ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Անհոգ մի՛ գտնուիք անակնկալ առողջական վիճակի կամ ընտանեկան պարտաւորութեան հանդէպ: Յոգնութիւն պիտի զգաք շատ գործերու պատճառով: Լաւապէս դասաւորեցէք ձեր գործերը: Անհոգ մի՛ գտնուիք ձեր պարտականութիւններուն հանդէպ:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Խոստմնալից շրջան մըն է: Անհոգ մի գտնուիք մանրամասնութիւններուն հանդէպ: Ճշդապահ եղէք ձեր ժամադրութիւններուն մէջ: Լուծումներ գտնելու միջոց մը գտէք: Կարողութիւն ունիք հաշտուելու եւ մտերմանալու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Ձեր ջիղերուն տէր եղէք: Պահպանեցէք ձեր շահերը: Թոյլ մի՛ տաք, որ քմահաճութիւնը ազդէ ձեր եւ ընտանիքի խաղաղութեան վրայ: Ընտանեկան հարցերով պիտի զբաղիք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Դրականօրէն պիտի վարուիք ձեր շրջապատին հետ: Ձեր գործակիցին հետ օրինական վէճեր մի՛ ունենաք: Առանց վարանելու` պիտի պաշտպանէք ձեր շահերը եւ պիտի յստակացնէք ձեր տեսակէտը: Մեծ ինքնավստահութիւն ունիք:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Պիտի քննարկէք ձախողութեան պատճառները` սխալները շտկելու նպատակով: Պիտի փորձարկէք յաջողիլ քննութեան եւ փայլուն միտքեր ներկայացնել: Ձեր յարաբերութիւնները յաջող եւ օգտակար պիտի ըլլան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Ձեր գաղտնիքները երեւան պիտի ելլան, եւ հարցերը բնականոն ընթացք պիտի ունենան, որովհետեւ լուսինը ձեր աստղին մէջն է: Դրական եւ բախտաւոր շրջան մըն է: Կանգնած մի՛ մնաք, դէպքերը կը զարգանան ձեր շուրջը: Դրական եւ յստակ նշան մը պիտի ստանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Այս օրերուն որոշում մի տաք: Անակնկալի պիտի գաք անհասկացողութեան մը պատճառով: Վիճաբանութիւններէն հեռու կեցէք: Օրէնքները յարգեցէք: Դիմադրութիւն մը պիտի ունենաք: Ամսուան վատ օրերէն մէկն է:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Առիթ տուէք ձեր երեւակայութեան: Փորձեցէք տարբեր լուծումներ գտնել: Յաջողութեան տոկոսը պիտի բարձրանայ: Զօրակցութիւն պիտի գտնէք ձեր կեցուածքներուն: Պիտի հասկնան ձեր պայմանները:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Ձեր տեսակէտը մի՛ պարտադրէք: Քննարկումներ եւ կարեւոր հանդիպումներ պիտի ունենաք: Կը ծրագրէք նոր նախաձեռնութիւններ: Ձեր ձգտումը պիտի մեծնայ: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Դժուար ու խրթին ամիս մըն է: Մի՛ թերանաք ձեր պարտականութիւններուն մէջ: Մի՛ կարծէք, որ հրապարակը առանց թշնամիներու եւ հակառակորդներու մնացած է: Ուշադիր եղէք ձեր դէմ ելլող անձերէն:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Հարցերը կատարեալ ազատութեամբ, վստահութեամբ եւ ճկունութեամբ քննարկեցէք: Ձեզ չգոհացնող պայմանները մի՛ ընդունիք: Ընտանեկան կամ ընկերային հարցերու պիտի անդրադառնաք:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Մթնոլորտը ծանր է եւ ձեզի հակառակ: Օրէնքները յարգեցէք: Մի՛ զայրանաք: Բացասական զգացումներ պիտի ունենաք: Վէճ ու վիճաբանութենէ բոլորովին հեռու մնացէք:
