ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Պիտի հանգստանաք, երբ ուրիշներ սրտակցին ձեզի: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք եւ պիտի սկսիք նոր ուղղութիւն մը: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Լոյսերէ եւ ձայներէ հեռու կ՛ուզէք մնալ տագնապի կամ յոգնութեան պատճառով: Ընտանեկան անակնկալ պարտաւորութիւններ պիտի ունենաք: Յարմար շրջան է` զբաղելու աշխատանքային հարցերով:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Շահի կամ յաջողութեան համար պիտի ուրախանաք: Պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները: Յարմար ժամանակ է ճամբորդութիւն կատարելու եւ նոր փորձառութիւն ապրելու:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Մթնոլորտը մեղմացնելով եւ պարտականութիւնները ամբողջացնելով պիտի զբաղիք: Մի՛ հրաժարիք ձեր նպատակներէն: Անձնական կամ տնային ուրախ առիթի համար նոր ծախսեր երեւան պիտի գան:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Դժուար բնաւորութիւն ունիք: Պէտք է հեռու մնաք վիճաբանութիւններէն: Դուք ձեր ջիղերուն տէրը եղէք եւ մի՛ զայրանաք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Մինակ մի՛ մնաք, մասնակցեցէք եւ լաւ դեր խաղացէք ձեր մթնոլորտին եւ միջավայրին մէջ: Աչքառու ներկայութիւն ունիք եւ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէք: Կարեւոր որոշումներ պիտի տաք:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ ձեր ջիղերը զսպէք, կարողութիւնը պիտի ունենաք ձեր պարտականութիւնները յաջողութեամբ կատարելու: Ձեր կարողութիւններուն եւ անձին հանդէպ ձեր վստահութիւնը մի՛ կորսնցնէք: Ձեր ուսերուն մեծ պատասխանատուութիւն պիտի դրուի: Պատրաստ եղէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Քայլ մը ետեւ պիտի երթաք, որպէսզի մօտեցնէք ձեր կարծիքը ուրիշներուն: Թշնամական կեցուածքներէ հեռու մնացէք: Մտային եւ ֆիզիքական մեծ ներուժ ունիք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Պտոյտ մը կամ հանգստանալու ճամբորդութիւն մը կատարեցէք: Ձեր միտքը պիտի հանգստանայ գործերու բնական ընթացքին համար: Դրական շրջան մըն է, պիտի ամրապնդէք ձեր դիրքը եւ պիտի շարունակէք ձեր ընթացքը: Փայլուն միտքեր ունիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Վարչական ձեր թուղթերը դասաւորեցէք: Մանրամասնութիւնները մի՛ թերագնահատէք: Մասնագէտներու դիմեցէք: Ճշգրիտ կատարեցէք ձեր աշխատանքը, որովհետեւ արդիւնքները պիտի որոշեն ձեր յառաջիկայ ընթացքը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը եւ առողջութիւնը: Յաջողութիւններով լեցուն շրջան մը կ՛ապրիք: Ամսուան արագ եւ ուրախ օրերէն մէկն է: Մի՛ վարանիք եւ փոփոխութիւն մտցուցէք ձեր անձնական կեանքին մէջ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Այս օրերուն պիտի շատնան պատասխանատուութիւնները: Անակնկալ հարցերու լուծումներ գտէք: Դասաւորեցէք ձեր ժամանակը եւ մի՛ ուշանաք, որովհետեւ պայմանները տակնուվրայութիւն չեն շալկեր:
