Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
«Իրանի Ժամանակակից
Աստղագիտութեան Մայր»
Երկու օրէն (4 մարտ 2011) Ալենուշ Տէրեանի մահուան 12-րդ տարելիցն է: Քիչերու ծանօթ է Ալենուշ Տէրեանի անունը, մինչդեռ ան կը համարուի Իրանի առաջին արեւային աստղադիտարանի հիմնադիր եւ բնագիտութեան առաջին կին դասախօս, որ արժանացած է «Իրանի ժամանակակից աստղագիտութեան մայր» տիտղոսին:
Կեանքին վերջին տարիները Տէրեան Թաուհիտի ծերանոցին մէջ անցուց: Հոն, անկողնին գամուած, արժանացաւ կեանքի վերջին պարգեւին` Վիքթոր Համբարձումեանի անուան միջազգային մրցանակին:
Տէրեան կտակով իր բնակարանը նուիրած է Նոր Ջուղայի հայ համայնքին, որպէսզի իբրեւ հանրակացարան ծառայէ բնակելու տեղ չունեցող ուսանողներուն համար: Ան ցաւ յայտնած է, որ Հայաստան չէ այցելած, երիտասարդ տարիքին շատ փափաքած է, բայց այդ տարիներուն, եթէ մէկը Հայաստան այցելէր, գործէ կ՛արձակուէր:
«Եթէ կրկին աշխարհ գայի, ճիշդ նոյն բանը կ՛ընէի, որովհետեւ կը պաշտեմ ուսումը եւ դասաւանդութիւնը, եւ հպարտ կը զգամ, երբ կը տեսնեմ ուսանողներուս փայլուն յաջողութիւնները», ըսած է Տէրեան:
Ա. Օհանեանը Մտադիր Է Աղջկան
Հայկական Գորգեր Կտակել
Reddit-ի համահիմնադիր Ալեքսիս Օհանեանը հայկական գորգեր հաւաքելու սկսած է: Ան կը յուսայ, որ դուստրը` Օլիմփիան, կը ժառանգէ եւ կը պահպանէ այդ գորգերը:
Յայտնի թէնիսվումըն Սերենա Ուիլիըմզի ամուսինը «ֆորպս»-ի տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին պատմած է, թէ ինչպէ՛ս 1915-ին իր նախնիները սպաննուեր են թուրք զինուորներու կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ: Ընտանիքէն գրաւեր են երեք գորգեր, որոնք ընտանեկան ժառանգութեան կը պատկանէին:
«Այս գորգերը Օլիմփիային համար են», ըսած է Օհանեան, «Ֆորպս»-ի հետ հարցազրոյցին ընթացքին: Ան նաեւ պատմած է որ առաջին անգամ 2010-ին (27 տարեկանին) հեռացած է Reddit-էն եւ 4 ամիս կամաւոր աշխատած է Հայաստան: «Ինծի պէտք էր իմաստ գտնել, եւ ատիկա իմ լաւագոյն որոշումներէս մէկը կը համարեմ», ըսած է ան:
Գիտէ՞ք, Թէ…
Ճիշդ է այն հաստատումը, որ կիտրոնը ախորժակ կը կտրէ: Անոր պարունակած փեքթին կոչուած բնաթելը, որ ջուրին հետ խառնուելով` կ՛ուռի ստամոքսին մէջ, յագեցում կը պատճառէ եւ ուտելու պահանջը կը սանձէ:
Ճիշդ է այն հաստատումը, որ սխտորին հոտը բուժիչ յատկութիւն ունի: Քանատացի գիտնականներու կարծիքով, սխտորին պարունակած ալլիսին կոչուած նիւթը, որ սխտորին համ եւ բոյր կու տայ, անթիօքսիտան մըն է, անիկա կը զօրացնէ մարմնին դիմադրականութիւնը եւ կը պաշտպանէ բջիջները:
Սխալ է այն հաստատումը, որ խոզին միսը իւղոտ է եւ վնասակար` մեր առողջութեան: Անիկա դիւրամարս է եւ հարուստ` ՊԷ. կենսանիւթերով: Խոզին միսը քիչ քոլեսթերոլ կը պարունակէ եւ սննդական նոյն արժէքը ունի, որքան` կովու միսը:
Սխալ է այն կարծիքը, որ երկու հաւկիթը նոյնքան բնասպիտ կը պարունակէ, որքան` 250 կր. միսը: Երկու հաւկիթներու բնասպիտը համազօր է 100 կր կովու, հաւու կամ ձուկի միսի բնասպիտին:
Ճիշդ է այն հաստատումը, որ սուրճը կրնայ յիշողութեան բացեր ստեղծել: Հակառակը անոր որ սուրճին պարունակած քաֆէինը արթուն եւ աշխուժ կը պահէ մեր միտքը, բայց եւ այնպէս, ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ օրական երկու գաւաթէն աւելի սուրճ խմողներուն մօտ նկատուած են յիշողութեան բացեր: Այսպէս, անոնք իրենց լեզուին ծայրը ունին բառ մը, զոր չեն յիշեր ու չեն յիշեր եւ չեն կրնար արտասանել:
Ճիշդ է այն հաստատումը, որ անբաւարար քունը կը գիրցնէ: Ուսումնասիրութիւններ հաստատած են, որ անբաւարար քունը կը նպասէ ախորժակի բարձրացման, քանի որ շատ կարճ գիշերէ մը ետք լեփթին կոչուած հորմոնը (յագեցումի հորմոն) որոշ խախտումներ կ՛արձանագրէ, մինչ անօթութեան պատասխանատու հորմոնը կը գերիշխէ: Նոյն ուսումնասիրութեան համաձայն, քունի պակասը կը նպաստէ գիրութեան եւ սոնքութեան, մասնաւորաբար` գիշերային ժամերու աշխատողներուն եւ երեխաներուն մօտ:
Սխալ է այն կարծիքը, որ մարզանքը կը նիհարցնէ: Մարզանքը մարմինը սլացիք կը դարձնէ, թոյլ մկանները կը պրկէ, բայց մարզանքը ինքնին չի նիհարցներ, այլ կ՛օգնէ, որ ճիշդ, սերտուած սննդականոնի մը ընթացքին արագ ջերմուժ այրենք:
Ճիշդ է այն հաստատումը, որ թարմ եւ սառած ձուկը նոյն սննդական արժէքը ունին: Սառած ձուկը չի կորսնցներ իր բնասպիտները, կենսանիւթերն ու հանքայինները: Ինչ կը վերաբերի օմեկա-3-ին, անիկա կրնայ տուժել ժամանակի ընթացքին, բայց` շատ չնչին տոկոսով մը:
Այլազան
Իսկ Դո՞ւք Ո՞ր Մատին Կը Կրէք
Ձեր Նախասիրած Մատանին
Հինէն ի վեր իւրաքանչիւր մա տ ունի իր նշանակութիւնն ու խորհրդանիշը, ահա թէ ի՛նչ կը նշանակէ մատանի կրել` ըստ ընտրած մատի:
Բութամատին…
Ըստ յունական դիցաբանութեան, բութամատը Պոսիտոն աստուծոյ կցուած ձեռքի մատն է: Ծովու աստուածը միակն էր, որ չէ ապրած Ողիմպոս լերան վրայ: Հետեւաբար բութամատին մատանի կրելը ազատ եւ անկախ ոգիի բացայայտում է:
Ցուցամատին…
Համարուելով «կառավարման մատը»` ցուցամատին մատանի կրելը ցոյց կու տայ առաջնորդ երեւալու ցանկութիւն: Ասոր ապացոյցը յունական դիցաբանութեան մէջ է. այս մատը կը խորհրդանշէ Զեւսը` աստուածներու թագաւորը:
Միջնեմատ…
Իր բնոյթով միջնեմատը ձեռքին ամենաուշագրաւ մատն է: Միջնեմատին մատանի դնելը յանդգնութեան եւ մեծ ինքնավստահութեան նշան է: Յունական դիցաբանութեան մէջ անիկա կապուած է տօնակատարութիւններու աստուծոյ Դիոնիսոսի հետ:
Մատենմատ…
Մատնեմատը կապուած է սիրոյ աստուածուհի Աֆրոտիթէի հետ. այս մատը նաեւ դաշինքի մատն է, անփոփոխ նուիրուածութեան եւ հաւատարմութեան մատը:
Ճկոյթ…
Այս փոքրիկ մատը կը խորհրդանշէ միտքը, զգացմունքները եւ լսելը: Փոքր, բայց հզօր` ան կապուած է աստուածներու սուրհանդակ – պատգամաբեր Հերմէսի հետ: Ճկոյթ մատին մատանի կրելը ուժեղ եւ նուրբ անհատականութեան տէր անձի նշան է, որ կ՛ուզէ մնացեալէն զանազանուիլ իր խելացութեամբ:
Գիտէ՞ք, թէ…
– Աշխարհի ամենասուղ մատանին Pink Star¬ն է` 59,6 քարաթանոց վարդագոյն ադամանդեայ մատանին, որ 2017-ին Սոթպիզի աճուրդին վճառուեցաւ 71,2 միլիոն տոլարով:
– Աշխարհի ամենայայտնի մատանին Քէյթ Միտլթոնի նշանադրութեան մատանին է, որ իրեն նուիրեր էր արքայազն Ուիլիըմը 2010¬ին: Մատանին բաղկացած է 18 քարաթանոց շափիւղայէ` շրջապատուած 14 ադամանդներով: Նոյն այդ մատանին տարիներ առաջ Չարլզ թագաւորը նուիրած է լէյտի Տայանային:
– Մատանիներու քարերէն յատուկ կ՛առանձնանայ ադամանդը: Անիկա սիրոյ եւ կապուածութեան հոմանիշ է, նաեւ կը խորհրդանշէ պարտաւորութեան ամրութիւնը:
– Trilogie մատանիները եւս խորհրդանշական են` կապուածութիւնը խորհրդանշելու համար: Այս մատանիները զարդարուած կ՛ըլլան երեք նոյնաչափ ադամանդներով, որոնք կը ներկայացնեն անցեալը, ներկան եւ ապագան:
Խոհագիր
Պանանով Պահքի Կարկանդակ
300 կր պանան
125 կր ձէթ
1 թէյի դգալ պէյքինկ փաուտըր
200 կր ալիւր
120 կր շաքար
Կէս թէյի դգալ փոշի կասիա
Կէս թէյի դգալ սոտա
100 կր չամիչ
Պատրաստութիւն
Պանանները լաւ ճզմել, աւելցնել շաքարն ու ձէթը եւ լաւ խառնել` միատարր թանձրուկ մը ստանալու համար:
Թանձրուկին աւելցնել մաղէ անցած ալիւրը, պէյքինկ փաուտըրը սոտան եւ կասիան: Վերջաւորութեան աւելցնել չամիչը եւ խառնել:
Ստացուած խմորը լեցնել ձէթով ծեփուած կաղապարի մը մէջ, քանի մը անգամ ցնցել հարթ մակերես մը ստանալու համար եւ 180 ջերմաստիճանով փուռի մէջ շուրջ 35 վայրկեան եփել:
Սպասել, որ լաւ պաղի, շերտել ու մատուցել:
*
* *
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Անհուն Երկինք` Աչքերու Մէջ
Բիբերուդ մէջ տեսայ լիճը,
Պայծառ լիճը մեր երկրին,
բիբերուդ մէջ տեսայ երգը
Ու ծիծաղը հերոսական
Լեռնակուտակ զոհերուն մեր,
Ու կեանք, ու խանդ,
Ու կենսաբուխ ուխտը մեր կարծր հողին
Ու կարծր մարդոց հերոսական:
Դուն քնացիր
Ես կը հսկեմ քու վրադ:
Ննջէ՛, եղիր հսկան ահեղ,
Եւ բիբերէդ ժայթքէ բիւրեղ,
Ու կայծ, ու շանթ,
Երկրաշէն հուր աշխատութեան,
Ննջէ՛, եղիր բանուորն հզօր
Ու վեր կանգնէ,
Պրկէ բազուկդ
Սալին վրայ գոռահնչիւն
Ապագային մեր վարդագոյն:
Դուն քնացիր:
ԶԱՒԷՆ ՊԻՊԵՌԵԱՆ