Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (21 Մարտ 1969)

Մարտ 21, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Նոր Հայը

Վերջին տարիներուն հրապարակ նետուեցաւ նոր տարազ մը` բնորոշելու համար հայրենի հողէն դուրս, օտար տարածութիւններու վրայ ծնող եւ աճող հայուն տիպարը` «նոր հայը»:

Երիտասարդ գրող Յ. Քիւրքճեան «Ահեկան»¬ի այս տարուան 3-4 միացեալ թիւին մէջ մինչեւ իսկ ընդարձակ եւ հետաքրքրական յօդուած մը ստորագրած է` բնորոշելով եւ գովաբանելով այս նոր հայուն նորօրինակ հայեցիութիւնը:

Ո՞վ է ան, ինչպէ՞ս կը  կազմուի, նկարագրային ի՞նչ գիծեր կը ներկայացնէ, ինչի՞ կը ձգտի:

Այս «նոր հայը» ձեր երեւակայած այլասերած հայը չէ, ան, որ միայն ծնունդով եւ մականունով հայ կ՛ըլլայ, բայց իր լեզուով, հոգիով եւ բոլոր հետաքրքրութիւններով` օտար:

Ո՛չ, «նոր հայը» արտաքնապէս կը թուի թէ այլասերած է, որովհետեւ գրեթէ անտեղեակ է իր մայրենի լեզուին, անտեղեակ` հայոց պատմութեան, կտրուած է մեր անցեալի բոլոր աւանդութիւններէն եւ կ՛ապրի ներկային մէջ` արդի երիտասարդութեան ոճով ու ճաշակներով: Սակայն մէկ բան կենդանի է անոր մէջ. մտաւորական հետաքրքրութիւն մը` իր ազգին, հայրենիքին եւ անոր ճակատագրին հանդէպ:

«Նոր հայը» ընդհանրապէս պէտք է փնտռել ու գտնել Ֆրանսայի եւ Ամերիկայի օտարախօս մեր ուսանող երիտասարդութեան շարքերուն մէջ: Անոնք չունին հին սերունդի զգացական ապրումները, աւանդապաշտութիւնը, կարօտաբաղձութիւնը, այլ ունին գիտական ծարաւ մը միայն, որ կը մղէ զիրենք, երբեմն անշուշտ, գիրքերու ընդմէջէն ճանչնալու իրենց ժողովուրդին դիմագիծը:

«Նոր հայը» իրատես է, միաձուլուած` իր շրջապատին հետ, ուր ինքզինք օտար չի զգար ու չի տառապիր, բայց ինքնաճանաչումի ներքին խռովք մը կ՛ապրի: Վերացական չէ հիներուն պէս, այլ` գործնական, այժմէական: Ֆրանսացի է ֆրանսացիի մը պէս, բայց հայ է իր էութեան խորքերուն մէջ, ուրկէ ձայն մը զինք կը մղէ յաճախ հայկական արժէքներու վրայ հակելու եւ զանոնք ուսումնասիրութեան նիւթ դարձնելու, հոգ չէ թէ` օտար լեզուով:

Հայու ինքնութիւնը բոլորովին կորսնցուցած բազմահարիւր հայորդիներու մէջէն յանկարծ յայտնուող փոքրաթիւ այս «նոր հայերը» յոյսի եւ խանդավառութեան աղբիւր կը հանդիսանան բնականաբար եւ անոնց տարեկից մեր մտաւորական¬գրողները կը մղեն բացագանչելու.

¬ Ի զո՜ւր ողբացիք, թէ հայութիւնը կը նահանջէ, թէ` նոր սերունդը կը կորսուի: Ահաւասիկ` ձեզի «նոր հայը», որ պէտք չունի անցեալէն ժառանգ մնացած զէնքերուն` գոյութեան պայքար մղելու համար: Առանց լեզուի, առանց հողի, առանց աւանդութեան կապերուն, առանց արցունքի կարելի է հայ մնալ: Ասիկա «Կռունկ» երգող եւ ա՜խ քաշող հայը չէ, բայց իր արժէքով եւ տոկունութեամբ ետ չի մնար անկէ: Ասիկա նոր օրերու նոր հայն է, որ դէպքերուն ու երեւոյթներուն վրայ գիտէ նայիլ քսաներորդ դարու արեւմտեան մտքին խորաթափանց լուսարձակով: Եթէ կարելի չէր հայապահպանումը, կեցցէ՛ հայակերտումը: Պայմա՞ն է, որ հին հայը յաւերժանայ անկարելի պայմաններու մէջ եւ հոգեպէս պառակտուած` հինին ու նորին միջեւ: Օ՛ն, ուրեմն, ասպարէզը տանք միադէմ ու նորահրաշ հայ երիտասարդութեան:

Շատ շահեկան կը գտնեմ հրապարակ նետուած գաղափարը, որ աւելի իրական տուեալի մը մատնանշումն է: Հին ու միջին սերունդի ներկայացուցիչները առաջին առթիւ պիտի խրտչին հաւանօրէն «նոր հայուն» այս տարօրինակ ծնունդէն, բայց չեն կրնար չխոստովանիլ, թէ լուրջ խորհրդածութեան արժանի է երեւոյթը:

Տարագրութեան տարիները բոլորեցին արդէն կէս դարը: Անցեալը կենդանի պահող շունչերը մի առ մի մարեցան, եւ մնացորդներու տժգոյն բազմութիւնը հազիւ կը հեւայ: Վաղը ի սպառ մարած պիտի ըլլայ ամէն յուշ ու կարօտ: Մեր զաւակները, իբրեւ հարազատ միջավայր եւ մթնոլորտ, պիտի գտնեն լոկ այն, ինչ որ ամբողջապէս օտարինն է:

Արդ, ի՞նչ ելք ու արդիւնք կրնանք սպասել այս կացութենէն:

Յոռետեսները պիտի ըսեն` կատարեալ օտարացում: Եւ ընդհանրապէս, հիներուն ողբը կը փրթի այս մռայլ նախատեսութենէն:

Բայց ահա` լաւատեսներ, որոնք մեր զգացական միամտութիւնը կը հեգնեն եւ մեզի ցոյց կու տան սփիւռքահայու նոր տիպարը, հետեւորդ` նոր ճանապարհներու: Լաւ չե՞նք ճանչնար անոր դէմքը, ուրիշ մոլորակէ եկած հայո՞ւ կը նմանի: Հաւնինք կամ ոչ, համաձայն ըլլանք թէ դատապարտենք, մեզի կ՛ըսեն` ա՛յս է նոր հայը, ուրիշ ձեւ չկայ հայ մնալու:

Ոմանք կրնան ափսոսալ, թէ հինը շատ աւելի լաւ էր, աւելի ջերմ, սրտով ու ջիղերով հայ, ուրիշներ կրնան զարմանալ, թէ ինչպէ՛ս հնարաւոր է օտար լեզու խօսիլ, հայկական ձեռնարկներէ հեռու մնալ, գիշեր¬ցերեկ Մասիս չհոլովել, բայց հայ կոչուիլ: Եւ շատեր վստահաբար պիտի չըմբռնեն, դեռ երկար ատեն, մտքով հայերու այս նմուշները, արտադրութիւն` սփիւռքի հողին:

Ի՛նչ ալ ըլլան մեր հակազդեցութիւնները, պէտք է ի վերջոյ ընդունինք իրականութիւնը` որոշ գոհունակութեամբ: Այո՛, գոհունակութեամբ, որովհետեւ բարենշան երեւոյթ է անոնց ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ: Հակառակ բոլոր աննպաստ պայմաններուն, բոլոր խոչընդոտներուն` կը նշանակէ, թէ մեր ցեղին կենսունակութեան աւիշը անցամաք կը մնայ եւ տարբեր ձեւերով կը խօսի մեր տղոց էութեան մէջ: Նոր հայը եթէ չի տառապիր հիներուն պէս, կը տագնապի, սակայն, իր ճակատագրին հարցով: Եթէ «Մայր Արաքսի» չ՛երգեր, կ՛ուզէ ճանչնալ մեր մայր գետին ընթացքը եւ ուսումնասիրել անոր պատմութիւնը:

Երանի՜ թէ շատնային այս նոր հայերը եւ իսկապէս տէր կանգնէին մեր գոյութեան պայքարին` նոր զէնքերով:

Հիները բան մը ունի՞ն ըսելիք: Այո՛, ունին: Օգնել անոնց ինքնաճանաչումին` առանց աւանդական յուզականութեան: Լուսաբանել եւ լուսաւորե՛լ անոնց ուղին` գործնական տուեալներով:

Մնացածը իրենց պարտականութիւնն է:

Մ. ԻՇԽԱՆ

Վարդապետական Գաւազանի Տուչութիւն`
Անթիլիասի Մայրավանքին Մէջ

Կիրակի, 16 մարտ առաւօտեան ժամը 10:00¬ին Անթիլիասի մայր տաճարին մէջ, ձեռամբ Խորէն Ա. կաթողիկոսի, վարդապետական աստիճան ստացան Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբանութեան անդամներէն Ոսկան եւ Զարեհ աբեղաները:

Հաւատացեալներու, ծնողներու եւ բարեկամներու խուռներամ բազմութիւն մը լեցուցած էր մայր տաճարը: Օրուան պատարագիչն էր Արամ աբղ. Յակոբեանը: «Հայր Մեր»¬էն առաջ վեհափառ հայրապետը զգեստաւորուած, թափօրով մուտք գործեց աւանդատունէն ատեան եւ կատարեց վարդապետական աստիճանի տուչութիւնը` կողքին ունենալով, իբրեւ խարտաւիլակ, դպրեվանքի տեսուչ Մեսրոպ վրդ. Աշճեանը:

Յատուկ աղօթքներէ, շարականներէ եւ Աւետարաններու ընթերցումէն ետք, Ոսկան եւ Զարեհ աբեղաները ստացան վարդապետական աստիճան:

Ապա վեհափառ հայրապետը քանի մը խօսքով պարզեց օրուան խորհուրդը եւ անկէ բխող պատգամը` առաւել ծառայութեան, առաւել նուիրումի եւ առաւել գիտակցութեան:

Քարոզեց նոր վարդապետներէն աւագը` Ոսկան վարդապետ: Նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հօր, որ արժանի նկատած էր զիրենք վարդապետական աստիճանին, ապա խօսեցաւ քահանայութեան մասին:

Ոսկան վրդ. Մխիթարեանի աւարտաճառն էր` «Հայ գիրը եւ տպագրութիւնը», իսկ Զարեհ վրդ. Ազնաւորեանի աւարտաճառը` «Ներսէս Լամբրոնացի եւ իր եկեղեցական բարեկարգութիւնները»:

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ՄԱՀԱԵ Միութիւն. Մեծարանքի Հանդիսութիւն Վաստակաւոր Կրթական Մշակներու

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?