50 Տարի Առաջ (23 Մարտ 1969)
Սայաթ Նովա Մեր քաղաքին մէջ կազմուած հրատարակչական տուներու կարգին իր պատուաւոր տեղը ունի «Էտվան» հրատարակչականը, որ մէկ ու կէս տասնամեակ առաջ սկսաւ գործի եւ հրապարակ հանեց շարք մը մեծապէս գնահատուած գործեր, միշտ` ժողովրդական գիներով: «Էտվան»-ի լոյս ընծայած գրքոյկները երբեմն ամբողջական գործեր կ՛ամփոփեն` Դուրեան, Մեծարենց, երբեմն կը ներկայանան հատընտիր հանգամանքով` Թէքէեան, Չարենց եւ երբեմն ալ կը ներկայացնեն գրողի մը մէկ գլուխ-գործոցը,...





