Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ
Արդէն թեւակոխեր ենք Մեծ պահքի շրջան:
Անցեալին տուներուն մէջ Մեծ պահքի օրերը նշուեր են տօնի պէս: Մեր նախնիները յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէին Աւագ շաբթուան բոլոր տօներուն: Այդ օրերը անուանակոչուած էին. երկուշաբթին կը կոչուէր բակլախորան, երեքշաբթին` խորանի խորան, չորեքշաբթին` մկան կիրակին, հինգշաբթին կատաղած շան, ուրբաթը` չարչարոց, իսկ շաբաթը` թալալոսի:
Առաջին օրը տանտիրուհիները աղանձ կը պատրաստէին` հաւատալով, որ երկարատեւ պահքի պատճառով «բերանները գէշ չեն հոտիր եւ շուրթերը չեն ճաթռտիր»:
Ազգագրագէտ Ս. Մկրտիչեանի խօսքերով, Մեծ պահքի սկիզբը խորհրդանշող երկուշաբթին ծանօթ է «լուացարուք սրբեցարուք» անունով. տանտիկինը քարը կը դնէր երդիքը եւ երկրորդ քար մը վերցնելով` տունը գտնուողներուն կը հարցնէր` «ի՞նչ աղամ». վարէն կը պատասխանէին` «մուկ, օձ, կարիճ աղա՛»: Այնուհետեւ ձեռքի քարը կը քսէր միւսին` իբր թէ կ՛աղար:
Մեծ պահքի առաջին օրը հոգեւոր մաքրութեան կ՛ուղեկցէր նաեւ իրերու մաքրութիւնը: Տանտիկինները կանուխ կ՛արթննային, թոնիր կը վառէին ու տան բոլոր իրերը` պղինձ-պղնձկալ, պտուկ-ճլոր, աման-չաման օճառի փշրանքներով կը շփէին եւ 7 անգամ կը ցօղուէին ջինջ ջուրով:
Այդ օրը ձեղունէն կը կախուէր պահքի 7 շաբաթները խորհրդանշող Ակլատիզը, որմէ իւրաքանչիւր շաբթուան վերջաւորութեան փետուր մը կը փրցուէր:
Մեծ պահքը ունի 7 կիրակի, 7 յիշարժան օրեր` Բուն Բարեկենդան, Արտաքսման, Անառակին, Տնտեսին, Դատաւորին, Գալստեան եւ Ծաղկազարդ:
Մեծ Պահքի Խորհուրդը
Պահքի 40 օրերը կը խորհրդանշեն անապատին մէջ Քրիստոսի քառասնօրեայ աղօթքի, ծոմապահութեան եւ ապաշխարութեան շրջանը:
Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հետեւորդները պահքի շրջանին կ՛օգտագործեն բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք: Պահքի ընթացքին հաւատացեալները ոչ միայն կը հրաժարին որոշակի կերակուրներէ, այլեւ` մոլի սովորութիւններէ, շատախօսութենէ, ստախօսութենէ, հայհոյանքէ եւ այլ մեղքերէ:
Պահքը առաջին հերթին կամաւոր ինքնազրկումն ու զսպուածութիւնն է ուտելիքին նկատմամբ: Եկեղեցական աւանդութեան համաձայն, 3 տեսակի պահքեր գոյութիւն ունին: Առաջինը սովորական պահքն է` կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներէ (բացի մեղրէն) եւ ոգելից խմիչքներէն հրաժարումը: Երկրորդը սրբապահքն է` հրաժարումը նաեւ բուսական ծագումով ճոխ ու համադամ ուտելիքներէն, սնանելով մի միայն աղուհացով (Մեծ պահքի շրջանը նաեւ կը կոչուի աղուհացի շրջան): Երրորդը ծոմն է` թէ՛ ուտելիքէ եւ թէ՛ ջուրէ ինքնազրկումը:
Պահքի ժամանակ կը թելադրուի առաջին հերթին աղօթել եւ հաղորդուիլ Աստուծոյ հետ նաեւ` ջանալ բարիք գործել, այսինքն օգնել եւ օժանդակել համայնքի հաստատութիւններուն եւ բարեսիրական նպատակներու համար գործող միութիւններուն: Նիւթական եւ հոգեւոր օժանդակութիւն ցուցաբերել աղքատ ու հաշմանդամ մարդոց եւ բոլոր անոնց, որոնք օգնութեան կարիք ունին: Եթէ ի վիճակի չենք նիւթական օգնութիւն տալու, կրնանք ժամանակ տրամադրել ազնիւ նպատակներու եւ գործերու` այցելելով հիւանդներու, որբերու, բանտարկեալներու, ծերերու եւ սգաւորներու ու կիսել անոնց ցաւերը:
Մեծ Պահքի Ճաշերէն
Մեծ պահքի կերակուրները բաւական ճոխ ու այլազան էին, բայց առանձնացնենք մէկ քանին.
– Պասի տոլման, որուն գլխաւոր բաղադրիչները ընդեղէններն ու չիրերն էին: Անիկա տօնածիսական ճաշատեսակ էր, կը պատրաստուէր գարնանամուտին` երկրագործական տարեսկիզբին, օգտագործելով սերմնացու ընդեղէնները:
– Մշոշը Վանայ հարուստ խոհանոցի պահքի յատուկ կերակրատեսակ է: Բառը յառաջացած է մըշմոշ (ծիրան) բառի կրճատումէն: Դասական մշոշը կը պատրաստուի ոսպով, ծիրանաչիրով եւ ընկոյզով:
– Թաթխանը, այսինքն հացը մէջը թաթխելու համար նախատեսուած թացանը տարածուած էր յատկապէս Արեւմտեան Հայաստանի մէջ: Բերքահաւաքէն ետք կը չորցնէին, ապա կը բովէին դդումի, արեւածաղիկի, սեխի եւ ձմերուկի կուտերը, յետոյ կ՛աղային: Օգտագործելու ատեն վրան ձէթ կը լեցնէին եւ հացը մէջը թաթխելով` կ՛ուտէին:
– Աղանձը բովուած ցորենի եւ կանեփի խառնուրդ է: Ամէնէն պարզ տարբերակը` ցորենը լուալ քամոցէ անցընել եւ առատ աղով բովել, նոյնպէս ալ` կանեփը: Սպասել, որ պաղին, ապա իրարու խառնել ու ափ-ափ ուտել:
Մանկավարժին Կարծիքով
Բաներ, Զորս Պէտք Չէ Ընել
Երեխային Ներկայութեան
Ընդունինք, որ երեխան դաստիարակելու ժամանակ ծնողները եւս կը դաստիարակուին, քանի որ անոնք վերատեսութեան կ՛ենթարկեն կարգ մը սխալ սովորութիւններ` լաւ օրինակ ծառայելու համար իրենց զաւակներուն:
– Ձեռքէն վար չառնել բջիջայինը:
«Համակարգիչը կը վնասէ տեսողութեան, անընդհատ կարելի չէ անոր դիմաց նստիլ» կ՛ըսէք ձեր զաւկին, բայց դուք օրուան մէկ կարեւոր մասը կ՛անցընէք անոր դիմաց, թէկուզ` գործի բերմամբ… Եթէ դուք ձեր բջիջայինէն կամ համակարգիչէն չէք հրաժարիր, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան նոյն մոլութեան զոհը չդառնայ:
– Վիճարկել մայրիկին կամ հայրիկին խօսքը:
Մեծ սխալ է, երբ ծնողներէն մէկը երեխային նկատողութիւն կ՛ընէ, իսկ միւսը կը պաշտպանէ փոքրիկը: Հոգեբանները խորհուրդ կու տան այդ պահին լռել ու ոչինչ ըսել երեխային ներկայութեան: Յետոյ, երբ երեխան արդէն ներկայ չէ, կարելի է խօսիլ ու պարզաբանել իրավիճակը:
– Տգեղ արտայայտութիւններ ունենալ:
Երեխան ծնողներէն կը սորվի: Լա՛ւ մտածեցէք, կ՛ուզէ՞ք, որ ձեր երեխան խօսի տգեղ բառերով կամ հայհոյանքներով, եթէ ոչ, ուրեմն վերատեսութեան ենթարկեցէք ձեր բառապաշարը:
– Օրէնքները խախտել:
Եթէ դուք ինքնաշարժ վարելու ժամանակ չէք յարգեր երթեւեկութեան կանոնները, չէք կապեր ամրագօտին, ինչպէ՞ս կ՛ուզէք, որ ձեր երեխան օրէնքները յարգող ու գործադրող քաղաքացի մը դառնայ…
– Սուտ խօսիլ:
Ծնողները երեխային համար հեղինակութիւն են: Ամենափոքր սուտի բացայայտման պարագային, այդ վստահութիւնը կրնայ խաթարուիլ: Մի՛ ստէք երեխային, եթէ չէք ուզեր, որ հետագային ան իր կարգին ստէ ձեզի:
Եթէ դուք կը ծխէք կամ ոգելից խմիչքներ կը գործածէք, ձեր երեխայէն հակառակը մի՛ պահանջէք: Երեխային անհնար է բացատրել, որ ծխելը կամ չափազանց խմելը վտանգաւոր են առողջութեան համար: Այսպիսով դուք ոչ միայն կը վտանգէք ձեր առողջութիւնը, այլեւ սխալ ճամբու վրայ կը դնէք ձեր զաւակը:
– Պոռալ ու վիճիլ:
Վէճերէն խուսափիլը անհնար է: Սակայն հոգեբանները կը պնդեն, որ ծնողներու վէճերը չափազանց բացասական ազդեցութիւն կը գործեն երեխաներու հոգեբանութեան վրայ: Հետեւաբար փորձեցէք ձեր կողակիցին հետ հարցերը լուծել հնարաւորինս խաղաղ ձեւերով եւ նախընտրաբար երեխային բացակայութեան:
Գիտէ՞ք, Թէ…
– Ուսումնասիրութիւններ ցոյց տուած են, որ եթէ հայելիին առջեւ դուք ձեզ խրախուսէք, մտովի աւելի զօրեղ եւ ինքնավստահ կը դառնաք: Հոգեբաններու կարծիքով, հայելիին առջեւ դրական հաստատումներ կրկնելը ինքնագնահատականը բարձրացնելու լաւ միջոց է:
* * *
– Սիրելի անձի մը կամ անասունի մը թեւերուն մէջ առնելով փաթթուիլը կը խթանէ երջանկութեան հորմոնի արտադրումը, որ իր կարգին կ՛օգնէ մեղմացնելու ձեր ընկճախտը, զայրոյթը, վախը կամ ցաւը:
* * *
– Օրական մէկ ծամոն ծամելով` դուք կրնաք ժամական 11 ջերմուժ այրել: Ծամոնին միջոցով դուք կրնաք հակակշռել ձեր անօթութիւնը եւ նպաստել ակռաներու առողջութեան (անշուշտ ծամոնը պէտք է շաքարազերծ ըլլայ):
* * *
– Բարձր կեդրոնացում պահանջող մտային առաջադրանքներու համար լաւագոյն ժամերը առտուան 10:00-էն 11:00-ի միջեւ են: Այս ժամերուն մենք ամենաքիչ սխալները կը գործենք: Այս ժամերուն «տոփամին» կ՛արտադրուի մեծ քանակութեամբ եւ բառացիօրէն կը խթանէ մեր ուղեղը:
* * *
– Նախքան անկողին մտնելը ձեր նախասիրած երգերը ունկնդրելով` դուք աւելի արագ եւ աւելի որակեալ քունի կ՛անցնիք, առաւօտուն աւելի արագ եւ կազդուրուած կը զարթնիք եւ բարձր տրամադրութեամբ կը սկսիք ձեր օրը:
Ձեռային Աշխատանք
Հինը Նորի Վերածենք
Եթէ ձեռքի տակ ունիք գինիի շիշերու խցաններ, մի՛ թափէք զանոնք, ընդհակառակը, փորձեցէք անոնց երկրորդ կեանք մը տալ: Տեսէք, թէ հնարամիտ ու ճարտար մարդիկ ինչպէ՛ս գինիի շիշերու խցանները վերածեր են մոմակալի, տակդիրի կամ բանալեկալներու:
Մի՛շտ յիշեցէք, որ ձեռային աշխատանքը ձեր միտքը կը շեղէ առօրեայ հոգերէն, կը բարձրացնէ տրամադրութիւնը եւ ինքնագնահատականը, կը խթանէ կեդրոնացումը, ճաշակը, երեւակայութիւնը եւ մանաւանդ` ստեղծագործական հմտութիւնները:
Խոհագիր
Պասուց Տոլմա
– Կէս գաւաթ կիսաեփ եւ կեղեւազերծուած սիսեռ
– Կէս գաւաթ կիսաեփ կարմիր լուբիա
– Կէս գաւաթ կիսաեփ ոսպ
– Կէս գաւաթ կիսաեփ բրինձ
– Կէս գաւաթ կիսաեփ մեծ ձաւար
– Մեծ կաղամբ մը
– 2 հատ մանրուած սոխ
– 2 ապուրի դգալ լոլիկի խիւս
– Կէս գաւաթ մանրուած ազատքեղ
– Աղ, սեւ եւ կարմիր փոշի պղպեղ
– Կէս գաւաթ ձէթ
Պատրաստութիւն
Ձէթին մէջ տապկել սոխը, մինչեւ թափանցիկ դառնայ: Աւելցնել լոլիկի խիւսը եւ բոլոր կիսաեփ ընդեղէնները: Շարունակել տապկել 2-3 վայրկեան: Վերջապէս աւելցնել ազատքեղն ու համեմները. խառնել, եւ ահա լցոնը պատրաստ է:
Կաղամբի խաշած տերեւներուն մէջ միջուկ լեցնել, փաթթել եւ կաթսային մէջ քով-քովի խիտ շարել, ապա երեսը պնակ մը զետեղել: Աղ-ջուր պատրաստել, լեցնել տոլմային վրայ, մինչեւ որ երեսը ծածկուի: Եփել 25-30 վայրկեան` միջին կրակի վրայ:
Մատուցել գաղջ կամ պաղ:
Շաբթուան Բանաստեղծութիւնը
Հաւատում Եմ Քեզ
… Խոնարհ ու փխրուն քո թախծութեանը,
Քո հին արեանը, քո արեան կանչին,
Քո հզօր լեզուին` մեծասքանչին,
Քո մաքուր գինուն, քո արդար հացին,
Յարատեւութեան քո առեղծուածին…
Գիտե՛մ, այս դարի հողմերում վրդով
Դարերից բերած խորին խորհրդով
Քեզ պիտի նորից Նարեկով զտես,
Խաչքարիդ ազնիւ լոյսով մկրտես,
Ջրդեղես պիտի Չարենցեան հրով
Ու քո վաստակով, քո կոթողներով,
Քո մատեաններով, սիրոյ տողերով,
Քո մաքուր գինով, քո արդար հացով,
Յարատեւութեան քո առեղծուածով
Յաւերժես պիտի լեռներում այս լուրթ,
Հաւատո՛ւմ եմ քեզ, իմ հայ ժողովուրդ…
ՎԱՀԱԳՆ ԴԱՒԹԵԱՆ
(Հատուած)