ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Քիչ մը տագնապ պիտի զգաք այս օրերուն: Տակաւին պատրաստ չէք փոփոխութիւն մտցնելու ձեր առօրեային մէջ: Հաճելի անակնկալ մը ձեզի կը սպասէ ձեր տան մէջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Յարմար շրջան է` սիրոյ եւ անձնական յարաբերութիւններու: Ընտանեկան հաճելի հաւաք մը պիտի ունենաք: Կեդրոնացէք ձեր աշխատանքին վրայ, որպէսզի սխալներ չարձանագրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Ձեր հորիզոնները պիտի ընդարձակուին: Աշխատանքային հոգերը պիտի նուազին: Նոր ծրագիր մը պիտի մշակէք ձեր պաշտօնակիցներուն հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ինքնավստահ ու համարձակ յառաջ պիտի երթաք եւ զարգացում մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Ձեր շնորհիւ` ձեր պաշտօնակիցները յաջողութիւն մը պիտի վայելեն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Հակադարձութիւններու կարեւորութին մի՛ տաք, դուք ձեր գործերը աւարտեցէք ու հաստատ մնացէք ձեր կարծիքին ու որոշումներուն վրայ: Նախանձոտ մարդոցմէ հեռու մնացէք, անոնք կրնան խանգարել ձեր խաղաղ կեանքը:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Վերապահ եւ արթուն եղէք գործի ասպարէզին մէջ տեղի ունեցող հարցերուն նկատմամբ: Հին հարց մը կրկին երեւան պիտի գայ ու պիտի խանգարէ ձեր անձնական կեանքը:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Եթէ ամուրի էք, սիրային նոր յարաբերութիւն մը պիտի մշակէք: Ձեր հարցերուն լուծումներ պիտի գտնէք: Ձեզմէ երկար բացակայած ընկերոջ մը հետ պիտի հանդիպիք եւ հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Զսպեցէք եւ մի՛ արտայայտէք ձեր ջղայնութիւնը: Աշխատեցէք հանդարտ մնալ, որպէսզի չվնասէք ձեր ջիղերը: Ընտանեկան անցողիկ դժուարութիւն մը պիտի ունենաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր աշխատանքային մթնոլորտին մէջ հակասութիւններու պիտի հանդիպիք, բայց արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք: Լսեցէք ձեր ընկերներուն տուած խրատը ձեզի:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ձեր յայտնած միտքերը կրնան բոլորին չգոհացնել, մի՛ յուսահատիք: Ձեզի վստահուած բոլոր գործերը լիուլի կատարեցէք: Խնայողութեամբ ծախսեցէք ձեր դրամները, որպէսզի նեղութիւն չունենաք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Դժուարութիւնները կամաց-կամաց պիտի անհետանան ձեր կեանքէն: Ձեր գործը սիրելով եւ աշխուժութեամբ կատարեցէք, որպէսզի յաջողութիւն գտնէք: Ամսուան ուրախ օրերէն մէկն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ճնշումներով լեցուն շրջան մը պիտի ապրիք: Ուշադիր եղէք, որ սխալ գնահատական եւ որոշում չկայացնէք հարցի մը շուրջ, որ ձեզ պիտի անհանգստացնէ յառաջիկայ օրերուն:
