ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Դուք առանձին չէք ձեր դիմաց ցցուած հարցերուն մէջ: Պէտք է ընդունիք ուրիշին օգնութիւնը, որպէսզի առանձին չտրտմիք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Ձեր վրայ պիտի վստահին, եւ դուք լրիւ պիտի կատարէք ձեր վրայ դրուած պարտականութիւնը: Ձեզմէ պահանջուածը պիտի կատարէք` առանց տատամսելու:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Օգնութեան պէտք ունիք, առանց վարանելու խնդրեցէք: Ձեզի մտիկ պիտի ընեն եւ ձեր խնդրանքը պիտի կատարեն:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Աշխատանքի մէջ ձեր վեհանձնութիւնը եւ կենսունակութիւնը գնահատելի է: Դուք ամէն ինչ կը կատարէք, եւ ձեզ տկար տեսնել չեն ուզեր:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Գիրքերու ընթերցումով կամ համակարգիչի միջոցով պիտի կարենաք գտնել հիանալի նորութիւններ: Օրը պիտի ըլլայ յաջող:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Անակնկալ հարցի մը դիմաց պիտի կարենաք լուծում մը գտնել: Երբ նախընտրութիւնը ինքզինք պարտադրէ, այլեւս ընելիք չի մնար:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Եթէ կալուածային հարցով մը զբաղած էք, պիտի կարենաք յաջողութեամբ գտնել ձեր փնտռածը: Օրուան նախաձեռնութիւնը յաջող պիտի անցնի:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ժամանակ պիտի գտնէք դուք ձեզ խնամելու: Զանազան աշխատանքներ` մաքրութիւն կամ վարսայարդարում, սիրով պիտի կատարէք:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Եթէ կ՛ուզէք մարզական խաղերով զբաղիլ, օրը շատ յարմար է կատարելու ձեր փափաքը: Նախընտրելի է, որ խումբով կատարէք ձեր մարզանքը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Մանուկները ձեզ պիտի յոգնեցնեն, սակայն սիրով պիտի կատարէք ձեր պարտականութիւնը, ինչ որ մոռցնել պիտի տայ ձեր յոգնութիւնը:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Պիտի վերագտնէք ձեր հարազատները, որոնցմէ հեռու մնացած էիք երկար ատենէ ի վեր: Ձեր ուրախութիւնը անսահման է:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ոչ մէկ բանի կարիքը պիտի ունենաք, եւ ասիկա ձեր երջանկութեան բանալին է: Կարեւորը պարապ ժամերը լեցնելն է: