Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ) Ոչ մէկ արգելք պիտի ունենաք ձեր որոշած ծրագիրները յաջողցնելու: Ամէն ինչ լաւ պիտի ընթանայ, եւ ձեր բոլոր որոշումները պիտի կատարուին: ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս) Առիթ մը տուիք ուրիշներու` կատարելու համար լաւագոյնը: Եթէ կացութիւնը յարմար չէ, անիկա ձեր յանցանքն է, ուրիշները մի՛ մեղադրէք: ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս) Ձեր աշխուժութիւնը օրինակելի պիտի ըլլայ ձեր շուրջիններուն...

