Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1969)

March 18, 2019
| 50 Տարի Առաջ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նոթեր Եւ Նետեր

Զրոյց` Նախկին Աշակերտի Մը Հետ

Աւելի քան տասը տարի առաջ արուարձանի մը մէկ մայթին վրայ հանդիպեցայ նախկին աշակերտներէս մէկուն, եւ, ի միջի այլոց, հարցուցի, թէ ամուսնացա՞ծ է:

Պատասխանեց.

– Պարո՛ն, գիտեմ, որ հայ երիտասարդներուն օտար աղջիկներու հետ ամուսնանալուն հակառակ եղած էք միշտ եւ օտարի հետ ամուսնացող ձեր ամէնէն սիրած աշակերտներուն հարսանիքներուն մերժած էք ըլլալ ներկայ:

– Է՜, յետոյ, յետոյ…

– Ես ալ մօտերս պիտի ամուսնանամ…

– Անպատճառ օտարի հետ:

– Բայց, հաւատացէ՛ք, պարո՛ն, մարգրիտ մըն է:

– Գեղեցկութեա՞մբ…

– Ամէն բանով իրական մարգրիտ մըն է: Փայլուն մարգրիտ մը: Եթէ տեսած ըլլայիք…

– Ինչո՞ւ հայ մարգրիտ մը չընտրեցիր, խայտառակ: Ամուսնացի՛ր, բայց վստահ եղիր, որ պիտի զղջաս չարաչար: Ի՜նչ մարգրիտներ ունինք մենք, կո՛յր:

– Պարո՛ն, հայ մարգրիտի չհանդիպեցայ ու չեմ ալ հաւատար, որ գտնուի: Մարգրիտները օտար ու խոր ծովերու մէջ կ՛ըլլան: Հայերս ծով չունինք: Մեր

ունեցածները կա՛մ լիճ են, կա՛մ գետ: Աշխարհագրութիւնն ալ ձենէ սորվեցայ:

– Սորվէ նաեւ, որ օտար ծովերու մէջ պիտի խեղդուիս, խայտառա՛կ:

– Խեղդուելու չափ չկայ: Մարգրիտը իր ոտքով եկած է ինծի: Ձեռքերուս մէջ է:

– Ու քեզ շլացուցած է. դուն ալ հարկաւ զինքը շփացուցած ես: Օր մըն ալ քեզ պիտի շուարեցնէ, շփոթեցնէ, շշմեցնէ, ու պիտի վերածուիս շոշորթի: Գիտցիր, որ այդ տեսակ մարգրիտներու գողերը շատ կ՛ըլլան: Մարգրիտները իրենք ալ կ՛ուզեն տէր փոխել ու հետզհետէ պատկանիլ բարձր դասու: Երթաս բարով դէպի կորուստ կամ կործանում:

***

Տարիներ ետքը դարձեալ հանդիպեցայ նոյն աշակերտիս: Գացինք ու գրաւեցինք ըմպելարանի մէջ սեղան մը: Ես զինքը շատ փոխուած գտայ ֆիզիքապէս: Տասը-տասներկու տարուան ընթացքին քսանհինգ տարի մը ծերացած էր: Ես ալ, ընդհակառա՛կն, ամբողջովին մանկացած էի, քանի որ կը քալէի դժուարաւ:

Վերջապէս հարցուցի որպիսութիւնը թէ՛ մեր մարդուկին, թէ՛ մարգրիտին, թէ՛ մօրը:

Սկսաւ կմկմալ, կակազել, կարկամիլ, կարմրիլ:

Այս անգամ ըսի ուղղակի.

– Ի՞նչ եղաւ մարգրիտը…

– Ամուսնացանք ու…

– Ու ի՞նչ…

– Ամուսնալուծուեցանք:

– Հապա՞ կ՛ըսէիր, թէ մարգրիտ մըն էր…

– Նորէն կ՛ըսեմ, պարո՛ն, մարգրիտ է միշտ, բայց` կեղծ մարգրիտ մը:

– Մեծ ու խորունկ եւ օտար ծովէն կ՛ելլէ՞ կեղծ մարգրիտ:

– Ո՛ւրկէ ելած, ո՛ւրկէ եկած ըլլալը չէի գիտեր: Սխալմունք:

– Ու դուն արհեստական մարգրիտին վճարեցիր իրական մարգրիտի մը գինէն աւելի:

– Այո՛, պարո՛ն, շատ սուղի նստաւ ինծի: Բայց, փա՜ռք Աստուծոյ, ազատեցայ:

– Թող դաս մը ըլլայ, մեծ դաս մը:

– Դասը ի՞նչ է որ, պարո՛ն, դպրոց մը եղաւ: Աստուած պապան միայն գիտէ քաշածս տարիներով: Հրաշք է, որ չհիւանդացանք մայրս ու ես:

– Հիմա ի՞նչ պիտի ընես…

– Մայրիկս պէտք եղածը կրցաւ կարգադրել: Գտաւ աղուորիկ, անուշիկ, առողջ, աշխատասէր հայ աղջիկ մը: Մօտերս պիտի ամուսնանաք:

– Հայ աղջիկը մարգրի՞տ է, թէ՞ գոհար:

– Անկեղծօրէն կ՛ըսեմ` հայուն հասարակ քարը աւելի կ՛արժէ, քան` օտարին գոհարը: Հայուն քարով տունի մը հիմը կը դրուի:

– Ծօ՛ խայտառակ, մարդու շոշորթ եկած է վրադ: Կը խօսիս նման իմաստունի: Շա՛տ ապրիս: Դուն դպրոց մը չէ, որ աւարտած ես. դուն համալսարան մը լրացուցած ես: Իսկ այն համալսարանականները, որոնք օտար կին առած են, թո՛ղ մտնեն մանկապարտէզ: Իսկ քեզ կը շնորհաւորեմ: Վերջապէս, վկայուած ես ու վերածնած ես:

– Մինակ ես չէ, որ վերածնած եմ. մանաւանդ` մայրս: Երբ «մարգրիտ»-ը մեզի հետ էր, մայրս կ՛ըսէր ինծի. «Տղա՛ս, դուն խենթեցած ես, որ աս անժպիտին «մարգրիտ» կ՛ըսես: Մարգրիտ ըսածդ լոյսի կտոր կ՛ըլլայ, միշտ կը ժպտի: Ես աս «մարգրիտ»-իդ ո՛չ ինծի, ոչ ալ քեզի ժպտիլը դեռ չտեսայ»: Քոմիք բաներ ալ պատահեցան: Օր մը, իմ բացակայ եղած ատենս, մայրս կը պոռթկայ ու կը պոռայ իր քառորդ ֆրանսերէնով. «Հազա՛ր անգամ տղուս ըսած էի, որ օտարական աղջիկի հետ չամուսնանայ…»: Մարգրիտը գայթակղած կը գոռայ. «Օտարականը ո՞վ է… Օտարականը դո՛ւն ես, օտարականը քու տղադ է: Ես փարիզցի եմ եւ յանձն առած եմ օտարականի հետ ամուսնանալ, բայց չէի կրնար երեւակայել, որ օտարական կեսուրս զիմ իմ երկրիս ու քաղաքիս մէջ պիտի դնէ օտարականի տեղ: Քել քիւլօ..»:

– Երբ մարդ օտար կին կ՛առնէ, օտարութիւնը երկու կողմէն ու բազմաճիւղ կ՛ըլլայ: Մոռցիր անցեալը` իբրեւ գէշ երազ: Բարեբախտութիւն է, որ զաւակ չունեցար մարգրիտէն: Բարդութիւն չունիս:

– Պարո՛ն, շատ գոհ եմ, որ հանդիպեցանք իրարու: Մօտերս քաղաքապետարանին մէջ պաշտօնապէս պիտի ամուսնանամ: Օր մը ետքն ալ պսակի արարողութիւն պիտի ըլլայ Փարիզի Հայոց եկեղեցիին մէջ: Անկէ ետքն ալ` հարսանեկան հանդէսը, որուն համար վարձած եմ սրահ մը` բազմաթիւ հրաւիրեալներու համար: Շատ ու շատ կը փափաքիմ, որ դուք ըլլաք ներկայ: Մեզ ամէնքս, մանաւանդ մայրս, պիտի երջանկացնէք:

– Այլեւս ոչ մէկ տեղ երթալու կարողութիւնը չունիմ: Ուտել ու խմելը ինծի համար չեն: Նոր երաժշտութիւնն ալ չարչարանք է լսելը: Թէեւ դեռ ներկայ եմ աշխարհի վրայ, բայց բացակայ եմ ամէն տեղէ: Բացակայութիւններուս վարժեցուցի թէ՛ ծանօթներս, թէ՛ ինքզինքս, որպէսզի միւս մեծ բացակայութիւնս չըլլայ կսկծալի, զգայուն բարեկամներուս համար: Սակայն, երբ հարսանեկան հրաւիրագիրդ ստանամ, կը գրեմ ու կը ղրկեմ ուղերձ մը ու մէկը կը կարդայ:

– Ներեցէք ըսելուս, բայց կը խնդրեմ, որ ձեր գիրը յստակ ըլլայ:

– Թէ՛ խօսքս, թէ՛ գիրս յստակ են:

– Այո՛, այո՛, յիշեցի: Ոչ միայն յստակ են, ստակ ալ են, ոսկի ստակ:

Ստակը ոսկի չ՛ըլլար, արծաթ կ՛ըլլայ, որովհետեւ «ստակ» բառը ելած է «սպիտակ»-էն, զոր հին հայերը կ՛ըսէին արծաթին. ոսկիին ալ կ՛ըսէին «դեղին». դուն ամէն բան կը տեսնես մարգրիտ կամ ոսկի:

– Ժառանգական է, պարո՛ն: Հայրս ոսկերիչ, գոհարավաճառ էր:

– Բայց հայրդ չէր շփոթեր իրական գոհարները կեղծերուն հետ, նոյնիսկ` իրական ոսկիները:

– Հօր մը փորձառութիւնը կարելի չէ ժառանգել: Ինծի եղաւ ըլլալիքը: Բայց իմ վնասուած ըլլալէս օգտուեցան չորս հայ ընկերներ, որոնց կրցայ համոզել, որ հրաժարին իրենց օտար աղջիկներուն հետ ամուսնանալէ: Կրցայ յաջողիլ` յուզումով ու մանրամասն պատմելով կեանքս «մարգրիտ»-ին հետ: Հիմա, անոնք ալ, ինծի պէս, պիտի ամուսնանան հայ աղջիկներու հետ, որոնցմէ մէկը քենիս է:

Այս յայտնութեան վրայ աղաղակեցի.

– Կեցի՛ր, կեցի՛ր, կանգ առ…

– Ի՞նչ եղաւ, պարո՛ն, ի՞նչ կայ որ…

– Ես քեզ համալսարան աւարտած ուսանողի տեղ դրի քիչ առաջ: Մե՛ծ սխալ: Դուն աւելին եղեր ես: Համալսարան մը աւարտելը մեր օրերուն սովորական բան եղած է: Դուն համալսարանը լրացնելէդ ետքը փրոֆեսէօր եղեր ես, քանի որ կը դասախօսես ամուսնանալ հայ աղջիկներու հետ: Արդ, ելած ոտքի` կը խոնարհիմ փրոֆեսէօրական յաղթանակներուդ առջեւ: Պռաւօ՛ եւ պի՛ս, պի՛ս:

ՆՇԱՆ ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ

Նախորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

Յաջորդը

ԼՕԽ. Տոքթ. Կարօ Յովսէփեան Ներկայացուց «Պնդութիւն Եւ Փորհարութիւն» Նիւթը

RelatedPosts

50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (18 Մարտ 1970)

March 18, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (17 Մարտ 1970)

March 17, 2020
50 Տարի Առաջ

50 Տարի Առաջ (16 Մարտ 1970)

March 16, 2020
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.