միայն Արարատին եւ նուռին: Մինչեւ իսկ ծիրանին լատինական անուանումը` Prunus Armeniaca, կը յուշէ, թէ որքա՛ն հայկական է այս պտուղը:
Ծիրանը Հայաստանի մէջ յայտնի էր հնագոյն ժամանակներէն: Պեղումներու ընթացքին Գառնիի մէջ յայտնաբերուած են ծիրանի կորիզներ: Շատ մը գիտնականներ նաեւ կը պնդեն, որ Ալեքսանդր Մակեդոնացին ծիրանը Հայաստանէն տարեր է Յունաստան` զայն ներկայացնելով միջերկրականեան երկիրներուն:
Այլ տեսութիւններ կը ժխտեն այն տեսակէտը, որ Հայաստանն է ծիրանի հայրենիքը` առաջ տանելով այն վարկածը, թէ Հնդկաստանն ու Չինաստանն են ծիրանի հայրենիքը:
Հակառակ ծիրանի ծագումին հետ կապուած բոլոր վարկածներուն` անժխտելի ճշմարտութիւն է, որ Հայաստանի տարածքին աճող ծիրանը ամբողջովին կը տարբերի այլ երկիրներու մէջ աճող տեսակներէն:
Հայկական Ծիրանին
Իւրայատկութիւնները
– Հայկական ծիրանը ոչ միայն համով կը տարբերի այլ ծիրաններէն, այլ նաեւ` իր իւրայատուկ գոյնով: Այս իւրայատուկ պտուղին գոյնը ո՛չ դեղին է, ո՛չ նարնջագոյն: Ան պարզապէս… ծիրանագոյն է: Ծիրանի կոչուած է նաեւ այն տօնական հագուստը, որ կրեր են հայ թագաւորներն ու թագուհիները, քանի որ անիկա նոյնպէս ունէր ծիրանագոյն երանգ:
– Պատահական չէ, որ հայկական ամենայայտնի երաժշտական գործիքը ծիրանափող կը կոչուի: Հայկական տուտուկը կը պատրաստուի բացառապէս ծիրանի ծառի փայտէն:
Հայկական տուտուկը կը տարբերի իր իւրայատուկ հնչողութեամբ. տուտուկի երաժշտութեան ընկերակցութեամբ կը կատարուին հարսանիքներն ու թաղումները:
Շատ մը վարպետներ փորձեր են տուտուկ պատրաստել այլ ծառի փայտէ, սակայն այդ տուտուկները չեն ունեցած այն ինքնատիպ հնչողութիւնը, զոր ունին ծիրանի ծառի փայտէն պատրաստուածները:
2007-ին հայկական տուտուկն ու իր երաժշտութիւնը ընդգրկուեցան ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մարդկութեան ոչ նիւթական ժառանգութեան ցանկին մէջ:
– 2004-ին հիմնադրուեցաւ «Ոսկէ ծիրան» միջազգային փառատօնը: Փառատօնը նուիրուած է մշակոյթներու եւ քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկի բնաբանին: Փառատօնին կը ներկայացուին ժապաւէններ, որոնք կը ներկայացնեն տարբեր մշակոյթներ եւ կրօններ` ցոյց տալով մարդկային քաղաքակրթութեան հարստութիւնը:
Փառատօնին բացումը կը կատարուի աւանդական ծիրանօրհնէքով` նոյն այն պտուղի օրհնութեամբ, որուն հետ կապուած են փառատօնին անուանումն ու Հայաստանը:
Եղանակի Ուտելիքներէն…
Վարունգի Հիւթին Բուժիչ
Յատկութիւնները
Կենսանիւթերով եւ հանքայիններով հարուստ վարունգի հիւթը աժան եւ մատչելի դեղ է մեր առողջութեան համար: Ծանօթանանք այս հիւթին 6 բուժիչ յատկութիւններուն:
– 1 –
Ջուրով եւ բնաթելերով յագեցած վարունգի հիւթը կը բարելաւէ մարսողական դրութեան գործունէութիւնը եւ կը կանխարգիլէ փորկապութիւնը:
– 2 –
Վարունգին հիւթը կ՛օգնէ կանխարգիլելու սրտանօթային որոշ անհանգստութիւններ: Անիկա, շնորհիւ փոթասիոմին, կը կանոնաւորէ արեան ճնշումը: Վարունգին հիւթը նաեւ կը պարունակէ փանքրէասին անհրաժեշտ նիւթ մը, որ կ՛օգնէ էնսիւլինի արտադրութեան եւ բնականաբար յանձնարարելի է շաքարախտաւորներուն:
– 3 –
Շատ քիչ ջերմուժ պարունակող վարունգին հիւթը միզեցնող է եւ յանձնարարելի` բոլոր անոնց, որոնք նիհարցնող սննդականոնի կը հետեւին:
– 4 –
Վարունգին հիւթը սիլիս կը պարունակէ, այս վերջինը կը զօրացնէ` հիւսկէնները, մկանները, ջիլերը (tendons), կապանները (ligaments) եւ աճառները (cartillages): Սիլիսը նաեւ հակաբորբոքային յատկութիւն ունի եւ յանձնարարելի է արթրոզէ տառապողներուն:
– 5 –
Վարունգին հիւթը չափազանց օգտակար է մորթին: Ջուրով, Էօ. կենսանիւթով եւ հիմնական իւղերով յագեցած այս հիւթը կը կանխարգիլէ մորթին կանխահաս ծերացումը, կ՛անհետացնէ աչքերուն տակի մութ գոյնը, փայլ եւ առողջ տեսք կու տայ դէմքին: Շուկայի թանկարժէք դէմքի քսուկներէն եւ լոսիոններէն կարելի է հրաժարիլ եւ օգտուիլ այս աժան եւ հրաշագործ հիւթէն:
– 6 –
Ա., Պէ. եւ Սէ. կենսանիւթերով հարուստ վարունգի հիւթը կը խթանէ մարմնին դիմադրականութիւնը: Օրական բաժակ մը վարունգի հիւթը բաւարար է մարմնին դիմադրականութիւնը զօրացնելու համար:
Վարունգի հիւթի պատրաստութիւն:
Եթէ վերը նշուածները ձեզ համոզեցին, եւ դուք վարունգի հիւթ պիտի օգտագործէք, ընտրեցէք մութ գոյնի, մսոտ վարունգներ, եւ անգամ մը որ հիւթը պատրաստէք, զայն անմիջապէս խմեցէք, քանի որ բոլոր հիւթերուն նման` անիկա կը կորսնցնէ իր սննդական արժէքին մէկ կարեւոր մասը` օդին եւ լոյսին պարզուելով:
Նաեւ կարեւոր է, որ լաւ լուացուած վարունգը քամէք իր կեղեւով, տրուած ըլլալով, որ Սէ. կենսանիւթին մէկ կարեւոր տոկոսը հոն կը գտնուի:
Նուէրին Արժէքը Արարքին Եւ
Կամեցողութեան Մէջ Է
Երբ ընթրիքի կը հրաւիրուինք, սովորութիւն է նուէր մը տանիլ տանտէրերուն` մեր երախտագիտութիւնն ու շնորհակալութիւնը յայտնելու համար: Իսկ ի՞նչ նուիրել, յատկապէս երբ առաջին անգամն է, որ կ՛այցելենք տուն մը եւ բաւարար ծանօթ չենք տանտիկնոջ ճաշակին, տան յարդարանքին… Նման պարագային թելադրելի է նուիրել քիչ թէ շատ «չէզոք» բան մը, ինչպէս` ծաղիկ, տուրմ, խմիչք, անուշեղէն…
Ե՞րբ նուիրել
Սովորութիւն է նուէրը տալ տանտիկնոջ, երբ ան կը դիմաւորէ մեզ: Թելադրելի է նուէրը տալ հոն` մուտքին, ոչ բոլոր հրաւիրեալներուն ներկայութեան, նեղ կացութեան չմատնելու համար նուէր չբերող անձերը:
– Ծաղիկ նուիրելու պարագային…
Ծաղիկը միշտ ալ հաճոյք կը պատճառէ ստացողին:
Թելադրելի է ծաղկեփունջը ղրկել ընթրիքէն որոշ ժամանակ առաջ, ծաղկավաճառին միջոցով, որպէսզի տանտիկինը բաւարար ժամանակ ունենայ զանոնք ծաղկամանին մէջ զետեղելու: Մինչդեռ հրաւէրի պահուն նուիրուած ծաղկեփունջը դժուարութեան կը մատնէ տանտիկինը, որ մէկ կողմէն հիւրերը պիտի դիմաւորէ եւ միւս կողմէ` հիւրասիրութեան ու խոհանոցի աշխատանքները պիտի վերահսկէ:
Կենցաղավարական օրէնքներուն համաձայն, պէտք է բացարձակապէս խուսափիլ արհեստական ծաղիկ, մեխակ կամ քրիզանթեմ նուիրելէ: Նախընտրելի է երեք վարդ նուիրել, քան` փունջ մը արհեստական ձեւով գունաւորուած վարդագոյն կամ թիւրքուազ ապրիմ-մեռնիմներ:
Հետաքրքրական է, որ վարդերը կը նուիրուին անզոյգ թիւով:
Այլ նուէրներ
– Գինի կամ այլ խմիչքներ կարելի է նուիրել որեւէ ընթրիքի առիթով: Յատկապէս գինին շատ դասական ու անժամանցելի խմիչք է. եթէ նոյն օրը առիթ չեղաւ զայն մատուցելու, տանտէրերը վստահաբար մեծ սիրով կ՛ընդունին զայն, քանի որ առիթները չեն պակսիր զայն վայելելու:
– Տուփ մը տուրմը եւս շատ լաւ գաղափար է ընթրիքի մը առիթով նուիրելու համար, յատկապէս երբ տուփին մէջ կայ սեւ եւ կաթնային տուրմի տեսականի` բոլոր ճաշակները գոհացնելու համար:
– Պարտէզի պտուղ կամ բանջարեղէն` մատուցուած գեղեցիկ կողովի մը մէջ, կարելի է նուիրել ընտանեկան հաւաքոյթի պարագային, բայց` ոչ երեկոյեան ընթրիքի մը:
– Մօտիկ անձերու պարագային, կարելի է նուիրել` բուրումնաւէտ մոմ, գիրք, ասեղնագործ, փոքրիկ գեղօր մը եւ այլն…
* * *
Ի՛նչ ալ ըլլայ մեր նուէրը, նախ պէտք է բացարձակապէս խուսափինք չափազանց թանկարժէքէն` մեր դիմացինը նեղ կացութեան չմատնելու եւ նոյն արժէքով նուէր մը գնելու պարտադրանքին տակ չդնելու համար:
Ի վերջոյ նուէրին արժէքը արարքին եւ կամեցողութեան մէջն է:
Նորաձեւութիւն
«Լեմըն Կըրլ» Միտումը
2023-ի ամառնային ոճի վառ գաղափարը «Լեմըն կըրլ»-ն է, կամ` «Կիտրոնի աղջկան» ամառը: Այս համարձակ, վառ, թարմ ու զուարճալի միտումը կը վերաբերի ոչ միայն հագուստին, այլեւ` աքսեսուարներուն, դիմայարդարման, մատնայարդարման եւ անուշահոտերուն:
«Լեմըն կըրլ»-ի ջատագովներն են «Մոսքինօ»-ն, «Տոլչէ էնտ կապանա»-ն, «Մանկօ»-ն, «Փրատա»-ն եւ այլ յայտնի նորաձեւութեան տուներ:
Ստորեւ` «Լեմըն կըրլ» միտումը բնորոշող հետաքրքրական նմուշներ:
Խոհագիր
Վարդագոյն Թացանով
Ֆարֆալէ
3 հատ միջակ չափի ճակնդեղ
500 կ ֆարֆալէ դդմաճ
500 կ ֆեթա պանիր
150 կ կակուղ պանիր (ֆիլատելֆիա, քիրի, փիքոն…)
2 ապուրի դգալ ձիթապտուղի ձէթ
4 պճեղ սխտոր
1 թէյի դգալ օրեկանօ
Աղ, սեւ պղպեղ
Դդմաճի եփի ջուրէն բաժին մը
Պատրաստութիւն
Ճակնդեղները խաշել, կեղուել եւ խորանարդարձեւ կտրատել ու փոխադրել հարիչին մէջ, աւելցնել` պանիրները, ձէթը, սխտորը, աղը, սեւ պղպեղը, օրեկանոն եւ քանի մը դգալ դդմաճի եփի ջուրէն` նօսրացնելու համար: Հարել, մինչեւ որ միատարր թանձրուկ մը ստացուի:
Ֆարֆալէ դդմաճը խաշել, քամոցէ անցընել եւ փոխադրել ներկայանալի ամանի մը մէջ, աւելցնել վարդագոյն թացանը, խառնել եւ երեսը զարդարել մանրուած ռեհանով (կամ ազատքեղով), ֆեթա պանիրի փշրանքներով (կամ փարմըզան պանիրով):
* * *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Ես Մի Ծառ Եմ Ծիրանի
Ես մի ծառ եմ ծիրանի,
Հին արմատ եմ անուանի,
Պտուղներս քաղցրահամ,
Բոլոր մարդկանց պիտանի:
Հին ծառ եմ արեւելեան,
Չունիմ որոշ այգեպան,
Տունկերս ամէն երկիր
Ընկած են բաժան-բաժան:
Ապրում եմ խեղճ, միայնակ,
Որոշ ծառի շքի տակ,
Հիւթս որդունքն է ծծում
Իմ տունկերուս փոխանակ:
Տունկերս ուր էլ որ գնան,
Թէպէտ նոյնը կը մնան,
Բայց օտար հողի վրայ
Չեն աճիլ, կը չորանան:
Արեւելքում ինձ տնկեց,
Երբ որ տէրը ստեղծեց.
Ասաւ` աճէ, բազմացիր,
Մի այգի էլ ինձ տուեց:
Ուղարկեց մի այգեպան`
Հարաւից հսկայ իշխան,
Այն հսկայի անունով
Կոչուեցայ ծառ հայկական:
Չորս հազար տարուայ ծառ եմ,
Մարմինս պինդ, կայտառ եմ.
Թէեւ ուժս պակաս է,
Բայց անունով պայծառ եմ:
ՋԻՎԱՆԻ