Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (22 Մարտ 1969)

March 22, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Կը Խոնարհինք…

«Ուսուցիչներու օր» եւ «Ուսուցիչներու օր»-ուան առիթով տօնակատարութիւն` Պուրճ Համուտի «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ, ուրբաթ 14 մարտ 1969: Ե՛ւ ծաղկեկողովներ բազմաթիւ:  Ե՛ւ բանախօսութիւն: Ե՛ւ քառաձայն համերգ:

Եւ այս ամբողջը, անտարակո՛յս, հոգեկան գեղեցիկ արտայայտութիւններ են` ուղղուած ա՛յն մարդուն, ա՛յն հայ մարդուն, որուն մենք կու տանք «Ուսուցիչ» մակդիրը:

Արդարեւ, ուսուցչին առաքելութիւնը ամէնէն նուիրականն է բոլոր առաքելութիւններուն, որովհետեւ ան` ուսուցիչը, կոչուած է ներկային մէջ եւ ներկայով կառուցելու իր ժողովուրդին վաղը, իր ժողովուրդին ապագան, ամրապէս: Այլապէս, այդ ժողովուրդը ետ կը մնայ, այլապէս, այդ ժողովուրդը հոգեկան լճացումին, հոգեկան ճահճացումին կ՛ենթարկուի ի վերջոյ, որ կը նշանակէ մահ, որ կը նշանակէ կամաւոր ինքնասպանութիւն:

Լաւատես ենք մենք, բացարձակապէս:

Եթէ այսօր հայ ուսուցչին նիւթական վիճակը դեռ աննախանձելի կը մնայ, վաղը անպատճառ, եթէ ոչ գովելի, գէթ գոհացուցիչ կամ բաւարար պիտի դառնայ: Հայ ուսուցչին նիւթական վիճակին աննախանձելի ըլլալուն մեծ մասին յանցանքը ժամանակինն է եւ մեզի վերապահուած անպիտան պայմաններուն: Եւ եթէ հայ ուսուցիչը ցարդ չէ վարձատրուած իր համեմատական արժէքովը, այնքանով մը, որ ինք եւս կարենայ վայելել կեանքին ուրախութիւնն ու անուշութիւնը, մերն է յանցանքը նաեւ, մեզմէ իւրաքանչիւրինը, իւրաքանչիւր հայ մարդունը:

Ուրեմն մեր պարտականութիւնն է եւ միաժամանակ` պարտաւորութիւնը, որ տակաւ եւ հետեւողականօրէն յանցանքը մեզմէ հեռացնենք ամբողջովին` թէ՛ նիւթապէս եւ թէ՛ բարոյապէս զօրավիգ կանգնելով այն մեծ եւ հսկայական գործին, որուն յառաջիկային պատկան մարմինները պիտի լծուին, վճռապէս:

Այս թռուցիկ տպաւորութիւնները ունեցանք, երբ մտիկ կ՛ընէինք օրուան բանախօսը, որ մէկ ժամէ աւելի կուռ եւ տպաւորիչ եղանակով մը տուաւ «Օր»-ուան իմաստն ու նշանակութիւնը: Եւ  մեզի համար անակնկալներուն անակնկալն էր, երբ օրուան բանախօսը` եզրափակելով իր խօսքը, կ՛ըսէր շատ արդարօրէն. «Կը խոնարհիմ ամէնէն համեստ հայ ուսուցիչին առջեւ»:

Այո՛, մենք մեզ գտեր ենք թէ՛ իբրեւ անհատ, թէ՛ իբրեւ հաւաքականութիւն: Այո՛, քայլ կը պահենք ժամանակին հետ, ուրեմն: Եւ բարձրաճակատ: Այո՛, մեր ցեղային առհաւական առաքինութիւնները մէկիկ-մէկիկ կը յայտնուին, այն ալ` գեղեցիկ ու արտայայտիչ ու շատ ինքնեկ, շատ խօսուն ոճով մը, այնքան պարզ եւ այնքան ժուժկալ:

«Կը խոնարհիմ, խոնարհինք բոլորս, ամէնէն համեստ հայ ուսուցիչին առջեւ»: Փորձեցէք բանալ, փորձեցէք լեզու տալ այս արտաքնապէս պարզ խօսքին իմաստին, եւ դուք կը հասնիք այն Մեծ Սուրբին, որ հինգերորդ դարուն յօրինեց հայոց այբուբենը, Մեծ Սուրբ մը, որ դարձաւ հայ ազգին անդրանիկ ուսուցիչը եւ մեծագոյն հայ քաղաքագէտը:

Ուրեմն, ազգովին «խոնարհինք ամէնէն համեստ հայ ուսուցիչին առջեւ», որպէսզի իրական փաստը տանք, թէ Ս. Մեսրոպը անմահ է եւ յաւիտենական, թէ` հայ ժողովուրդը իր նոր օրերու ընտիր եւ համեստ Ս. Մեսրոպներով միայն կը դառնայ անմահ, անկորնչելի: Եւ յաւիտենակա՛ն:

Պ. Գ.

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

Քեսապ Հայաւանը Իր Տեղահանութեան Հնգամեակին

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.