Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ) Մեծ ներուժ պիտի ունենաք այս շրջանին եւ յաջողութեան պիտի հասնիք ամէնէն բարդ իրավիճակներուն մէջ: Կեանքի պիտի կոչէք անցեալին կազմած ձեր ծրագիրները: ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս) Պիտի յաջողիք լեզու գտնել այն մարդոց հետ, որոնց հետ առաջ դժուարութիւն կ՛ունենայիք հասկցուելու: Գործնական եւ անձնական խնդիրներ լուծելու յարմար օր է: Ճիշդ որոշումներ պիտի կայացնէք` հիմնուելով ստեղծուած իրավիճակներուն վրայ:...






