ԽՈՅ (21 Մարտէն 20 Ապրիլ)
Եթէ ընտանեկան օճախէն հեռացած էք, ձեր ընտանեկան պարագաները շատ պիտի կարօտնան ձեզի: Իրարու հետ կապ պահեցէք:
ՑՈՒԼ (21 Ապրիլէն 21 Մայիս)
Կասկածներով լեցուած ժամանակաշրջանի մը մէջ կ՛ապրիք, ինչ որ ձեզի վախ կը պատճառէ: Այս ընթացքը բնական է, երբ կ՛ուզէք երջանկութիւն ունենալ:
ԵՐԿՈՒՈՐԵԱԿ (22 Մայիսէն 21 Յունիս)
Լաւ քուն մը եւ դրական ու մեծ դասաւորումներ ձեր տան մէջ, ձեզի շատ լաւ եւ ուրախ վիճակի մէջ պիտի ձգեն, եւ մեծ գոհունակութիւն պիտի ունենաք:
ԽԵՑԳԵՏԻՆ (22 Յունիսէն 23 Յուլիս)
Բախտը ձեզ չէ լքած, ան կրնայ տարբեր ձեւերով ձեզի մօտենալ: Արթուն եղէք եւ օգտուեցէք, երբ որ ան մօտենայ ձեզի:
ԱՌԻՒԾ (24 Յուլիսէն 23 Օգոստոս)
Ձեզ պիտի մեղադրեն ձեր անձնասիրութեան համար: Ուրիշներու խրատներուն մտիկ ըրէք առանց ընդդիմութեան:
ԿՈՅՍ (24 Օգոստոսէն 23 Սեպտեմբեր)
Շատ չարաչար մի՛ աշխատիք այսօր, աշխատանքը արդէն բաւարար է: Խնայեցէք ձեր ուժը:
ԿՇԻՌՔ (24 Սեպտեմբերէն 23 Հոկտեմբեր)
Վիպային ժամեր կը նախատեսուին: Պիտի ունենաք գլուխ գլխի ընթրիք մը, որ ուրիշներուն նախանձը պիտի գրգռէ, ոեւէ մէկու ականջ մի կախէք:
ԿԱՐԻՃ (24 Հոկտեմբերէն 23 Նոյեմբեր)
Ձեր ապագան անորոշ վիճակի մէջ է, բայց կը հաւատաք ձեր բախտի աստղին, ինչ որ ձեր իրաւունքն է:
ԱՂԵՂՆԱՒՈՐ (24 Նոյեմբերէն 21 Դեկտեմբեր)
Գիւղին օդը պիտի արթնցնէ քաղաքի բնակիչներուն հետաքրքրութիւնը: Ձեր կարգին պիտի կարենաք վայելել գիւղին օդը:
ԱՅԾԵՂՋԻՒՐ (22 Դեկտեմբերէն 20 Յունուար)
Ուշադիր եցէք ձեր ծախսերուն: Անիմաստ գնումներ մի՛ կատարէք, որովհետեւ անոնց կարիքը չունիք:
ԾՈՎԱՆՈՅՇ (21 Յունուարէն 19 Փետրուար)
Դուք ձեզի համար լաւ կերպարանք մը կ՛ուզէք ունենալ: Դիմագիծի եւ վարսայարդարի փոփոխութիւն մը ձեզ պիտի գեղեցկացնէ:
ՁՈՒԿ (20 Փետրուարէն 20 Մարտ)
Ձեզի պիտի առաջարկուի ձեր առօրեայէն տարբեր գործելակերպ մը, ինչ որ ձեզ պիտի ուրախացնէ, եւ սիրով պիտի կատարէք:
