ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նիւթական դժուարութիւններ պիտի ունենաք: Օգտակար պիտի դառնաք ձեր բարեկամներէն մէկուն: Թերութիւններ մի՛ արձանագրէք ձեր գործին մէջ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր աշխատանքի ընթացքը պիտի դանդաղի: Մի՛ աճապարէք որոշում կայացնելու համար: Ուշադիր եղէք, որ յուսախաբ չըլլաք: Տէր եղէք ձեր ստացուածքներուն:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Զանազան պայմաններու բերումով ձեր ժամադրութիւնները պիտի փոխուին, եւ գործերը պիտի ուշանան: Բախտէ զուրկ շրջան մըն է, արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է, յոգնութիւն եւ քիչ մըն ալ նեղութիւն պիտի զգաք: Հեռու մնացէք հակադարձութիւններէն: Մի՛ մտածէք ձեր բարեկամները շահագործելու մասին:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ուրախ տրամադրութիւն մը պիտի ունենաք այս օրերուն: Մի՛ ընդունիք ձեզի չյարմարող պայմանները: Ձեր խելացի միտքերով ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնաք ձեր գործատեղիին մէջ:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ թերանաք ձեր գործերուն մէջ, այլ աշխուժութեամբ կատարեցէք ձեր վրայ դրուած բոլոր պարտականութիւնները: Ժամանակ մի՛ կորսնցնէք երկրորդական հարցերով:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ստիպուած պիտի ըլլաք ներողութիւն խնդրելու ձեր մէկ ժխտական կեցուածքին պատճառով: Առանց երկմտանքի` զիջումներ կատարեցէք, որպէսզի ձեր գործերը սահուն ընթանան:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Պէտք է շուտով սրբագրէք ձեր սխալները: Ձեր վրայ եղած ճնշումները պիտի նուազին, եւ դուք համեմատաբար աւելի հանգիստ եւ ազատ պիտի ըլլաք: Դրական շրջան մըն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր միտքերը համարձակութեամբ արտայայտեցէք: Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր գործին մէջ: Աշխատանքային ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Ընտանեկան անցողիկ նեղութիւններ պիտի ունենաք, իմաստուն եղէք եւ մի՛ աշխատիք վիրաւորել ձեր շուրջինները: Լաւ տնտեսեցէք ձեր հաշիւները, որպէսզի նեղութեան չմատնուիք:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Օր մը յատկացուցէք` ամրապնդելու ձեր ընկերային յարաբերութիւնները: Ձեր աշխատանքային գործունէութիւնները պիտի շատնան: ճակատագրական որոշումներ պիտի տաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք եւ ուշադրութեան կեդրոն պիտի դառնաք: Յարմար շրջան է` ձեր նիւթական հարցերը լուծելու: Պիտի կատարէք ճամբորդութիւն մը, որուն ընթացքին նոր անձերու պիտի ծանօթանաք: