ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Սխալներ չգործէք, որպէսզի սուղ գին չվճարէք: Լաւ պատրաստեցէք ձեր գործը եւ մի՛ նեղացնէք մարդիկը: Դժուար ու տագնապալից շրջան մըն է: Հանդարտ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Մի՛ հրաժարիք ձեր պարտականութենէն եւ պատասխանատուութենէն: Կանուխ գացէք աշխատանքի: Ձեր ծնողներէն մէկուն վիճակով պիտի մտահոգուիք: Բուժման ծախսեր պիտի ունենաք այս շրջանին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Տրամադրութիւնները պիտի բարելաւուին, հոգերը պիտի վերանան, եւ ձեր միտքը պիտի հանգստանայ: Բարելաւեցէք ձեր յարաբերութիւնները` ձեր սիրելիներուն կողքին կանգնելով: Նոր շրջանի մը սկիզբն է: Ամսուան լաւ օրերէն մէկն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Ընտանեկան կամ անձնական անակնկալ հարց մը լուծելով պիտի զբաղիք: Ձեր ջիղերուն տէր եղէք եւ մի՛ փախչիք պատասխանատուութենէ: Անկեղծ եղէք ձեր յարաբերութեան եւ խոստումներուն մէջ: Կարեւոր շրջան մըն է` յարբերութիւնները ամրապնդելու:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Կարեւոր հարց մը պիտի քննարկէք: Ուսումնական խնդիր մը պիտի որոշէք: Աշխուժ շրջան մըն է: Շուտ շարժեցէք, նախքան որ առիթը ներկայանայ: Դուք փնտռեցէք առիթը` առանց ժամանակ կորսնցնելու:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մանրամասնութիւնները քննեցէք` նախքան ստորագրելը որեւէ պայմանագիր: Զրուցեցէք եւ օգնութիւն խնդրեցէք: Աշխատանքային եւ ընկերային վէճերէն հեռու մնացէք: Մի՛ աղաւաղէք ձեր անունը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Մտային եւ ֆիզիքական աշխուժութիւն պիտի զգաք, որովհետեւ լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Ձեր մասնագիտութեան մէջ, դուք վարպետ էք: Դէպքերը արագ ընթացք պիտի ունենան, եւ դուք պիտի հասնիք ձեր նպատակին: Ձեր սպասած արդիւնք պիտի ստանաք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Պիտի յուսահատիք: Պիտի տխրիք մտահոգող հարցի մը պատճառով: Շրջանը յարմար չէ որոշում տալու: Ուշացում եւ ձախողութիւն: Խաբեբաներէն հեռու մնացէք: Յուսահատեցնող շրջան մըն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Մարզական ոգի ունիք եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Բոլոր մարզերուն մէջ կարեւոր դեր պիտի խաղաք: Ձեր շուրջիններուն ուշադրութիւնը պիտի գրաւէք: Պիտի ամրապնդէք ձեր միտքները եկող շրջանին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Լուսինին ազդեցութիւնը ճնշող է եւ անհանգիստ: Այս շրջանին ճնշումները պիտի շատնան: Արկածախնդրութեան մի՛ մատնէք ձեր խաղաղ աշխատանքային, ընկերային եւ ընտանեկան կեանքը: Անհոգ մի՛ ըլլաք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք: Ամսուան ամէնէն լաւ օրերէն մէկն է եւ ամէնէն բախտաւորը: Լուռ մի՛ կենաք, շարժեցէք, ո՛ր կողմ որ կ՛ուզէք: Բախտը ձեզի պիտի գայ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Զգուշ եղէք ամէն մէկ բառէ ու կեցուածքէ, որ կ՛որդեգրէք: Յարմար շրջան է` գործերը կարգաւորելու եւ հաշտութիւն կատարելու: Ընտանեկան եւ ընկերային պարտականութիւններ պիտի ունենաք: