ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մեծ ցանկութիւններ ունիք կատարելու: Համարձակ քայլեր կ՛ուզէք առնել: Ձեր կատարած ծանր աշխատանքին արդիւնքը պիտի ստանաք եւ յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Չի վայելեր ձեզի ձեր ընկերներուն հետ վէճը երկարել: Քննութեան մը պիտի մասնակցիք, լաւ պատրաստուեցէք: Ամսուան բախտաւոր օրերէն մէկն է, օգտագործեցէք առիթը:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Խանդավառ էք` փոփոխութիւն մտցնելու ձեր կեանքին մէջ: Աւելի լաւ է կանուխ երթաք աշխատանքի, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք եւ շուտ աւարտէք ձեր գործերը: Շահ մը պիտի ապահովէք, դրական շրջան մըն է:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Պիտի յաջողիք ձեր ընկերային կեանքին մէջ լարուած մթնոլորտը մեղմացնել ու հարցերը լուծել: Անհոգ մի՛ գտնուիք ձեր պետական փաստաթուղթերուն նկատմամբ: Մինակ մի՛ մնաք, խմբային աշխատանքին մաս կազմեցէք:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ընտանեկան վիճաբանութիւններէն հեռու մնացէք, անոնք կրնան խանգարել ձեր կեանքի խաղաղ ընթացքը եւ ձեր կեանքը դժոխք կը դարձնեն: Եթէ ամուսնացած չէք, սիրային յարաբերութիւն մը պիտի ապրիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Այս շրջանին ճնշումները պիտի շատնան, եւ դուք ձեզ պիտի գտնէք դժուարութիւններու դիմաց. բայց մի՛ յուսահատիք, ժամանակի ընթացքին ամէն հարց պիտի լուծուի:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր բախտը պիտի զօրանայ անձնական եւ ընտանեկան գետնի վրայ: Ընկերային խրախճանքի մը պիտի մասնակցիք եւ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ուրախ լուրեր պիտի ստանաք: Փոփոխութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր առօրեային մէջ: Հարցեր մի՛ յարուցէք ձեր շրջապատին մէջ: Փոփոխական տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Իմաստուն միտքերով պիտի օժտուիք այս օրերուն: Մի՛ յետաձգէք ձեր ժամադրութիւնները: Յաջողութիւններ պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նիւթական ծրագիրի մը շուրջ համաձայնութիւն մը պիտի կնքէք կողմի մը հետ: Ճկուն եղէք ձեր հարցերը լուծելու մէջ: Պիտի մասնակցիք աշխատանքային տարբեր ծրագիրներու:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ամսուան ուրախ եւ բախտաւոր օրերէն մէկն է: Պիտի ճամբորդէք եւ աշխատանքային ծրագիր մը մշակէք: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք եւ արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Աշխատանքային ճնշումները պիտի բազմանան: Ձեր խօսքը յստակ թող ըլլայ, որպէսզի անհասկացողութիւն տեղի չունենայ: Ժամանակ յատկացուցէք ձեր նախասիրութիւններուն եւ հանգիստին: