ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Որոշումէ մը պիտի հրաժարիք: Վերատեսութեան պիտի ենթարկէք ձեր բոլոր գործերը եւ հաշիւները: Պէտք կը զգաք փոփոխութիւն մտցնելու ձեր կեանքին մէջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Պարտաւոր չէք ձեր բոլոր շուրջինները ուրախացնելու, բայց պարտաւոր էք զանոնք չվիրաւորելու: Նոր միտքերով պիտի օժտուիք եւ հարստացնէք ձեր գոծը: Մեծ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Փոքր փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր գործին մէջ, որոնք պիտի դիւրացնեն ձեր աշխատանքային ընթացքը: Երեւոյթ մը պիտի սրբագրէք, որմէ ետք հաճելի պահ մը պիտի անցընէք ընկերներով:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Կարեւոր իրադարձութիւն մը պիտի կատարուի ձեր կեանքին մէջ: Վերապահ եղէք կարգ մը հարցերու նկատմամբ: Ձեր բոլոր գաղտնիքները մի՛ վստահիք ձեր ընկերներուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Այս շրջանին հակառակութիւններ տեղի պիտի ունենան ձեր գործին մէջ: Ստիպուած` օգնութիւն պիտի խնդրէք ձեր ընկերներէն: Ձեր ընտանիքի անդամներէն մէկուն հարցով պիտի մտահոգուիք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Դուք ձեր հարազատ երկրին ու ընտանիքին մէջ քիչ մը օտարութիւն պիտի զգաք: Համբերեցէք եւ ձեր բոլոր հարցերը պիտի լուծուին, ու նոր յոյսեր պիտի ունենաք գալիքին հանդէպ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր հանգիստը պիտի խանգարուի, բայց շուտով պիտի վերագտնէք ձեր ներքին խաղաղութիւնը: Ընտանեկան գեղեցիկ պահեր պիտի ապրիք ձեր սիրելիներուն հետ:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ դիմադրէք գործադիր իշխանութիւններուն: Տագնապալից օրեր պիտի ապրիք, բայց մի՛ յուսահատիք, շուտով ամէն հարց իր լուծումը պիտի գտնէ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր սիրելիին հետ հարցեր պիտի ունենաք, եւ ամէն մէկը իր ճամբան պիտի քալէ: Վարչական գետնի վրայ դժուարութիւններ պիտի ունենաք, բայց շնորհիւ ձեր իմաստութեան` պիտի յաջողիք զանոնք յաղթահարել:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ամբողջ տարին ի նպաստ ձեզի պայմաններ պիտի ստեղծուին: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ միշտ ու ամէն տեղ: Նիւթական ձեր պայմանները մեծ մասամբ պիտի բարելաւուին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Առանց հաշիւի` ձեր վստահութիւնը մի՛ տաք ձեր բոլոր ծանօթներուն: Հաճելի ժամանակ պիտի անցընէք ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Պիտի տրուին ձեզի առիթներ, որոնք պէտք է օգտագործէք ձեր նպատակներուն հասնելու համար: Այս քանի մը օրերը բացասական ձեւով պիտի ազդեն ձեր տրամադրութեան վրայ: Կը ծրագրէք ճամբորդութիւն մը կատարել:
