ԽՈՅ (21 մարտէն 20 ապրիլ)
Նիւթական գետնի վրայ ձեր պայմանները բաւական լաւ պիտի ըլլան: Պիտի աշխատիք ծածկել ձեր ձախողութեան պատճառները: Համբերութեամբ վարուեցէք ձեր բոլոր խնդիրներուն հետ:
ՑՈՒԼ (21 ապրիլէն 21 մայիս)
Ձեր բոլոր գործերը յաջողութեամբ պիտի պսակուին: Ձեր երազները պիտի իրականանան վերջապէս: Ուրախ լուրեր պիտի ստանաք: Ձեր ունեցած ընկերային ծանօթութիւններէն պիտի օգտուիք հարցի մը լուծման մէջ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 մայիսէն 21 յունիս)
Բաւական զգայուն պիտի ըլլաք այս շրջանին եւ պիտի չկարենաք քննադատութիւններ լսել: Վերապահ եղէք ձեր զգացումներուն հանդէպ: Վիճաբանութիւն մը պիտի ունենաք ձեր գործի պատասխանատուներուն հետ:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 յունիսէն 23 յուլիս)
Ձեր փափաքները իրականացնելու համար պէտք է յամառ ըլլաք ձեր աշխատանքին մէջ եւ զօրաւոր կամք ունենաք: Զուսպ եղէք ձեր բնաւորութեամբ ու շռայլօրէն մի՛ արտայայտէք ձեր զգացումները:
ԱՌԻՒԾ (24 յուլիսէն 23 օգոստոս)
Ձեր գործերը պիտի դանդաղին այս շրջանին եւ առաջուան արդիւնքը պիտի չտան: Ընտանեկան ջերմ զրոյցներ պիտի ունենաք եւ պիտի արտայայտէք ձեր զգացումները:
ԿՈՅՍ (24 օգոստոսէն 23 սեպտեմբեր)
Ձեզի տրուած բազմաթիւ առիթներուն մէջ պիտի կորսուիք եւ չկարենաք կողմնորոշուիլ: Տքնաջան աշխատանքով պիտի յաջողիք հասնիլ ձեր նպատակներուն:
ԿՇԻՌՔ (24 սեպտեմբերէն 23 հոկտեմբեր)
Մարդասիրական գործեր պիտի կատարէք եւ գոհունակութիւն պիտի զգաք: Հոգ տարէք ձեր առողջութեան եւ ժամանակ տրամադրեցէք ձեր ընտանիքի անդամներուն:
ԿԱՐԻՃ (24 հոկտեմբերէն 23 նոյեմբեր)
Ձեր դասախօսութիւնները շատ ազդեցիկ պիտի ըլլան ունկնդիներուն համար: Ակադեմական կարեւոր աշխատանք մը պիտի կատարէք, որուն համար մեծ գնահատական մը պիտի ստանաք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 նոյեմբերէն 21 դեկտեմբեր)
Ձեր բոլոր հարցերը ինքնաբերաբար պիտի լուծուին: Պիտի հանդիպիք այն անձին, որ պիտի յաջողի ձեր սրտին մէջ սիրոյ կայծ մը դնել: Լաւ տպաւորութիւն պիտի ձգէք ձեր շուրջիներուն վրայ:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 դեկտեմբերէն 20 յունուար)
Վիճաբանութիւններէ հեռու մնացէք եւ արկածախնդրութեան մի՛ դիմէք, բախտէ զուրկ շրջան մըն է: Ձեր պարտքերը պիտի կուտակուին, եթէ չսկսիք խնայողութիւն ընել ու անտեղի ծախսերէ խուսափիլ:
ԾՈՎԱՆՈՒՇ (21 յունուարէն 19 փետրուար)
Պիտի ստիպուիք ձեր զգացումներուն մէջ զուսպ ըլլալ ու չարտայայտուիլ: Դէմ յանդիման պիտի գտնուիք իրականութեան մը հետ, որ ժամանակին փորձած են գաղտնի պահել ձեզմէ:
ՁՈՒԿ (20 փետրուարէն 20 մարտ)
Հարցադրումներ պիտի ունենաք ապագայ ձեր գործին առնչութեամբ: Ձեր ներկայութիւնը հաճելի է ձեր շրջապատին մէջ: Ուսման ասպարէզը շարունակելու նոր հետաքրքրութիւն մը պիտի ծնի ձեր մէջ: