ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մի՛ յոգնեցնէք դուք ձեզ այս օրերուն: Ընտելացէք ձեր նոր պայմաններուն: Մինակ որոշում մի՛ տաք, այլ առէք ձեր ընտանիքի անդամներուն կարծիքը: Խոստմնալից շրջան մըն է:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Մի՛ զայրանաք շուտով, այլ աշխատեցէք կեդրոնանալ դրական երեւոյթներուն վրայ: Առարկայականօրէն լուծեցէք ձեր բոլոր հարցերը: Լայն հոիզոններ պիտի ունենաք գալիքին:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Կանուխ գացէք աշխատանքի եւ երկրորդական հարցերով մի՛ զբաղիք: Նոր ծախսեր երեւան պիտի գան: Մի՛ կորսնցնէք ձեր սուղ ժամանակը: Ձեր առողջութեան հոգ տարէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Անքուն մնալը պիտի վնասէ ձեր առողջութեան: Պէտք է կրճատէք ձեր ծախսերը, որպէսզի նիւթական դժուարութիւններու չհանդիպիք: Մի՛ յանձնուիք եւ պաշտպանեցէք ձեր իրաւունքները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Յոգնութիւն պիտի զգաք այս օրերուն: Մի՛ քննադատէք ձեզի ամէնէն մօտ անձերը: Թէեւ ճնշող ու հոգեպէս յոգնեցնող շրջան մըն է, բայց շուտով ամէն բան պիտի փոխուի. ձեր լաւատեսութիւնը մի՛ կորսնցնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Հանգստացէք այս օրերուն: Ձեր բազմաթիւ գործերուն պատճառով յոգնութիւն պիտի զգաք: Պիտի կատարէք ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին նոր անձերու հետ պիտի ծանօթանաք ու մտերմանաք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անձնական ու ընտանեկան գետնի վրայ տագնապալից պահեր պիտի ապրիք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, բայց մի՛ յուսահատիք: Տնային նորոգութիւններ պիտի կատարէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Նիւթական հարց մը պիտի յաջողիք լուծել: Ձեր կարողութիւնները քննութեան պիտի ենթարկուին, պատրաստ եղէք: Ձեր պարտականութիւններուն գիտակից եղէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Համարձակութեամբ կարեւոր քայլեր պիտի առնէք ձեր կեանքին մէջ: Ուրախ լուր մը եւ գնահատական մը պիտի ստանաք: Մի՛ վստահիք միայն բախտին, ձեր յոյսը դրէք ձեր բազուկի ուժին վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Կը ծրագրէք ճամբորդութիւն մը կատարել: Նախանձոտ մարդոցմէ հեռու մնացէք: Ձեր լաւագոյնը տուէք գործի ընթացքին:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Ձեր կեանքի ու աշխատանքի ընթացքը պիտի դանդաղի: բաւարարուեցէք ձեր առօրեայ սովորական գործով: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, որովհետեւ բախտէ զուրկ շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հանդարտեցէք ու մի՛ զայրանաք: Օրէնքները յարգեցէք: Քննութեան շրջան մըն է, լաւ պատրաստուեցէք: Ուրախ լուր մը պիտի ստանաք, եւ ձեր կեանքը բոլորովին պիտի փոխուի:
