Այլազան

Յայտարարութիւններ (24 Յուլիս 2018)

ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԲԱՐՁՐԱԳՈՅՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի տնօրէնութիւնը հաճոյքն ունի ձեզ տեղեկացնելու, թէ մանկապարտէզէն մինչեւ պաքալորէայի բոլոր ճիւղերը ընդգրկող դասարաններուն կողքին, 2018-2019 տարեշրջանին պիտի ունենայ նաեւ մանկապարտէզի, նախակրթարանի եւ միջնակարգի դասարաններու համար ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԿԱՐԻՔՆԵՐ ՈՒՆԵՑՈՂ ԱՇԱԿԵՐՏՆԵՐՈՒ ԲԱԺԱՆՄՈՒՆՔ SPECIAL EDUCATION DEPARTMENT Ծրագիրը յատուկ է այն աշակերտներուն, որոնք կը դիմագրաւեն` - Ընթերցանութեան եւ գրաւոր արտայայտութեան դժուարութիւններ -...

50 Տարի Առաջ (24 Յուլիս 1968)

Իմաստուն Խօսքեր - Բարձր դիրքեր ունեցող մարդերը երիցս գերի են. գերի պետութեան, գերի հռչակի եւ գերի` աշխատանքի: Ո՛չ մէկ ազատութիւն ունին: Ո՛չ իրենց գործերուն մէջ ազատութիւն ունին եւ ո՛չ ալ` իրենց ժամանակը տրամադրելու մէջ: Բարձր դիրքի հասնիլը յոգնեցուցիչ է, եւ մարդիկ տքնելով կը հասնին տեղ մը, ուր աւելի՛ շատ պէտք է տքնին: Ֆրանս Պէյքըն - Պատմութիւնը օգտակար է ո՛չ թէ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի հանգստանաք, երբ ուրիշներ սրտակցին ձեզի: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ պիտի սկսիք նոր ուղղութիւն մը: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Լոյսերէ եւ ձայներէ հեռու կ՛ուզէք մնալ տագնապի կամ յոգնութեան պատճառով: Ընտանեկան անակնկալ պարտաւորութիւններ պիտի ունենաք: Յարմար շրջան է` զբաղելու աշխատանքային հարցերով: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն...

Յայտարարութիւններ (23 Յուլիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ «Ազդակ»-ի տնօրէնութիւնն ու խմբագրական կազմը կը գուժեն խմբագրակազմի նախկին անդամ ՎԱՀԷ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆԻ մահը, որ պատահեցաւ կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Երեւանի մէջ: --------------------------------------- ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ Մելքոնեան, Գույումճեան, Ապուտ Պլանքօ եւ Աւետիքեան ընտանիքներ շնորհակալութիւն կը յայտնեն բոլոր անոնց, որոնք անձամբ, ծաղկեպսակով, նուիրատուութեամբ, ե-նամակով կամ այլապէս մասնակից եղան իրենց մօր եւ հարազատին` ԱՐՓԻՆԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան սուգին: --------------------------------------- «Ճինիշեան» Յիշատակի Ձեռնարկ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼԻՔ «Ճինիշեան» յիշատակի...

50 Տարի Առաջ (23 Յուլիս 1968)

«Ալիք»-ի Նորակառոյց Շէնքին Պաշտօնական Բացումը Յուլիս 9-ին տեղի ունեցած է Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթի նորակառոյց շէնքին պաշտօնական բացումը: Ներկայ եղած են` վարչապետ Ամիր Ապպաս Հովէյտա` իր շքախումբով, ծերակոյտի եւ խորհրդարանի նախագահութիւնները, նախարարական կազմը, կառավարական բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, հայ ազգային ժողովներու, մարմիններու եւ յարանուանութեանց ներկայացուցիչներ: Օրուան հանդիսութեան բացումը կատարած է «Ալիք»-ի արտօնատէր Ռոստոմ Ստեփանեանը:  Անդրադարձած է «Ալիք»-ի պատմականին եւ կատարած դերին:...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Կարեւոր յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք: Ճնշումները եւ պարտականութիւնները պիտի բազմանան: Յոգնութիւն եւ իրարանցում պիտի զգաք: Մի՛ յուսահատիք, որովհետեւ մթնոլորտը հակասական չէ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Դժուար պահեր պիտի ապրիք: Ձեր տեսակէտը մի՛ պարտադրէք ուրիշներուն: Գործակցեցէք ձեր ընկերներուն հետ: Վարչական եւ նիւթական առկախ հարցին մասին պիտի զրուցէք: Յարմար պահ մըն է հետապնդելու օրինական հարց մը:...

Յայտարարութիւններ (21 Յուլիս 2018)

ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ ՍԱՐԳԻՍ ԿԻՐԱԿՈՍԵԱՆի մահուան Գ. տարելիցին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: ՄԻՆԱՍ ԱՒԱԳԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի: ԱՐՓԻՆԷ ՄԵԼՔՈՆԵԱՆի մահուան քառասունքին առիթով հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 22 յուլիս 2018-ին, Անթիլիասի...

Արտասովոր Խաղավայրեր

Արտասովոր Խաղավայրեր

Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ Շարունակենք մեր ամառնային պտոյտը` այս անգամ այցելելով աշխարհին շուրջ գտնուող տարբեր խաղավայրեր: Ցանցերով խաղավայրը Այս խաղավայրը հիւսուած է մեծ գուրգուրանքով եւ սիրով` զոյգի մը կողմէ: Կին մը եւ իր ամուսինը թոներով թել գործածած են հիւսելու եւ քրոշէ ընելու  այս գունաւոր մագլցելու ցանցերը, որոնց մենք կրնանք հանդիպիլ Ճափոնի, Սինկափուրի, Չինաստանի եւ Սպանիոյ մէջ: Ծռած շոգեկառքը Մանուկները շատ...

50 Տարի Առաջ (21 Յուլիս 1968)

Ընթերցումներուս Հետ «Ուռկանը» Հեղինակ` Յ. Գեղարդ Յ. Գեղարդ նոր հատորով մը հրապարակ իջաւ այս տարի: Տասնվեց պատմուածքներով կազմուած, մաքուր եւ խնամուած տպագրութեամբ գեղեցիկ գիրք մը` «Ուռկանը», որ գրական որոշ խառնուածքի մը, զարգացման մէկ աստիճանին արգասիքը կը կազմէ, որովհետեւ հեղինակը անծանօթ դէմք մը չէ սփիւռքահայ գրականութեան մէջ: Այս քանի մը հատորով լոյս ընծայած է արդէն իր գրական վաստակը առանց հաշուելու անշուշտ...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Շատ մը հոգեր եւ հարցեր պիտի վերանան: Պատասխանի կամ արդիւնքի մը համար պիտի ուրախանաք: Հին էջերը ծալեցէք: Պիտի քաջալերուիք նոր որոշում մը տալու կամ նոր առիթ մը նախաձեռնելու: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Սովորականէն դուրս կ՛ուզէք ելլել եւ բացայայտել նոր ոլորտներ: Ամսուան լաւ ու բախտաւոր օրերէն մէկն է: Ձեռնածալ մի՛...

Մեր Ընթերցողներուն

Յայտարարութիւններ (20 Յուլիս 2018)

ՄԱՀԱԶԴ Տիկին Անի Արիստաքեսեան-Գուտուսեան Օրդ. Մարալ Գուտուսեան Օրդ. Ալին Գուտուսեան Օրդ. Դալար Գուտուսեան Տէր եւ տիկին Նազարէթ եւ Էվա Գուտուսեան եւ ընտանիք Տէր եւ տիկին Հայկ եւ Մարօ Էրնեքեան Գուտուսեան եւ Արիստաքեսեան ընտանիքներ Էրնեքեան եւ Մարգարեան ընտանիքներ Շլալա եւ Աղազարեան ընտանիքներ Տէր Ստեփանեան եւ Բաքլայեան ընտանիքներ Թերզեան եւ Չաքըրեան ընտանիքներ Պայրագտարեան եւ Դաւիթեան ընտանիքներ Էյիմեան ընտանիք եւ համայն ազգականներ կը...

50 Տարի Առաջ (20 Յուլիս 1968)

Թուրք Մամուլը Հայերու Դերը Օսմանեան Պետութեան Մէջ «Ենի Իսթանպուլ»-ի մէջ Էրտողան Արըփընար «Հայկական հարցը» իր յօդուածաշարքին մէջ կը ներկայացնէ նաեւ հայերու կատարած դերը օսմանեան պատմութեան մէջ: Ի միջի այլոց կը գրէ. «Հայ ժողովուրդը ճիշդ 650 տարի ամենալաւ պայմաններու տակ ապրեցաւ թրքական հողերուն վրայ: Գնահատուեցաւ եւ ոչ ոք կասկածեցաւ, թէ կառավարութեան մէկ տկար վայրկեանին գրգռիչ ազդեցութիւններու ենթակայ պիտի ըլլար: «Հայերը ամենաբարձր...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Պիտի ստիպուիք ձեր աշխատանքային ցուցակին վրայ փոփոխութիւններ մտցնել: Քննարկելու կողմնակից էք: Պիտի բազմանան պտոյտները եւ յարաբերութիւնները: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ: Պայմանագիր մը ստորագրելու ժամադրութիւն պիտի ունենաք: Ձեր ջիղերուն տէր եղէք: Եթէ կ՛ուզէք յաղթել, դիւանագէտ պէտք է ըլլաք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Պէտք է դասաւորէք ձեր գործերը եւ դնէք առաջնահերթութիւնները, որպէսզի...

Յայտարարութիւններ (19 Յուլիս 2018)

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.»-Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻՆ 1 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ Աշխատանքային վերադասաւորման եւ վերակազմակերպման փուլէ մը ետք, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժանմունքը իր ընթացիկ հաղորդումներուն կը վերսկսի չորեքշաբթի, 1 օգոստոսին: «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերուն կրնաք հետեւիլ ամէն օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին: --------------------------------------- ՏՕՆ Ս. ԵՂԻԱ ՄԱՐԳԱՐԷԻՆ Ս. Գրիգոր-Ս. Եղիա աթոռանիստ եկեղեցւոյ ժողովրդապետութիւնը Ձեզ կը...

Կին Դէմքեր.  Լուսիկ Ագուլեցի

Կին Դէմքեր. Լուսիկ Ագուլեցի

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Վերջերս (յուլիս 13) Երեւանի մէջ մահացաւ նկարչուհի եւ ազգագրագէտ Լուսիկ Ագուլեցին: 72 տարեկան նկարչուհին, որ քանդակագործ Եուրի Սամուէլեանի կինն է, ծնած էր Նախիջեւանի Գողթան գաւառի Ագուլիս քաղաքը եւ 1953-ին ընտանեօք տեղափոխուած էր Երեւան: Նկարչուհին անդամ էր Հայաստանի Նկարիչների Միութեան, Հայաստանի, Արցախի եւ Յունաստանի մէջ ունեցած է անհատական ցուցահանդէսներ, նաեւ մասնակցած է խմբային ցուցահանդէսներու` Փարիզի, Մոսկուայի, Թոքիոյի եւ...

50 Տարի Առաջ (19 Յուլիս 1968)

Հանգիստ Խադ. Արք. Աջապահեանի Ցաւով կը հաղորդենք վախճանումը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ միաբաններէն Խադ արք. Աջապահեանի, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 17 յուլիս, երեկոյեան ժամը 6:00-ին, Ազունիէի Ազգ. բուժարանին մէջ, յետ երկարատեւ հիւանդութեան: Խադ արք. Աջապահեան ծնած էր Սիս, 1885-ին: Ուսումը ստացած էր եւ աբեղայ ձեռնադրուած` Սիսի դպրեվանքին մէջ: Տարագրութեան տարիներուն գաւազանակիրն էր Սահակ Բ. կաթողիկոսի: Եպիսկոպոս ձեռնադրուեցաւ Հալէպ, 1929-ին: Այնուհետեւ, յաջորդաբար,...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Սխալներ չգործէք, որպէսզի սուղ գին չվճարէք: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը եւ մի՛ նեղացնէք մարդիկը: Դժուար ու տագնապալից շրջան մըն է: Հանդարտ մնացէք: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Մի՛ հրաժարիք ձեր պարտականութենէն եւ պատասխանատուութենէն: Կանուխ գացէք աշխատանքի: Ձեր ծնողներէն մէկուն վիճակով պիտի մտահոգուիք: Բուժման ծախսեր պիտի ունենաք այս շրջանին: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Տրամադրութիւնները պիտի...

Յայտարարութիւններ (18 Յուլիս 2018)

«Օ. ԹԻ. ՎԻ.»-Ի ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԼՈՒՐԵՐԸ ԿԸ ՎԵՐՍԿՍԻՆ 1 ՕԳՈՍՏՈՍԻՆ Աշխատանքային վերադասաւորման եւ վերակազմակերպման փուլէ մը ետք, «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերու բաժանմունքը իր ընթացիկ հաղորդումներուն կը վերսկսի չորեքշաբթի, 1 օգոստոսին: «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանի հայկական լուրերուն կրնաք հետեւիլ ամէն օր, կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին: --------------------------------------- «ՃԻՆԻՇԵԱՆ ՅԻՇԱՏԱԿԻ ՁԵՌՆԱՐԿ» «Ճինիշեան յիշատակի ձեռնարկ»-ին կազմակերպած վիճակահանութեան տոմսերը ամբողջովին սպառած են:...

Մեր Ընթերցողներուն.  «Ազդակ»-ը Նոր Հատավաճառով  Եւ Նոր Բաժանորդագինով

50 Տարի Առաջ (18 Յուլիս 1968)

Նոթեր Ու Նետեր Նոր Աղանդ Մը Երիտասարդ ամերիկուհի մը Միացեալ Նահանգներու մէջ հիմնած է նոր աղանդ մը, որուն միակ պատուիրանն է` «Լռեցէք» Պարզապէս` պապանձումի աղանդ մը: Նախ ճշդում մը ընենք, նոր աղանդին հիմնադիր օրիորդը վստահաբար գեղեցիկ չէ: Գեղանի մը կը գեղգեղէ կամ առաւելապէս կը փափաքի, որ իր շուրջը գտնուողները դայլայլեն իրեն համար: Այս ամերիկուհին կը յաւակնի հաւատալ, որ ընտանիքներ ու...

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

ԽՈՅ (21 Մարտէն  20 Ապրիլ) Անհոգ մի՛ գտնուիք անակնկալ առողջական վիճակի կամ ընտանեկան պարտաւորութեան հանդէպ: Յոգնութիւն պիտի զգաք շատ գործերու պատճառով: Լաւապէս դասաւորեցէք ձեր գործերը: Անհոգ մի՛ գտնուիք ձեր պարտականութիւններուն հանդէպ: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Խոստմնալից շրջան մըն է: Անհոգ մի գտնուիք մանրամասնութիւններուն հանդէպ: Ճշդապահ եղէք ձեր ժամադրութիւններուն մէջ: Լուծումներ գտնելու միջոց մը գտէք: Կարողութիւն ունիք հաշտուելու եւ մտերմանալու:...

Page 226 of 361 1 … 225 226 227 … 361

Արխիւներ