ՄԱՅԻՍ 28-Ի ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ
ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ
Յառաջիկայ կիրակի, 26 մայիս 2019-ին, Անթիլիասի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ եւ ապա Անկախութեան յուշակոթողին առջեւ պիտի կատարուի հանդիսաւոր հոգեհանգիստ` Սարդարապատի ճակատամարտին իրենց կեանքը զոհաբերած քաջարի հերոսներու յիշատակին:
Եկեղեցական արարողութեանց պիտի հանդիսապետէ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
Յաւարտ Ս. եւ անմահ պատարագին, վեհարանի դահլիճին մէջ տեղի պիտի ունենայ յատուկ հանդիսութիւն` Ս. աթոռոյս վեհափառ հայրապետին անուանակոչութեան առիթով:
Սիրով կը հրաւիրուի հաւատացեալ ժողովուրդը` ներկայ գտնուելու հոգեպարար արարողութեան, աղօթելու Սարդարապատի հերոսներու հոգիներու խաղաղութեան համար եւ լսելու վեհափառ հայրապետին պատգամը:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————-
Նախաձեռնութեամբ Համազգայինի
Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի
Դասախօսութիւն`
«ԴՊՐՈՑԻՆ ԴԵՐԸ ԱՇԱԿԵՐՏԻՆ ՀՈԳԵԿԱՆ ԱՌՈՂՋՈՒԹԵԱՆ
ԵՒ ԿՐԹԱԿԱՆ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ»
Դասախօս`
ԴՈԿՏ. ԿԱՐԻՆ ՓԱՓԱԶԵԱՆ-ԶՈՀՐԱՊԵԱՆ
հոգեբան եւ հոգեդարմանող, Մոնրէալի համալսարանի հոգեմանկավարժական բաժանմունքի դասախօս
Չորեքշաբթի, 22 մայիս 2019-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, ճեմարանի «Տոքթ. Ատրնէ Գարագաշեան» սրահին մէջ:
Հրաւիրուած են լիբանանահայ բոլոր վարժարաններուն տնօրէնութիւններն ու ուսուցչական կազմերը:
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ
Մ. ԵՒ Հ. ԱՐՍԼԱՆԵԱՆ ՃԵՄԱՐԱՆԻ
ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ
————————————-
Կ՛ՈՒԶՈՒԻ
Ոսկերչատուն մը կարիքը ունի վարպետ ադամանդաշարի եւ ոսկերիչի մը: Դիմել` հեռ. 01-266514 կամ 03-207773:
————————————-
ԾԱԽՈՒ ԵՆ
- Շէնք մը, 3 յարկանի, Պէյր Քըքօ:
- Յարկաբաժին մը, Մըզհեր, 100 քառ. մեթր: Հեռ. 81-281261:
————————————-
ԳՈՐԾ ԿԸ ՓՆՏՌԷ
Տարեցներու եւ հիւանդներու հոգատարութիւն: Դիմել` հեռ. 76-695865:
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ
ՆԵՐՍԻԿ ԵՒ ԱՐԱԲՕ ԻՍՊԻՐԵԱՆՆԵՐ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՄԷՋ
1 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
«ԱՐՄԻՍ» ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԻ ՀԱՄԵՐԳ
ԿԻՐԱԿԻ, 2 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀՅԴ «ԱՂԲԱԼԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ
ԾԱՂԿԱՁՈՐԻ ՓԱՌԱՏՕՆ 2019
8 ԵՒ 9 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ԶԱՒԱՐԵԱՆ ՈՒՍԱՆՈՂԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԻՒՆ
– ԸՆԹՐԻՔ-
8 ՅՈՒՆԻՍ 2019
—————————————
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ «ԳՈՒՍԱՆ» ՍԵՆԵԿԱՅԻՆ ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲ