Յատուկ Հարցազրոյց` Ազրպէյճանի Խորհրդարանական Վաղուան Ընտրութիւններուն Մասին
Այսօր, «Հայկական աշխարհ»-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ի լուրերէն անմիջապէս ետք, կրնաք ունկնդրել Ազրպէյճանի կիրակի օրուան խորհրդարանական արտահերթ ընտրութիւններուն մասին «Վանայ Ձայն»-ի Ստեփանակերտի աշխատակիցին յատուկ հարցազրոյցը` Արցախի Ազգային ժողովի փոխնախագահ եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Վահրամ Բալայեանի հետ:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին Յակոբ եւ Սիրվարդ Չամիչեան
Տիար Սոլոմոն Չամիչեան
Տէր եւ տիկին Յովիկ եւ Եուլիա Չամիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Սիմոն Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Կարպիս Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Նազօ Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Րաֆֆի Քէշիշեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Հրայր Չամիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Վահէ Չամիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Գրիգոր Չամիչեան եւ զաւակունք
Տէր եւ տիկին Յարութ եւ Լենա Միսիրեան եւ զաւակունք
Տիար Փաուլօ Գազազեան եւ զաւակունք
Չամիչեան եւ Քէշիշեան ընտանիքներ
Միսիրեան եւ Գազազեան ընտանիքներ
Շիրիքճեան եւ Մարկոսեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց զաւակին, եղբօր, հօրեղբօր եւ հարազատին`
ՀՐԱՉ ՅԱԿՈԲ ՉԱՄԻՉԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 6 փետրուար 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր՝ շաբաթ, 8 փետրուար 2020-ին, կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները կ՛ընդունուին շաբաթ, 8 եւ կիրակի, 9 փետրուարին, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 6:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տէր եւ տիկին տոքթ. Միսակ Ալեքսանեան
Տէր եւ տիկին տոքթ. Վիգէն Ալեքսանեան
Տիար տոքթ. Րաֆֆի Ալեքսանեան
Տէր եւ տիկին Վաչէ Ալեքսանեան
Ալեքսանեան եւ Սարգիսեան ընտանիքներ
Հաճընեան եւ Թելաքեան ընտանիքներ
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց քրոջ, հօրաքրոջ եւ հարազատին`
ՎԱՐԴՈՒՀԻ ԱԼԵՔՍԱՆԵԱՆԻ
(1956-2020)
մահը, որ պատահեցաւ, ուրբաթ, 7 փետրուար 2020-ին:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի այսօր` շաբաթ, 8 փետրուարին, կէսօրուան ժամը 12:00-ին, Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ, ուրկէ հանգուցեալին մարմինը պիտի փոխադրուի Պուրճ Համուտի Ազգային գերեզմանատունը:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
Ցաւակցութիւնները պիտի ընդունուին նախքան եւ յետ թաղման արարողութեան, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 7:00, Ազգային առաջնորդարանի «Երջօ Սամուէլեան-Եռագոյն» սրահին մէջ:
ԾԱՆՕԹ.- Փոխան ծաղկեպսակի` նուիրատուութիւնները կատարել Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ:
————————————-
ՄԱՀԱԶԴ
Տիկին Քնար Մխիթարեան եւ դստերք` Անի եւ Հուրի (Սպանիա)
Տէր եւ տիկին Վահէ եւ Կրեթթա Մխիթարեան եւ ընտանիք (Միացեալ Նահանգներ)
Տէր եւ տիկին Գրիգոր եւ Ռոզա Մխիթարեան եւ ընտանիք (Պրազիլ)
Տէր եւ տիկին Անդրանիկ եւ Սեզա Տէմիրճեան եւ ընտանիք
Մխիթարեան եւ Մուղալեան ընտանիքներ
Չամսարեան եւ Կիւլվաննէսեան ընտանիքներ
Տագէսեան եւ Աւագեան ընտանիքներ
Վաննէսեան եւ Հապէշեան ընտանիքներ
Պետրոսեան ընտանիք
եւ համայն ազգականներ կը գուժեն իրենց ամուսնոյն, հօր, եղբօր, հօրեղբօր, մօրեղբօր եւ հարազատին`
ՏՈՔԹ. ԱՆԴՐԱՆԻԿ ՍՏԵՓԱՆ ՄԽԻԹԱՐԵԱՆԻ
(Ծնեալ` Պուրճ Համուտ, 1943-ին)
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 6 փետրուար 2020-ին, Սպանիոյ մէջ:
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Սպանիոյ մէջ:
Ներկայս ընդունիլ իբրեւ մահազդ:
ԾԱՆՕԹ.- Հանգուցեալին հոգւոյն հոգեհանգստեան պաշտօն պիտի կատարուի կիրակի, 9 փետրուար 2020-ին, Նոր Մարաշի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի:
————————————-
Ս. ՍԱՐԳԻՍԻ ԱՆՈՒԱՆԱԿՈՉՈՒԹԻՒՆ
ԵՒ ՄԱՏԱՂՕՐՀՆԷՔ
ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՄԲ`
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅՈՑ ԱՌԱՋՆՈՐԴ
ԳԵՐՇ. Տ. ՆԱՐԵԿ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ
Կիրակի, 9 փետրուար 2020-ին, Ս. Սարգիսի տօնին առիթով, հանդիսաւոր սուրբ պատարագ պիտի մատուցուի եւ ապա մատաղօրհնէք, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով:
Պիտի պատարագէ, յաւուր պատշաճի քարոզէ եւ մատաղօրհնէքը կատարէ`
ԳԵՐՇ. Տ. ԵՓՐԵՄ ԱՐՔ. ԹԱՊԱՔԵԱՆ
Ժամերգութիւն` առաւօտեան ժամը 8:00-ին
Ս. պատարագ` առաւօտեան ժամը 9:30-ին
Քարոզ` առաւօտեան ժամը 10:30-ին
Մատաղի օրհնութիւն` առաւօտեան ժամը 11:00-ին
Սիրով կը հրաւիրենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդը` մասնակցելու սուրբ պատարագին, վերանորոգուելու Ս. Սարգիսի խորհուրդով:
ԹԱՂԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Ս. ՍԱՐԳԻՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
————————————-
ԳՐԱՒՈՒԱԾ ՕՐ
ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆԻ ԳԵՂԱՐՈՒԵՍՏԻ
ԴՊՐՈՑՆԵՐՈՒ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆ