ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Յոգնեցնող ու տագնապալից պիտի ըլլայ այս շրջանը ձեզի համար: Առողջական անցողակի խնդիրներ պիտի ունենաք: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր սպասած պատասխանը պիտի ուշանայ, համբերող եղէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր սուղ ժամանակը մի՛ կորսնցնէք երկրորդական հարցերով: Մի՛ յետաձգէք ձեր գործերը: Ձեր գործին մէջ քննութեան շրջան մը պիտի ապրիք, լաւ պատրաստուեցէք:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Կարեւոր փորձառութիւն մը պիտի ապրիք եւ ձեր լաւագոյնը պիտի տաք ձեր շրջապատին: Ամսուան գեղեցիկ օրերէն մէկն է: Օգտուեցէք առիթէն` ձեր շահերը պաշտպանելու համար:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր առողջութեան հոգ տարէք: Պէտք է խնայողութիւն կատարէք, որպէսզի նիւթական ծանր պայմաններու մէջ չյայտնուիք: Ձեր ընկերներէն մէկը ձեր կողքին պիտի կանգնի այս օրերուն:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր ընկերներուն հետ սուր ոճով մի՛ խօսիք: Մի՛ մեղադրէք զանոնք եւ մի՛ քննադատէք: Մի՛ աճապարէք որոշում տալու մէջ: Տագնապեցնող շրջան մըն է, ուշադիր եղէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեր գործերը եւ պարտաւորութիւնները պիտի շատնան այս օրերուն: Անակնկալ ծախսեր մէջտեղ պիտի գան: Դասաւորեցէք ձեր գործերը, որպէսզի ուշացում չարձանագրէք:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Անակնկալ լուր մը ձեզ պիտի ուրախացնէ: Պէտք է հաճելի ժամանակ անցընէք ձեր ընկերներուն եւ հարազատներուն հետ: Յարմար շրջան է` իրականացնելու ձեր մէկ նպատակը:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Մի՛ տկարանաք ճնշումներուն դիմաց: Յստակ եղէք ձեր խօսքերուն ու կեցուածքին մէջ: Ուշադիր եղէք, որ անհասկացողութիւն չպատահի ձեր ընկերներուն միջեւ:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Յարմար ժամանակ է` հանդիպումներ կազմակերպելու եւ ձեր ծրագիրը առաջ տանելու: Մի՛ հաւատաք ձեր բոլոր լսածներուն: Ժամանակ տրամադրեցէք ձեր հանգիստին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Տնային նոր ծախսեր պիտի ունենաք: Լաւ դասաւորեցէք ձեր գործերը, որպէսզի թերացում չարձանագրէք: Հոգեպէս ընկճուած պիտի զգաք այս օրերուն:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Օգնութեան դռներ պիտի բացուին ձեր դիմաց: Պիտի վերագտնէք ձեր աշխուժութիւնը: Անակնկալ օգնութիւն մը պիտի ստանաք: Ձեր հին եւ ցաւոտ էջերէն մէկը վերջնականապէս պիտի ծալէք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Սեւ մտքերէ հեռու կեցէք: Պիտի յուսահատիք որոշ շրջան մը, եւ ձեր գործերը պիտի ուշանան: Հեռու մնացէք վտանգաւոր վայրերէն: Արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, բախտը ձեր կողքին չէ: