Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (19 Մարտ 1969)

Մարտ 19, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Համազգայինի Ճեմարանը

Համազգայինը եգիպտահայերուն նուէրն է գաղթաշխարհի հայութեան: Չենք ըսեր` Լիբանանի, այլ կ՛ըսենք` համայն գաղթաշխարհի:

Հիմնադիրները եգիպտահայ կամ եգիպտահայացած ընկերներ էին` Համօ Օհանջանեան, Լեւոն Շանթ, Նիկոլ Աղբալեան, Վահան Նաւասարդեան, Գասպար Իփէկեան, Ստեփան Եսայեան, Մալխասեան եղբայրներ եւ Յակոբ Պալըգճեան (եթէ անուն մը մոռցանք ակամայ, Աստուած թողութիւն շնորհէ մեզի):

Կրթական եւ հրատարակչական այս ընկերակցութիւնը հիմնադրուեցաւ 1928 մայիս 28-ին, Գահիրէի մէջ, խառնաշփոթ այն օրերուն, երբ կուսակցական սուր պայքարները, կիրքը, ատելութիւնը աւեր կը գործէին ո՛չ միայն մեր գաղութին, այլեւ բոլոր գաղութներուն մէջ:

Հիմնադիր անդամները զանազան գումարներով մասնակցեցան հիմնադրամին: Երկու տարի ետք, 1930-ին, Պէյրութի մէջ հիմը դրուեցաւ Հայ ճեմարանին, որ ետքէն կոչուեցաւ Նշան Փալանճեան ճեմարան, երբ Փալանճեան քոյրերու իշխանական նուիրատուութեամբ գնուեցաւ նոր շէնք մը, 1947-ին:

Ճեմարանը առաջին տարին ունէր միայն 15 աշակերտ, այսօր ունի 630: Ասիկա պարզ յաջողութիւն մը չէ, կատարեալ յաղթանակ մըն է, մանաւանդ երբ նկատի առնենք, որ ո՛չ պետական հովանի ունի իր վրայ, ո՛չ հաստատուն եկամուտներ, ո՛չ ալ պահեստի հիմնադրամ:

1962-ին, անցորդ մը Եգիպտոսէն, ճեմարանի պարտէզին մէջ նստած, ինք իրեն հաշիւ կ՛ընէր, թէ ի՛նչ կ՛արժեն արդեօք երեք շէնքերը իրենց կարասիներով եւ գոյքերով: Ի վերջոյ եկաւ այն եզրակացութեան, որ վերի վերոյ մէկ միլիոն լ. ոսկի պէտք է արժէին այդ բոլորը: Ետքէն աւելի իրազեկներ ճշդեցին, թէ այդ հաշիւը սխալ էր, եւ թէ բուն արժէքը մէկուկէս միլիոնէն իսկ աւելի է:

Երեսուն այսքան տարուան մէջ Փալանճեան ճեմարանը տէր կը դառնար, ուրեմն, մէկուկէս միլիոն ոսկիի հարստութեան մը: Հաւանաբար հիմա այս դրամագլուխը աւելցած է կէս միլիոնով, նոյնիսկ` մէկ միլիոնով, ո՛չ միայն որովհետեւ յաւելում կրած են գիները, այլ որովհետեւ յաւելում կրած են նաեւ շէնքերը` նոր կառուցումներով եւ արդիական տպարանով: Ամէն տեսակէտէ ԱՊԱՀՈՎ հաստատութիւն մըն է այլեւս ճեմարանը եւ ամուր խարիսխ մը` հայ մշակոյթին սպասարկու:

Բայց, նիւթական կողմէն աւելի, մեզ կը հետաքրքրէ ու կը խանդավառէ գործին բարոյական կողմը:

Վերջընթեր տնօրէնը` Սիմոն Վրացեան, որ վարժապետութենէ վարչապետութեան անցած եւ կրկին վարժապետութեան… բարձրացած է, իր ծանր շուքով կ՛աւելցնէր կրթական այս մեծ հաստատութեան վարկն ու հմայքը: Ուսուցչական կազմը` քանակով եւ որակով պատկառելի, իր արժանի բարձրութեան վրայ կը պահէ Ճեմարանը` զայն դարձնելով, կամ` աշխատելով դարձնել, պզտիկ ազգի մը պզտիկ համալսարանը: Աշակերտները իրապէս կը կազմեն Լիբանանի հայութեան մտաւորական դասը: Անոնց մէջ կան գրական, գիտական եւ հանրային կեանքի որակաւոր սպասարկուներ:

Հաշտ ու համերաշխ մթնոլորտ կը տիրէ այս փոքրադիր Հայաստանին մէջ, եթէ բացատրելու այս եղանակը չի խրտչեցներ ձեզ: Հոգեկան համերաշխութիւնը «մայր է ամենայն բարեաց»: Եւ այս «մայր»-ը, եթէ չենք սխալիր, առաւելագոյն չափով ներկայ է ճեմարանին մէջ եւ նոյնպէս առաւելագոյն չափով կը հսկէ անոր բարգաւաճման ու յառաջընթացին վրայ:

Այս բոլորը կը վկայեն, որ ճեմարանը իր ուղին գտած է եւ հետզհետէ, հաստատուն քայլերով կ՛ընթանայ դէպի աւելի փայլուն հանգրուաններ, միշտ հետամուտ` ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ հայ մշակոյթին: «Ծառայել եւ ոչ թէ` իշխել», այս է եղածը, այս պէտք է ըլլայ, մեր բոլոր հաստատութիւններուն, մեր կատարած ու կատարելիք բոլոր գործերուն ու նաեւ կրթական, մշակութային, հանրային մեր բոլոր գործիչներուն ուղենիշը:

Ճեմարանի նախորդ տնօրէնը, հիմա այլեւս` «լռած ջրաղաց», իր տարեվերջի տեղեկագիրներէն մէկուն մէջ կը հաստատէր ի միջի այլոց. «Մեր Ճեմարանին մեծագոյն փառասիրութիւնը հայ մշակոյթով սնած հայ մտաւորական պատրաստելն է»:

Հիմա յուզումով կը վերյիշենք Ճեմարանի առաջին տնօրէնը` Լեւոն Շանթ, որ կը գրէր ասկէ ճիշդ քառասուներեք տարի առաջ. «Հայ վարժարանին կոչումն է ինտելիգենտ պատրաստել»:

Ասոնք ակնկալութիւններ են, եթէ բոլորովին ենթադրութիւններ ալ չեն: Սակայն մեր ակնկալութիւնները կը համապատասխանե՞ն իրականութեան եւ սփիւռքի մէջ ստեղծուած նոր ու դժուարին պայմաններուն: Կը պատասխանենք այս հարցումին. իր գոյութեան շուրջ քառասուն տարիներու ընթացքին ճեմարանը տուած է` բժիշկներ, դեղագործներ, իրաւաբաններ, մեքենագէտներ, ճարտարագէտներ, հանրային գործիչներ, գրողներ, բայց շատ քիչ` հայագէտ: Ասոնք բոլորը հայ մտաւորակա՞ն են, թէ՞ մտաւորական հայեր են:

Չենք սպասեր անշուշտ, որ ճեմարանի բոլոր աւարտականները դառնան հայագէտ, կամ ուսուցիչ եւ կամ հայ գրող, այսինքն ըլլան ինքնայօժար սպասարկուները հայ մշակոյթին: Բայց կը սպասենք, որ թափուր չմնան հանրանուէր գործունէութեան աթոռները: Եւ մենք մեզի իրաւունք չտանք ըսելու, որ աթոռ ունինք, աթոռակալ չունինք:

Աթոռակալները պիտի պատրաստուին Լիբանանի հայ վարժարաններուն մէջ, մասնաւորաբար` Փալանճեան ճեմարանին: Եթէ կը սխալինք մեր ակնկալութեան մէջ, ապա ուրեմն ուրկէ՞, աշխարհի ո՞ր մասէն պիտի ճարենք աթոռակալները. Ամերիկայէ՞ն, Ֆրանսայէ՞ն, Աւստրալիայէ՞ն:

Հայաստանէ՛ն, պիտի ըսէինք, եթէ քանի մը «եթէ»-ներ չըլլային:

Նախ կայ երթեւեկի դժուարութիւնը: Ապա կայ դրամ փոխադրելու դժուարութիւնը: Կայ նաեւ լեզուի, ընդհանուր կրթութեան, սփիւռքի պայմաններուն յարմարելու, այսպէս կոչուած` տիալեկտիկայի դժուարութիւնը:

Եթէ, ինչպէս կ՛ըսէր բանաստեղծ Պարոյր Սեւակ Փարիզի մէջ, արտասահմանէն ղրկուած ուսանողները կրկին արտասահման պիտի դառնան ոչ թէ իբրեւ հայագէտ, այլ իբրեւ թեքնիսիէն, այսինքն` «դրամ շահելու» գործին նուիրուելու համար, այդ պարագային, Հայաստան պիտի չկրնայ մեզի տալ մեր ակնկալածը: Մենք դուրսն ալ կրնանք պատրաստել այն, ինչ որ հայրենիքը պիտի պատրաստէ մեզի համար:

Անձին փրկութիւնը եւ ազգին փրկութիւնը նոյն բաները չեն: Մէկուն փրկութիւնը չ՛երաշխաւորեր միւսին փրկութիւնը: Արտասահմանի մէջ ազգը պէտք ունի հայագէտներու, մանաւանդ հիմա, որ մեր ցրօնքը դարձած է բազմաճիւղ, որովհետեւ աշխարհի բոլոր միջօրէականներուն տակ հայ մը կ՛ապրի, հայեր կ՛ապրին: Մենք այս ցրօնքը հոգեպէս պիտի դարձնենք միակտուր ու միաձոյլ եւ պիտի դարձնենք ո՛չ թէ բժիշկներով ու ճարտարապետներով, այլ` հայագէտներով:

Ի վերջոյ մենք պարտաւոր ենք աթոռակալ պատրաստել մեր թափուր աթոռներուն համար` ուսուցիչի աթոռ, խմբագիրի աթոռ, հանրային գործիչի աթոռ, գրագէտի աթոռ եւ մնացածը:

Այս աթոռներուն բազմապատկութիւնն է հայագէտի աթոռը, թափուրներուն մէջ ամէնէն թափուրը:

Մենք ձանձրացանք, թերեւս նաեւ ձանձրացուցինք, այս բաները ըսելէ ու կրկնելէ:

Բ. ԹԱՇԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Մայրավանքն Ու Մեր Գոհարները…

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

Մարտ 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

Մարտ 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

Մարտ 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?