Դէպի Կոթոքուճի Տաճարը
Պատրաստեց՝ ՇՈՂԻԿ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ
Յունուար ամսուան մենք կարճ ճամբորդութիւն մը կատարեցինք Չինաստան, չինական Նոր տարուան առիթով: Այսօր մենք պիտի երթանք քիչ մը աւելի հեռու եւ ուղղուինք դէպի Ճափոն, դէպի Կոթոքուճի տաճար, որ ճանչցուած է իբրեւ մանեքիւնեքոյի, այսինքն «բախտաբեր կատուի» ծննդավայրը:
Մենք այս փոքրիկ կատուի արձանիկներուն կը հանդիպինք յաճախ, երբ այցելենք չինական ճաշարանները: Սակայն անոր իսկական ծննդավայրը եղած է Ճափոնը, ուր անոր տրամադրուած է ամբողջ տաճար մը` Կոթոքուճիի տաճարը:
Կոթոքուճի տաճարը պուտտայական տաճար մըն է: Հոն մենք կը հանդիպինք հազարաւոր եւ տեսակաւոր մանեքի-նեքօ արձանիկներու: Տեղացիներ, ինչպէս նաեւ զբօսաշրջիկներ կու գան ամէն օր զետեղելու նոր արձանիկներ, հետեւաբար անոնց թիւը միշտ աճումի մէջ է:
***
Ըստ տեղական աւանդութեան 1400-ական թուականներուն այդ տաճարը փոքրիկ խրճիթ մըն էր. տաճարին հոգ տանող վանականը կը պայքարէր իր շատ փոքր եկամուտով ապրելու համար: Ան ունէր կատու մը, զոր շատ կը սիրէր եւ անոր հետ կը բաժնեկցէր իր ուտելիքը:
Օր մը, փոթորիկի մը ընթացքին բազմաթիւ սամուրայ ասպետներ եկան ապաստանելու տաճարին մէջ, ուր կատուն թաթը բարձրացուցած, նշան կ՛ընէր անոնց` ներս մտնելու: Վանականը անոնց թէյ հրամցուց եւ անոնց հետ խորհրդակցեցաւ: Սամուրայները շատ գոհ մնացին:
Այս ասպետներէն մէկը, որուն վրայ մեծ ազդեցութիւն ձգած էին վանականին խորհուրդները, տաճարին նուիրեց բրինձի դաշտեր եւ հողեր` մշակելու համար, զայն վերածելով ներկայի մեծ տաճարին:
Տարիներ ետք, երբ կատուն սատկեցաւ, ի պատիւ անոր շինուեցաւ կոթող մը, որ կը ներկայացնէր Շոպիօ Քաննոն` ողորմութեան աստուածուհին:
***
Այնուհետեւ, Կոթոքուճի տաճարը այցելողները հոն կը ձգեն կատուի փոքրիկ արձանիկ մը` իբրեւ երախտագիտութիւն մաղթանքներու իրականացումին:
Իսկ գիտէի՞ր, որ հակառակ արձանիկներուն ընդհանուր ճերմակ գոյնին` տարբեր գոյներ կրող արձանիկները ունին տարբեր իմաստներ: Օրինակի համար, աւանդական երեք գոյներով արձանիկը կը խորհրդանշէ բարգաւաճում, ճերմակը` մաքուր սիրտ, սեւը` բախտ, կարմիրը` հիւանդութիւններու դէմ պահպանում, իսկ վարդագոյնը` բախտաւոր սէր: Վերջապէս, ըստ աւանդութեան նաեւ, բարձր պահուած ձախ թաթիկը հրաւէր մըն է գործերու մէջ յաջողութիւն ունենալու, իսկ բարձր պահուած աջ թաթիկը` տան պահպանումին համար:
Ձեռային Աշխատանք
Օրիկամիէ Մանեքէ-Նեքօ Կատու
Օրիկամին ճափոնական թուղթերը ծալելով ձեւեր շինելու արուեստն է:
Գոյութիւն ունին նոյնիսկ յատուկ թուղթեր` տարբեր գոյներով, տարբեր զարդարանքներով գեղեցիկ ձեւեր շինելու համար:
Պէտք ունիս քառակուսի թուղթի մը:
1.- Թուղթը ծալէ, ինչպէս որ նշուած է պատկերին մէջ, կէտաւոր գիծերուն վրայ:
2.- Դարձեալ ծալէ ծալուածքներուն գիծերը ունենալու համար, ապա դարձեալ բաց ծալուածքները:
4.- Դարձեալ ծայրէն շեղակի ծալք մը ըրէ:
5.- Վերի անկիւնն ալ ծալէ դէպի ներս:
7.- Դարձեալ շեղակի ծալք մը ըրէ միւս կողմէն:
9.- Փոքրիկ ծալք մը` ձախ անկիւնը:
10.- Ծալէ կէտաւոր գիծին վրայէն:
11.- Դարձեալ ծալէ կէտաւոր գիծին վրայէն:
13.- Դէպի ետեւ դարձուր թուղթդ:
14.- Ծալէ կէտաւոր գիծին վրայէն:
15.- Դէպի ետեւ ծալէ կէտաւոր գիծերուն վրայէն:
16.- Ծալէ մէջտեղէն` ուղղահայեաց կերպով ծալուածքին գիծը ունենալու համար: Ապա` դարձեալ բաց ծալուածքը:
Ձեռքի ծրարը:
1.- Աւելի փոքրիկ քառակուսի թուղթ մը ծալէ կէտաւոր գիծերուն տեղէն:
Զայն փակցուր կատուին վրայ եւ մելանով գծէ կատուին դէմքը:
Ժամանց