Մեր Զաւակները Եւ Մենք. Ի՞նչ Պէտք Չէ Ընել, Եթէ Նորածին Երեխայ Ունիք
Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒՍԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Ննջասենեակին Մէջ - Նորածին երեխային մահճակալին մէջ աւելորդ իրեր, խաղալիքներ, ծածկոց կամ սաւան մի՛ ձգէք: Սաւանը թող ըլլայ անկիւնաւոր եւ լաւ հաստատուած: Ծածկոցի փոխարէն` նախընտրեցէք անոր հագցնել ըստ եղանակի գիշերանոց, իսկ գիշերը հեռացուցէք բոլոր տեսակի փափուկ խաղալիքները: Շարժական սաւանը, ծածկոցը կամ խաղալիքը շնչահեղձութեան դէպքեր կը ստեղծեն: - Նորածին երեխան փորին վրայ չպառկեցնէք այս պարագային եւս շնչահեղձութեան դէպքեր...





