ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նիւթական գետնի վրայ աւելի կայուն պիտի ըլլան ձեր պայմանները: Մի՛ յուսահատիք, ձեր բոլոր հարցերը իրենց ժամանակին պիտի լուծուին: Հանդարտ եւ ուրախ մնացէք:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր զգացական կեանքը տագնապալից պիտի ըլլայ այս շրջանին: Պէտք է հանդարտ մնաք ու դժուար կացութիւններէ դուք ձեզ հեռու պահէք: Ընտանեկան գետնի վրայ ուրախ անակնկալ մը ձեզի պիտի սպասէ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Լաւ առիթներ պիտի տրուին ձեզի, որպէսզի բացայայտէք ձեր կարողութիւնները եւ հմտութիւնները: Մի՛ ծուլանաք եւ օգտագործեցէք ձեզի տրուած ամէն հնարաւորութիւն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Զգացական գետնի վրայ փոփոխութիւն եւ զարգացում մը պիտի ապրիք: Ձեր սիրած էակը ամուսնութեան առաջարկ պիտի կատարէ ձեզի: Գործի յաջողութիւն մը ձեզ աւելիով պիտի խանդավառէ:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Նիւթական շահ մը պիտի ապահովէք: Սիրային հաճելի ժամանց մը պիտի ունենաք, եթէ ամուսնացած չէք: Ձեր նպատակները պիտի իրականացնէք` շնորհիւ ձեր կամքին եւ աշխատասիրութեան:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Մի՛ աշխատիք ցուցադրել ձեր ուժը ուրիշներուն: Անտեղի մանրուքներով մի՛ զբաղցնէք ձեր միտքը: Հաստատ եղէք ձեր առնելիք քայլերուն վրայ: Մի՛ տկարանաք ու մի՛ վախնաք դժուարութիւններէն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Ձեր բոլոր կարողութիւնները օգտագործեցէք, որպէսզի յստակօրէն արտայայտէք ձեր տեսակէտը եւ պարզէք ձեր առաջարկները ձեր աշխատած ընկերութեան մէջ: Ձեզ հետաքրքրող դատ մը պիտի պաշտպանէք:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր առինքնող ժպիտով պիտի հմայէք ձեր շուրջինները: Աշխատանքային դժուարութիւններու շուրջ քննարկումի պիտի մասնակցիք եւ ներկայացնէք ձեր տեսակէտը:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Հեռու մնացէք վիճաբանութիւններէ եւ աշխատանքային գետնի վրայ տեղի ունեցող հարցերէն: Ընտանեկան արագ հարցի մը լուծմամբ պիտի զբաղիք: Հանդարտ պահեցէք ձեր ջիղերը եւ մի՛ տագնապիք:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Բանավէճի մէջ մի՛ մտնէք ձեր ընկերներուն հետ: Զուր տեղ երդում մի՛ ընէք ու մի՛ ամբաստանէք: Բարի կամեցողութիւն ունեցէք ձեր հարազատներուն հանդէպ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Գործի ընթացքը պիտի դանդաղի: Պիտի չկարենաք քայլ պահել կացութեան հետ: Մասնագէտ եւ փորձառու մարդոց կարծիքը հարցուցէք, որպէսզի սխալի մէջ չիյնաք:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Ձեր սիրած էակին հետ մեծ վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք պարզ անհասկացողութեան մը պատճառով: Պէտք է ձեր ուժերը կրկնապատկէք, որպէսզի հասնիք ձեր նպատակին: