ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Մինակ մի՛ մնաք: Ժամանակ անցուցէք ձեր ընկերներուն եւ հարազատներուն հետ: Մասնակցեցէք ընկերային հաւաքներու, որ ամրապնդէք ձեր յարաբերութիւնները: Մի՛զլանաք օգնութիւն ցուցաբերել կարիքաւորին:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Երկխօսութիւնը բաց պահեցէք ձեր եւ ձեր ընկերներուն միջեւ: Շինիչ միտքեր ներկայացուցէք ձեր գործին մէջ: Դրական շրջան մըն է: Նորութիւն մը պիտի մտցնէք ձեր կեանքին մէջ: Պատրաստ եղէք յաջողութեան:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Իրապաշտ եւ տրամաբանող եղէք, եթէ կ’ուզէք յաջողիլ ու յառաջդիմել: Հաստատակամութեամբ ու հանդարտութեամբ քննարկեցէք ձեր գործին մէջ պատահած հարցերը:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Մի՛ յամառիք եւ կառչած մի՛ մնաք ձեր կեցուածքին վրայ, որքան ալ նեղութիւններ ունենաք: Ձեր վատ տրամադրութեան պատճառով միշտ պիտի գանգատիք: Ամսուան դժուար օրերէն մէկն է:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Պէտք է ձեր գործերը կարգաւորէք ու ձեր առաջնահերթութիւնները ճշդէք, որպէսզի յաջողութիւն արձանագրէք ամէն մարզի մէջ: Ձեզի ընձեռուած առիթները մի՛ փախցնէք:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Պիտի տօնէք ձեր յաղթանակը: Դրական շրջան մըն է: Բախտը ձեր կողքին պիտի ըլլայ այս օրերուն: Հաճելի պահեր պիտի ապրիք ձեր ընկերներուն եւ հարազատներուն հետ:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Տագնապեցնող շրջան մը պիտի ունենաք: Անձնական կամ ընտանեկան հարցով մը պիտի մտահոգուիք: Թեթեւցնելու համար ձեր պարտականութիւնները` անոնցմէ մաս մը տուէք ձեր ընկերներուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ճնշումներուն դիմաց մի՛ ընկրկիք: Յստակ եղէք ձեր խօսքերուն եւ կեցուածքին մէջ: Անհասկացողութենէ հեռու մնացէք: Ձեր միտքերը պիտի տարանջատուին որոշ ժամանակ մը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Քննութեան համազօր շրջան մը պիտի ըլլայ ձեզի համար: Ջանք ըրէք յաջողելու: Իմաստութեամբ պիտի վարուիք ձեր նիւթական դժուարութիւններուն հետ, որոնք շուտով պիտի լուծուին:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Նոր առիթ մը ձեռք պիտի ձգէք եւ յաջողութիւն մը պիտի արձանագրէք ձեր կեանքին մէջ: Հարկ է յստակացնէք կարգ մը երեւոյթներ: Լաւ նշան մը պիտի ստանաք եւ պիտի բարելաւէք ձեր վիճակը:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Սեւ միտքերէ եւ վատ տրամադրութենէ հեռու կեցէք: Յուսահատութիւն մը պիտի ապրիք, եւ ձեր գործերը պիտի ուշանան: Ճնշող եւ բախտէ զուրկ շրջան մըն է:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեզի կը յարմարի խմբային աշխատանք տանիլ: Հանդիպումներ պիտի ունենաք: Արդարացուցէք դուք ձեզ` ձեր աշխատանքային միջավայրին մէջ: Ճամբորդութիւն մը պիտի կատարէք: